«Վիքթոր Հիւկօ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աղբիւրներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (5) using AWB
Չ clean up, replaced: էր: → էր։ (2), վրայ: → վրայ։ , մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Տող 13.
=== Պատանեկութիւնը եւ գրական գործունէութեան սկիզբը ===
[[Պատկեր:Sophie Trébuchet.jpg|մինի|Հիւկոյի Մայրը]]
[[1814]]-[[1818]] Հիւկօ կ’ուսանի Լիւտովիկոս Մեծ վարժարանին մէջ:մէջ։ 14 տարեկանին ան կը սկսի իր գրական գործունէութիւնը: Կը գրէ իր չտպագրուած ողբերգութիւնները՝ «Athelie ou les scandinaves» եւ մօրը նուիրուած «Yrtatine» ողբերգութիւնները եւ «Louis de Castro» թատերախաղը: 15 տարեկանին Ակադեմիոյ մրցոյթին կ’արժանանայ պատուաւոր մեկնաբանութեան «Les avantages des études» բանաստեղծութեան համար, իսկ [[1819]] -ին «Jeux Floraux» մրցոյթին «Vierges de Verdun» եւ «Rétablissement de la statue de Henri III» բանաստեղծութիւններուն համար կը ստանայ երկու մրցանակ:
[[1822]] Հոկտեմբերին Հիւկօ կ’ամուսնանայ [[Ատել Ֆուսէ]]ի հետ ([[1803]] - [[1868]]): Անոնք կ’ունենան հինգ զաւակ՝
Տող 36.
Արդէն [[1828]]-ին ան կը բեմադրէ իր առաջին թատերախաղերէն մէկը՝ «Էմի Ղոպսաղը» (Amy Robsart): [[1829]]-ին կը ստեղծուի «Էղնանի» (Hernani) թատերախաղը (առաջին բեմադրութիւնը 1830-ին), որ հին եւ նոր արուեստի ներկայացուցիչերուն միջեւ գրական վէճերու առիթ կը դառնայ: Նոր արուեստի հաւատարիմ պաշտպանը կը դառնայ Թէոֆիլ Կոթյէն, որ ներշնչուած ընդունած էր այս ստեղծագործութիւնը: Այս վէճերը գրականութեան պատմութեան մէջ յայտնի են «ճակատամարտ «Էղնանիի» համար» անուան տակ:
[[1841]]-ին, Հիւկօ կ’ընդունուի Ֆրանսական ակադեմիա, իսկ [[1845]]-ին կը ստանայ աւագ իշխանի պաշտօն (pair de France): [[1848]]-ին ընտրուած է Ազգային ժողովին մէջ:մէջ։ Հիւկօ [[1851]]-ին պետական յեղաշրջման հակառակորդ էր:էր։ Երբ Նափոլէոն Երրորդ իշխանության գլուխը կ’անցնի, Հիւկօ կ’արտաքսուի: [[1870]]-ին կը վերադառնայ Ֆրանսա, իսկ [[1876]]-ին կ’ընտրուի սենաթոր:
=== Կեանքին վերջին տարիները ===
Տող 43.
== Ստեղծագործութիւններ ==
Հիւկոյի առաջին ստեղծագործութիւնները իրեն յաջողութիւն եւ յայտնութիւն կը բերեն իր կեանքի առաջին տարիներուն: Իր առաջին բանաստեղծական ժողովածուն՝ «Գովքեր եւ զանազան բանաստեղծութիւններ» (Odes et poésies diverses), տպագրուած է 1822-ին, երբ Հիւկօ 20 տարեկան էր:էր։ Լիւտովիկոս ժը. թագաւորը գրողին տարեկան գումար մը կը տրամադրէր: 1826-ին լոյս կը տեսնէ «Գովքեր Եւ Պալլատներ» ժողովածուն:
Վիքթոր Հիւկոյի առաջին հասուն ստեղծագործութիւնը «Մահապատիժի Դատապարտեալին Վերջին Օրը» ( Le Dernier Jour d’un condamné) երկն է, որ գրուած է 1829-ին: Այս ստեղծագործութիւնը մեծ ազդեցություն ձգած է Չարլզ Տիքընզի եւ Տոսդոեվսկիի վրայ:վրայ։ «Քլոտ Կէօ» (Claude Gueux)-ն կարճ, իրական հիմք ունեցող վաուերագրական պատմութիւն է մարդասպանի մը մասին, որ [[Ֆրանսա]]յի մէջ մահապատիժի ենթարկուած է: Անիկա լոյս տեսած է [[1834]]-ին: Սակայն Հիւկոյի առաջին լիարժէք վէպը կը համարուի «Փարիզի Աստուածամօր Տաճարը» (Notre-Dame de Paris), որ տպագրուած է 1831-ին եւ թարգամանուած է շարք մը լեզուներու:
== Բանաստեղծութիւններ ==