«Սերոբ Աղբիւր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (5) using AWB
Չ clean up, replaced: էր: → էր։ (8), վրայ: → վրայ։ (3) using AWB
Տող 3.
 
== Կենսագրութիւն ==
Սերոբ Աղբիւր [[Տարօն]]ի ԱԱխլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն էր:էր։ Կրտսերն էր չորս եղբայրներու: Մեծ եղբայրը՝ Մխօ գիւղապետն էր:էր։ Սոխորդի մէջ ուսման հնարաւորութիւն չըլլալուն պատճառով, Սերոբ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուց է ձիավարութեամբ եւ որսորդութեամբ՝ [[Նեմրութ Լեռ|Նեմրութ լերան]] լանջերուն թէ բարձունքներուն:
 
Սերոբի կազմաւորման մէջ բախտորոշ դեր ունեցած է իր Առաքել հօրեղբայրը: Առաքել երկար տարիներ Պոլիս ապրելէ եւ ուսանելէ ետք՝ [[1885]]-ին, Սոխորդ վերադարձած էր:էր։ 21-ամեայ Սերոբը փարած իր հօրեղբօր բերած գաղափարներուն կը սորվի գրել-կարդալ ու ինքնազարգացման ճամբով կը բացուի հայ հոգեմտաւոր [[Ժառանգութիւն|ժառանգութեան]]: Այս բորոլը դրական դեր ունեցան Ախլաթի հայութեան կեանքէն ներս (առաւելաբար քիւրտերով եւ չերքէզներով շրջապատուած, բայց իր 35 գիւղերով զուտ հայաբնակ շրջան էր Ախլաթը):
 
Կանուխ տարիքէն բախում ունեցած է քիւրտերու հետ, սպաննելով անոնցմէ մէկը ու անցած արտասահման: [[Հրայր դժոխք|Հրայր Դժոխքին]] [[Ռումանիա|Ռումանիոյ]] մէջ հանդիպելէ ետք, որոշած է վերադառնալ [[Արեւմտեան Հայաստան]] եւ զբաղիլ իր հայրենիքի պաշտպանութեամբ: [[Հայաստան]] մտնելու պահուն հանդիպած է թշնամիին ջոկատին եւ յաջողած է իր խումբով ետ մղել զանոնք:
Տող 13.
Շնորհիւ Սերոբի, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ամէնէն քիչ ջարդերը տեղի ունեցած են Ախլաթ գաւառին մէջ, որու համար ալ ժողովուրդը անոր կու տայ '''Աղբիւր''' անունը: Իր կատարած քաջագործութիւններուն համար կոչուած է նաեւ «[[Նեմրութ]]ի հսկայ» կամ «Նեմրութի ասլան» (Տարօնի Առիւծ)<ref>[http://www.anunner.com/name/biography/ԱՂԲՅՈՒՐ_ՍԵՐՈԲ?lang=en "Ով ով է. Հայեր", կենս. հանրագիտ., հատոր Ա., Երեւան, 2005]</ref>:
 
Բաբշէնի մարտերէն ետք, Սերոբ Աղբիւրի համար թուրքերը մեծ գլխագին խոստացած են եւ սկսած են յարձակիլ անմեղ գիւղացիներու վրայ:վրայ։ Այդ պատճառով ալ, Սերոբ իր ընտանիքին հետ կ՛անցնի [[Սասուն]] եւ կը գլխաւորէ այնպիսի ֆետայիներ, որոնցմէ էին [[Անդրանիկ Օզանեան]]ն ու [[Գէորգ Չաւուշ]]ը:
 
== Երիտասարդութիւն ==
Սերոբ ամուսնացած է 17 տարեկանին՝ [[Սօսէ Մայրիկ]]ին հետ: Սօսէն այդ ժամանակ 13 տարեկան էր:էր։ Ամուսնութիւնը երբեք չի խոչընդոտեր անոր անսանձ, ըմբոստ խառնուածքը՝ ժամանակի զգալի մասը կ'անցընէ Նեմրութի լանջերուն, մանաւանդ որ կինը՝ Սօսէն, նոյնպէս իր ըմբոստ բնաւորութեամբ, համերաշխ զոյգ մը կը կազմէին:
 
== Արտասահմանի մէջ ==
Տող 30.
Ախլաթի շրջանի ժողովուրդը ինքնապաշտպանութեան կոչելով ՝ Սերոբ կ'ըսէր.
{{քաղվածք|Տղաք, առանց հացի մնացէ՛ք, առանց զէնքի մի՛ մնաք:|Սերոբ Աղբիւր}}
1895-ի դաժան օրերուն, երբ ողջ հայութեան գլխուն ծառացած էր [[Համիտեան Ջարդեր|համիտեան ջարդարար]] սուրը, Սերոբ մարտական խումբով կը հասնի Ախլաթ եւ անմիջապէս կը յայտնուի մարտերու հնոցին մէջ։ Թշնամիին ուշադրութիւնը առաւելապէս կեդրոնացած էր Սոխորդ գիւղի վրայ, որ շնորհիւ աշխարհագրական ամուր դիրքին, քաջակորով զաւակներուն եւ յատկապէս Խչէենց անուանի գերդաստանի՝ Ախլաթի ինքնապաշտպանութեան ոգին էր:էր։ Սերոբ հայրենի շրջանը կոտորածէ փրկելու, ժողովուրդը ոգեկոչելու եւ մարտական ինքնապաշտպանական խումբեր ստեղծելու նպատակով, զինակիցներ կ'ուղարկէ թշնամիին կողմէ սպասուող յարձակման առաւել վտանգաւոր ուղղութիւններ, իսկ ինք տասը ֆետայիներով կը մնայ Սոխորդի մէջ։ «Բոլոր գիւղերուն մէջ, Սերոբի հայդուկներուն շուրջ կը համախմբուի տեղական, երիտասարդութիւնը, իսկ ինք՝ Սերոբ, քանի մը ընկերներու հետ կը շրջէր գիւղէ - գիւղ՝ հսկելու ապահովութեան վրայ»:
 
Սերոբի զինուորները, քաջածանօթ ըլլալով գաւառին, կը կարողանան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ գիւղերուն մէջ կազմակերպել մարտունակ ինքնապաշտպանական խումբեր: [[Բաղէշ]]ի կոտորածէն քանի մը օր անց, թուրք զինուորներու աջակցութեամբ, հասնանցի քիւրտերն ու [[Տիարպեքիր]]ի չերքէզները կը յարձակին Սոխորդի վրայ:վրայ։ Սերոբ կը սանձէ շրջակայ քիւրտերու եւ չերքէզներու ալան¬թալանի նկրտումները եւ գիւղացիներու կազմած մարտական խումբով դիրքեր կը գրաւէ գերեզմանոցի մօտակայքը, իսկ ինք ֆետայիներով կը շրջի գիւղէ գիւղ, գետով բաժնուող ձորերուն մէջ, որպէսզի վճռական պահուն թիկունքէն հարուածէ թշնամին: Քիւրտերը հայերու նախապատրաստութենէն անտեղեակ, համարձակօրէն անցնելով ձորն ու գերեզմանոցը՝ կը մօտենան Սոխորդցիներու դիրքերուն:
Կը սկսի մարտը, 600 զինուած քիւրտերու եւ չերքէզներու գերակշռութիւնն ակնյայտ էր:էր։ Գիւղացիներու մարտական խումբը փոքր դիմադրութենէ ետք, կը սկսի նահանջել, եւ այդ վճռական պահուն, թշնամիին թիկունքէն կը հարուածէ Սերոբի խումբը: «Ու Սերոբ կ'ընտրէ վճռական անձնազոհութիւնը: Իրեն հետ եղող տասը մարտիկներով կատաղի յարձակում կը գործէ թշնամիին վրայ, դիակներ կ'իյնան եւ խուճապ կ'առաջանայ»: Ոգեւորուած ֆետայիներու գրոհէն՝ գիւղացիները համարձակօրէն կը նետուին թշնամիին վրայ:վրայ։ Անակնկալի եկած քիւրտերը՝ մարտադաշտին մէջ կը ձգեն սպանուածները եւ քառասուն գերի ու խուճապահար կը փախչին: Հետաքրքական է, երբ գաւառապետի միջնորդութեամբ գերուածները ազատ կ'արձակուին, անոնք չհաւատալով, որ հայերը ընդունակ են նման յանդգնութեան, գաւառապետին կ'ըսեն.
 
{{քաղվածք|Էֆենտիմ, այս կեաւուրները չէին որ մեզ յաղթեցին, այլ Մոսկոֆին կեաւուրները բռնեցին մեր ետեւէն եւ երկինքէն կրակ թափեցին մեր վրայ, մեր գնդակները անոնց չէին հասներ, իսկ անոնցները մեզմէ մարդ չձգեցին վար գլորեցին|}}:
Տող 43.
 
== Նեմրութի Ասլանը ==
1887-ի [[27 Փետրուար|Փետրուար 27]]-ին, թուրքերը կը գտնեն Սերոբ Աղբիւրի հետքերը: Մեծ հայդուկն այդ ժամանակ Թեղուտ գիւղի մէջ էր:էր։ Սերոբ այնպէս մը կ'ընէ, որ թշնամին ուշադրութիւն դարձնէ իր վրայ եւ կը վերցէ իր դահոյկներն ու ճամբայ կը բռնէ դէպի Նեմրութ: Թշնամին կը սկսի հետապնդել, բայց [[ձիւն]]ը կը խանգարէ զանոնք եւ անոնք կը մխրճուին ձիւնին մէջ եւ չեն կրնար յառաջանալ:
 
Սերոբ երկու օր կը մնայ Նեմրութի տաք աղբիւրներուն մօտ, որմէ ետք կ'երթայ [[Դատվան գիւղ]]: Բոլորը կը կարծէին, թէ Սերոբ մահացած է: Ժողովուրդը հայդուկը տեսնելով զինք կը կոչեն «Նեմրութի Ասլան»:
Տող 76.
Մեծ հայդուկին մահէն ետք, Անդրանիկն ու Գէորգ Չաուշը հետամուտ կ'ըլլան, որ բոլոր դաւաճանները կրեն իրենց արժանի պատիժը: Առաջին հերթին, կ'որոշեն պատժել դաւաճան ռես Աւէն, որ թունաւորած էր Սերոբը: Երբ վերջնականապէս կը ստուգեն Աւէի դաւաճանութիւնը 1900-ի Ապրիլ ամսուն Գէորգ Չաուշ շէնիկցի Մանուկի եւ Ղազարի հետ կը մտնեն Աւէին տունը եւ անկէ կ'իմանան բոլոր դաւաճաններուն անունները, որմէ ետք բոլորն ալ մէկ առ մէկ կը սպաննեն:
 
[[1900]]-ի Նոյեմբերին, [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկի]], Գէորգ Չաուշի, Մակարի եւ Գալէի հետ 25 հայդուկներ Մառիկի կիրճին մէջ դարան կը մտնեն, ուրկէ պէտք էր անցներ Խալիլ պէյը: Ան իր 40 զինուած հեծեալներուն հետ էր:էր։ Երբ հեծեալները բաւական կը մօտենան, հայդուկները կրակ կը բանան: Բազմաթիւ թշնամիներ կը զոհուին: Կը սատկի Խալիլի [[ձի]]ն: Խալիլը կը խուզարկեն եւ կը յայտնաբերեն 13 հայ դաւաճաններու անուններ: Անկէ ետք, Խալիլի գլուխը կը կտրեն:<ref name="Indz_bah_tveq_4">Ս. Կ. Պօղոսեան, Կ. Ս. Պօղօսեան «Ինձ բահ տուէք...», էջ 195-198"</ref>
 
== Սերոբ Աղբիւրը Արուեստի Գործերուն Մէջ ==