«Քաղցկեղ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աղբիւրներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (3) using AWB
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Տող 1.
'''Քաղցկեղը''' մարմինի հիւսկէններու բջիջներուն անկանոն, արագընթաց, անհակակշռելի բազմացման, աճման եւ զարգացման [[հիւանդութիւն]]ն է<ref>[http://www.who.int/mediacentre/factsheets/fs297/en/ Cancer {{ref-en}}]</ref><ref>[http://www.cancer.gov/about-cancer/what-is-cancer What Is Cancer?{{ref-en}}]</ref>, որ կը յառաջացնէ անբնական եւ ախտային ուռեր: Քաղցկեղը կրնայ յառաջանալ մարմինի որեւէ մէկ հիւսկէնի կամ օրկանի մէջ:մէջ։ Ան կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, առանց խտրութեան մարդոց՝ գոյնին, տարիքին, [[սեռ]]ին, ցեղային եւ ընկերային պատկանելիութեան ու տնտեսական իրավիճակին: Հիփփոկրատ, բժշկութեան նախահայրը, որ ապրած է քրիստոսէ առաջ (460-370) յիշած է եւ նկարագրած է իր գրութիւններուն մէջ զանազան տեսակի ուռեր եւ քաղցկեղի պարագաներ: Ան արձանագրած է carcinos յունարէն բառը, որ կը նշանակէ խեցգետին (crab) կամ ծովախեցգետին (crabfish): Celsus քրիստոսէ ետք (25-40) թարգմանած է carcinos բառը լատիներէնէն cancer բառով: Galen երկրորդ դարէն ետք լաւորակ (benign) ուռերը կոչած է encos բառով, որ լատիներէն ուռեցք կը նշանակէ: Իսկ վատորակ (malignant) ուռերը ան կոչած է carcinoma: 1600 տարիներ առաջ Եգիպտոսի մէջ նկարագրուած է քաղցկեղը եւ անոր վիրահատումը:
 
== Յաւելեալ ==
Տող 29.
Քաղցկեղի անուանակոչումը հիմնուած է անոր սկզբնական տեսակէն: Քաղցկեղներու մեծամասնութիւնը, մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը, կը կոչուին Carcinoma, որ կը ծագի մարմինի բազմաթիւ օրկաններու մակերեսային բջիջներէն:
 
Sarcoma կոչուած քաղցկեղները հազուագիւտ են եւ անոնք կը ծագին ընդհանրապէս [[մկաններ]]ու, [[ոսկոր]]ներու, կռճիկներու եւ թելաւոր հիւսկէններու մէջ:մէջ։ Սպիտակարիւնութիւնը (leukemia) կը զարգանայ արիւնաստեղծ բջիջներէ, իսկ աւշային ուռը (lymphoma) կը զարգանայ աւշագեղձերու մէջ:
 
== Ուռերու Յատկութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քաղցկեղ» էջէն