«Ստեփան Էքշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Չ →‎Թատերական Գործունէութիւն: clean up, replaced: էր: → էր։ (2), վրայ: → վրայ։ using AWB
Տող 42.
[[Կ.Պոլիս|Պոլիս]] վերադառնալէ ետք, [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմանեան կայսրութեան]] մէջ կը վարէ պետական թարգմանիչի պաշտօն: Միաժամանակ, [[Միջագիւղ]]ի մէջ մաս կը կազմէ [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան|Մ. Պէշիկթաշլեանի]] ներկայացումներու խումբին, որ Բերայի մէջ ալ ներկայացում մը կը բեմականացնէ: Ան նաեւ կը մասնակցի [[Խասգիւղ]]ի մէջ տեղի ունեցած ներկայացումներուն: Էքշեան մեծ համբաւ կ՛ունենայ Միջագիւղի մէջ:
 
1856-ին [[Սրապիոն Հէքիմեան|Ս.Հէքիմեանի]] եւ Մաղաքեանի հետ միասին կը կազմէ թատերախումբ մը, որ նաեւ ներկայացումներ կ՛ունենայ Բերայի [[Նաումի Բեմ|Նաումի բեմին]] վրայ:վրայ։ Այս խումբը ամառնային շրջանը կ՛անցընէր [[Գատըգիւղ]]ի Մէօհրիւտարի զբօսարանին մէջ, ուր առաջին անգամ բեմ կ՛ելլէ Էքշեանի քենին՝ Աղաւնի Խամսեան-Ճէզիրեանը՝ ծանօթ Ֆաննի կեղծանունով:
 
Էքշեան 1858-59-ի թատերական շրջանը Բերայի մէջ կ՛անցընէ Սրապիոն Հէքիմեանի հետ: 1858-ին, Հէքիմեանի խումբը [[Թէաթրը Ֆրանս]]ի մէջ երկու ներկայացում կը բեմականացնէ. «Նեղսիրտ բարեգործը» եւ «Ամօթխածութեան Վարձատրութիւնը»։ Երկու ներկայացումները կ՛արժանանան բարձր գնահատանքի: Այս ներկայացումներուն կը մասնկացին Էքշեան եւ [[Աղաւնի Գէորգեան]]: 1860-ին, Ս. Էքշեան գլխաւոր դերակատարը կ՛ըլլայ Հէքիմեանի խումբին բեմադրած Մոնթիի «Արիստոդէմ» ողբերգութեան, որ կը կատարուի [[Հայերէն]] [[գրաբար]] լեզուով:
Տող 48.
[[Պոլիս|Պոլսոյ]] մէջ թատերական լաւագոյն դերասանները թատերական խումբ մը կը կազմեն, որուն մէջ գլխաւոր դերասաններէն մէկը կ՛ըլլայ Էքշեան:
 
Ան դերասանի իր մեծ համբաւը հիւսեց [[Արեւելեան Թատրոն|Արեւելեան թատրոնին]] մէջ։ Արեւելեան թատերաշրջանի երկրորդ սկիզբը իր համբաւի գագաթնակէտն էր:էր։ Այս շրջանին, թատերական վարչութեան եւ դերասանախումին մէջ երկպառակութիւն մը կ՛ըսկսի. դերասանները իրենց ամսականները չէին ստացած, եւ այդ պատճառով վարչութեան կը մեղադրէին: Այս բոլորը պատճառ դարձաւ որ Էքշեան դադրի իր դերասանական ներկայացումներէն:
 
Այս բոլորէն ետք, 1863-ին, [[Իզմիր]]էն [[Սարգիս Վանանդեցի]]էն հրաւէր ընդունելով, կրցաւ իր շուրջ համախմբել դերասաններուն մեծ մասը ու մեկնիլ [[Զմիւռնիա]]: Խումբը կը բաղկանար հետեւեալ անձերէն. Էքշեան, Պէնկլեան, Մնակեան, Աճէմեան, ֆասուլեաճեան, Թրեանց, Այտընեան, Չերազի, Ռ. Սետեֆճեան, Մէրասեէտեան, Արուսեակ, քոյրը՝ Աղաւնի եւ Պայծառ:
Տող 58.
Բեմէն հեռանալէ ետք, ամէն անգամ որ իր դերակատարութիւնը խնդրած են՝ բարեսիրական ձեռնարկի մը համար, սիրահօժար իր մասնակցութիւնը բերած է:
 
Էքշեանի դերերը ընդհանրապէս մարդկային հոգիի չափազանցութեան ներկայացումն էր, եւ ինք շատ լաւ կը կատարէր այդ մէկը, զայն բնականի վերածելով: Ան կը յաջողէր սրտի փոթորիկներու, կիրքերու, անպարփակելի սիրոյ եւ վիշտի արտայայտութիւնները բնական տեսարաններով կատարել: Էքշեան դիւցազներգակ էր, եւ միակ թրքահայ դերասան էր, որ մինչեւ վերջ միեւնոյն սեռին մէջ մնացած էր:էր։ Իր ներկայացուցած գլխաւոր դէմքերէն են՝ Ռոպէրթ աւազակապետը, Արիստոդէմ, Անճէլօ Մալիբիէրի, Հայկ դուցազն, Վրադան Մամիկոնեան, Լեւոն Զ., Սանատրուկ, եւ այլն:
 
== Թարգմանական Գործունէութիւն ==