«Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ clean up, replaced: վրայ: → վրայ։ , մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
 
Տող 13.
Միւս կողմէն, փիլիսոփայութեան մէջ կայ կարեւոր համախմբող սկզբունք մը՝ ցանկացած փիլիսոփայական դատողութիւն, որքան ալ անսպասելի ըլլան անոր հետեւանքները, կը կառուցուի [[բանական եղանակ]]ով` [[իմաստ]]աւորուած, որոշակի մտածողական սկզբունքներուն, օրինակ` [[տրամաբանութիւն|տրամաբանութեանը]], համապատասխան: Դատողութեան բանականութիւնը կը տարբերի փիլիսոփայական [[մտածողութիւն]]ը [[դիցաբանութիւն|դիցաբանական]] եւ [[կրօն]]ական մտածողութենէն, որոնք կ’ենթադրեն [[բնապաշտութիւն]]ն ու [[գերբնական]]ը, այսինքն՝ [[անբանական]]ը: Այնուհետեւ այս չի նշանակէր, որ փիլիսոփայութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ օրինակ կրօնի հետ զուգահեռ: Ընդհակառակը՝ տարածուած են այնպիսի իրադրութիւններ, որ երբ որեւէ կրօն ընդունուած է իբրէւ փիլիսոփայական համակարգի նախադրեալ, եւ փիլիսոփայական բանական գաղափարախօսութիւնը կիրառուած է գիտութեան այն ոլորտներուն զարգացման մէջ, որոնք չէին նախատեսուիր որեւէ կրօնական [[կանոնադրութիւն|կանոնադրութեամբ]]: Օրինակ՝ հին [[Հնդկաստան|հնդկական]] փիլիսոփայութիւնը մեկնաբանած է Վետաները, իսկ միջնադարեան [[Եւրոպա]]կան փիլիսոփաները մեկնաբանեցին [[Աստուածաշունչ]]ը: Տարածուած են նաեւ այն դէպքերը, երբ փիլիսոփայական մտածողութիւնը կիրառուած է որեւէ կրօնի արդարութիւնը, կամ աւելի ընդհանրացուած՝ ապացուցած Աստուծոյ գոյութիւնը: Օրինակ՝ [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] ջատագովները կը փորձէին բանական կերպով հիմնաւորել այս կրօնը:
 
Տրամաբանութենէն զատ՝ փիլիսոփայական մտածողութեան եւս մէկ վարուելաձեւ կ’ապահովէ անոր ամբողջականութիւնը: Փիլիսոփայական ցանկացած նոր ուղղութիւն, ցանկացած նոր գաղափար կամ փիլիսոփայական դպրոց իրեն կը համեմատէ իրեն նախորդող փիլիսոփայական համակարգերուն, ներկայացնելով անոնց քննադատական վերլուծութիւն՝ իր նոր համակարգի սահմաններուն մէջ:մէջ։ Օրինակ՝ [[Իմանուէլ Քանթ]]ի յայտնի աշխատութիւնը՝ «[[Զուտ Բանականութեան Քննադատութիւն]]»-ը, կը պարունակէ բանապաշտութեան ու փորձարապաշտութեան քննադատական վերլուծութիւնը: Այս ձեւով՝ տրամաբանութիւնն ու քննադատական վերլուծութիւնը կը հանդիսանան փիլիսոփայական մտածողութեան հիմքն ու կ’ապահովեն անոր ամբողջականութիւնը:
Անոր հետ միասին փիլիսոփայութեան հասկացութեան աղօտութիւնը կը հանդիսանայ անոր բնորոշ գիծը եւ կ’առանձնացնէ այն գիտութիւններէն: Եթէ փիլիսոփաներուն կը յաջողի նոր արդիւնաւէտ իմացութեան մէթոտաբանութեան մշակման շնորհիւ առաջընթաց ապրիլ, ապա այդ ոլորտը կ’առանձնացուի փիլիսոփայութենէն եւ կը դառնայ ինքնուրոյն գիտական ճիւղ: Այդպէս, իմացութեան գիտական մէթոտաբանութեան յաջողակ կիրառումը տարբեր կարգերու բնական առարկաներուն փիլիսոփայութենէն վերջնականապէս առանձնացուց բնական փիլիսոփայութեան ճիւղը, որը յետագային բաժնուեցաւ շարք մը [[Բնագիտութիւն|բնական գիտութիւններ]]ու: Օրինակ [[Իսահակ Նեւտոն]] գրած է իր յայտնի հիմնային աշխատանքը՝ «[[Բնական Փիլիսոփայութեան Թուաբանական Սկզբունքները]]», ըլլալով [[փիլիսոփայ]]` իր սեփական պատկերացմամբ, իսկ ներկայ ժամանակին ան յայտնի է որպէս բնագէտ (physicist) ու մաթեմաթիքոս: Անգլալեզու ամբողջ գիտութիւնը առ այսօր կը պահպանէ փիլիսոփայութեան հետ իր ունեցած «բարեկամական» կապի հետքեր, օրինակ՝ անոր մէջ, որ անոր բոլոր ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն գիտական աստիճանը կը կրէ «[[Փիլիսոփայութեան Տոքթոր]]» անուանումը ([[անգլերէն]]՝ PhD):
Տող 32.
[[Հաւաքաբանութիւն|Հաւաքաբաններու]] ճիշտ կիրառումը կը բանայ ապացուցական դատողութիւններու ճանապարհը փիլիսոփայութեան, թուաբանութեան, բնական գիտութիւններու կամ մտածելակերպի ձեւաւորման մէջ:
Իր թուացեալ դիւրութեան հետ մէկտեղ, հաւաքաբանութեան տարանջատումը մարդկային սովորական խօսքէն տեղի ունեցած է ոչ մէկ անգամէն եւ ոչ ամէնուր: Անոնց տարանջատումը, որպէս ապացոյցի տեսակի, խթանուած է փիլիսոփայութեան եւ թուաբանութեան կապակցումէն, որ տարածուած էր Հին [[Յունաստան]]ի մէջ:մէջ։ Հաւաքաբանութեան եւ տրամաբանական պարզագոյն համակարգի հասկացողութեան առաջին պաշտօնական շարադրանքը կը պատկանի [[Արիստոտել]]ին: Անոր տրամաբանութիւնը կը մնար անփոփոխ շուրջ 2 հազար տարի, մինչեւ XX դարու սկիզբը, երբ թուաբանութեան եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]] հետազօտութիւնները ճանապարհ հարթեցին տրամաբանութեան զարգացման համար: Ձեւաւորուեցաւ «Առաջին Կարգի Տրամաբանութիւն» կամ «Բրետիքատներու Տրամաբանութիւն», որ ներկայիս լաւ ուսումնասիրուած է: Սակայն, կը պարզուի, որ փիլիսոփայութեան պնդումներու, առաւել եւս մարդկային բնական ամբողջական խօսքի վերլուծութեան համար անհրաժեշտ է աւելի բարձր դասերու տրամաբանութիւններու ու մարդկանց տրամաբանութեան, մասնաւորապէս՝ երկրորդ կարգի տրամաբանութեան կիրառումը: Բացի այդ, պաշտօնական նշանային լեզուի ու մարդկային բնական լեզուի փոխկապակցուածութիւնը կը հետազօտէ տրամաբանական [[իմաստաբանութիւն]]ը: Այս գաղափարները՝ աւելի բարձր դասերու բարոյական տրամաբանութեան հետ միասին կը շարունակեն մնալ աշխոյժ միջգաղափարային հետազօտութիւններու ոլորտ: Ժամանակակից տրամաբանութիւնը կազմուած է արդիական, խոր թուաբանական համակարգերէ, որոնք կ’ուսումնասիրուին [[փիլիսոփայ|փիլիսոփա]]ներու, [[թուաբան]]ներու, [[լեզուաբան]]ներու, վերջերս նաեւ՝ [[ծրագրաւորող]]ներու եւ լուծման տեսութեան եւ արհեստական բանականութեան ոլորտի մասնագէտներու կողմէ: Այդպէս՝ տրամաբանութիւնը կը հանդիսանայ ինչպէս ամենահին, այդպէս ալ ամենաժամանակակից գաղափարը:
 
== Կամքը Փիլիսոփայութեան Տեսանկիւնէն ==
Կամքը կը քննարկուի՝ շաղկապուելով [[Նպատակայնութիւն|նպատակայնութեան]], [[Ազատութիւն|ազատութեան]] եւ անհրաժեշտութեան հիմնահարցերուն: Գաղափարականութիւնը կը դիտարկէ կամքը՝ իբրեւ արտաքին ազդեցութիւններէն ու հանգամանքներէն անկախ եւ առարկայական անհրաժեշտութեան հետ չկապակցուած [[յատկանիշ]], որ կ’արտայայտէ մարդու գործողութիւններով ու արարքներով՝ որպէս ազատութեան դրսեւորում: Ըստ [[նիւթապաշտութիւն|նիւթապաշտութեան]], կամային գործունէութեան սկզբնաղբիւրը միշտ ալ կը մնայ առարկայական աշխարհը, մարդու առարկայանական գործունէութիւնը, որ ուղղուած է աշխարհի վերափոխմանը եւ հիմնուած է բնութեան առարկայական օրէնքներու վրայ:վրայ։ Նիւթի ներքին պայմաններու (պահանջմունքներ, [[հետաքրքրութիւն]]ներ, [[ցանկութիւն]]ներ, գիտելիքներ եւ այլն) անդրադարձած առարկայական աշխարհը անոր համար հնարաւորութիւն կը ստեղծէ տարբեր նպատակներ գոյացնելու, որոշումներ կայացնելու, վարուելու այս կամ այն կերպով: Նիւթապաշտութիւնը դրոյթներով ազատ է ոչ թէ կամքը, որ կ’ընտրէ՝ առաջնորդուելով միայն նիւթական ցանկութիւններով, այլ այն կամքը, որ կ’ընտրէ՝ համապատասխանելով առարկայական անհրաժեշտութեան:
 
Կային [[փիլիսոփայ|փիլիսոփա]]ներ ([[Սփինոզա]]), որոնք ընդհանրապէս կը ժխտէին կամքի ազատութիւնը՝ բացարձականացնելով անհրաժեշտութիւնը եւ մերժելով [[պատահականութիւն]]ը: Իսկ որոշ փիլիսոփաներ կը դիտարկէին կամքը՝ որպէս կոյր, ոչ բանական եւ չգիտակցուող ուժ, որ առկայ է ոչ միայն շնչաւոր արարածներու, այլեւ ողջ բնութեան մէջ եւ ամբողջ գոյի [[Բնազանցութիւն|բնազանցական]] (metaphysical) հիմնաւորումն ու սկիզբն է: Կամքի այսպիսի բնութագիրը ընդհանրութիւններ ունի [[Քանթ]]ի «իրը` ինքն իր մէջէ հասկացութեան հետ»: