«Օտրի Հեփպըրն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: վախճանի → մահուան using AWB
Չ clean up, replaced: էր: → էր։ (2), մէջ: → մէջ։ (9) using AWB
Տող 31.
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[Պելճիքա]]ի մէջ` Օտրի Քեթլին Ռասթըն անուամբ, յետագային իր հայրիկի կողմէն վերագրանցուած է որպէս Օտրի Քեթլին Հեփպըրն-Ռասթըն: Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Հոլանատայի մէջ:մէջ։ Ապրած եւ գործած է [[ԱՄՆ]]-ի մէջ, [[Ֆրանսա]]յի մէջ, [[Մեծ Բրիտանիա|Մեծ Բրիտանիոյ]] եւ այլ երկրներու մէջ, իր փայլուն գործունէութեան արդիւնքով դառնալով բոլոր ժամանակներու ամենաերանելի աստղերէն մէկը եւ որպէս տեսաժապաւէնի գեր-աստղ, եւ որպէս նորաձեւութեան աշխարհի դիցուհի, ինչպէս նաեւ որպէս ԵՈՒՆԻՍԵՖ կազմակերպութեան բարի կամքի դեսպան:
 
Մանկութեան տարիներուն սորուած է [[Լոնտոն]]ի մէջ, ուր նաեւ զբաղուած է թատերապարով` նպատակ ունենալով դառնալ պարուհի, եւ մեծ դառնութեամբ յետագային հրաժարուած էր իր երազանքէն երբ պարզուած է, որ բնագիտական տուեալներով չի բաւարարէր թատերապարուհիի պահանջներուն: Դերասանական առաջին փորձերը արած է բրիտանական քանի մը երաժշտական շարժանկարներու մէջ նկարահանուելով: Հոլիուուտեան տեսաժապաւէնի իր առաջին իսկ գլխաւոր դերի համար Օտրի արժանացած է ԱՄՆ տեսաերիզ-ակադեմիայի [[Օսքար]] մրցանակի, Հոլիուոտեան «[[Ոսկէ Գնդակ]]» մրցանակի եւ բրիտանական տեսաերիզ-ակադեմիայի «[[BAFTA]]» մրցանակի:
Տող 44.
 
== Կեանքը երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ==
Օտրի յաճախած է մասնաւոր դպրոցներ Անգլիոյ եւ Հոլանտայի մէջ:մէջ։ Անոր մայրը շատ խիստ էր, իսկ հայրը լքած էր ընտանիքը երբ Օտրին դեռ փոքր էր:էր։ Յետագային ան հօր հեռանալը գնահատած էր որպէս իր կեանքի ընթացքին ստացած ամենամեծ հարուածը: Տարիներ անց ան գտած է հօրը, եւ նամակագրական կապի մէջ եղած է անոր հետ, ինչպէս նաեւ դրամական օգնութիւն ուղարկած: [[1935 թուական]]ին ծնողներու ամուսնալուծումէն ետք անոր կ'ապրէր մօր հետ Արնհեմի մէջ:մէջ։ Երբ սկսած [[Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ|երկրորդ համաշխարհայինը]] եւ Գերմանացիները ներխուժեցին Աւստրիա, ան փոխեց իր եւ մօր փաստաթղթերը, կոչուելով Էտտա Վան Հեմսթրա, քանի որ անգլերէն հնչող ազգանունը վտանգաւոր կը համարուէր: Սակայն այդ երբեք իր օրինական անունը չէ եղած, թէեւ յետագային շփոթութիւն յառաջացուցած է եւ որոշ կենսագրականներու մէջ անոր անունը նշուած է որպէս Էտտա:
 
Պատերազմի վերջը իրավիճակը Հոլանտայի մէջ խիստ սրուած էր:էր։ Ֆաշիստական զօրքերը առգրաւած էին հոլանտացիներու առանց ուրիշ սահմանափակ մթերային եւ ջեռուցման պաշարները: Մարդիկ կը մահանային սովէն եւ ցրտահարումէն իրենց տուներուն եւ փողոցներուն մէջ:մէջ։ [[Արնհեմ]]ը նաեւ մեծապէս տուժած էր ռմբակոծումներէն Շուկայի Այգի գործողութեան ժամանակ: Թերի սնունդի հետեւանքով Օտրի առողջական լուրջ խնդիրներ ունեցաւ: Այդ տարիներուն ան կը պարէր թատերապարի խումբին մէջ, եւ այդպիսով դրամ կը հաւաքէին ընդյատակեայ շարժումին օգնելու համար: Սովը կը ստիպէր սնուիլ բոյսերու արմատներով: Այս ամէնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իր աշխարհայեացքի եւ արժեհամակարգի վրայ:
 
== Աստղային վերելք ==
Տող 54.
Այնուհետեւ ան ընտրուեցաւ Պրոտուէյեան «Ճիճի» ներկայացման առաջատար դերին համար, որ բացուեց Նոյեմբերի 24, 1951 թուականին, եւ մեծ յաջողութեամբ անցուց Նիւ Եորքի մէջ վեց ամիսներու ընթացքին: Այս դերին համար ան ստացաւ «թատրոնի աշխարհ» մրցանակը:
 
Այդ նոյն թուականին Օտրի առաջարկութիւն ստացաւ խաղալ [[Կրեկորի Փէք]]ի հետ` Հոլիուուտեան «[[Հռոմէական արձակուրդներ]]» շարժանկարին մէջ:մէջ։ Փէքը, նկատելով անոր տաղանդը, պնդեց որ գովազդային վահանակներու վրայ Օտրիի անունը գրուի վերնագրին մէջ` իր անուան հետ միասին, եւ չսխալեցաւ․ այս դերին համար Օտրի ստացաւ 1953 թուականի [[Օսքար մրցանակ]]ը` որպէս լաւագոյն դերասանուհի: Տարիներ անց, երբ անոր հարցուցին թէ ո՞րն է իր սիրած շարժանկարը, ան առանց վարանելու նշեց «[[Հռոմէական արձակուրդներ]]ը», քանի որ անոր շնորհիւ ան դարձաւ աստղ:
 
Այդ շարժանկարէն յետոյ ան նկարահանուեցաւ «Սապրինա»-ին մէջ, [[Համֆրի Պոկարտ]]ի եւ [[Ուիլիըմ Հոլտըն]]ի հետ միասին: 1954 թուականին ան վերադարձաւ թատրոն, խաղալով [[Մել Ֆերեր]]ի հետ միասին, որու հետ ամուսնացաւ նոյն թուականին: Այս դերին համար նոյն թուականին ան ստացաւ «Թօնի» մրցանակը, որպէս լաւագոյն դերասանուհի: Օսքարէն ընդամէնը վեց ամիս անց ստացուած այս մրցանակը ամրապնդեց անոր համբաւը որպէս տեսաժապաւէնի եւ բեմի աստղ:
Տող 62.
Դառնալով հոլիուուտեան ամենահանրածանօթ աստղերէն մէկը, Օտրի նկարահանուեցաւ այլ աստղերու հետ․ Ֆրետ Ասթըր հետ «Զուարճալի մռութը» շարժանկարին մէջ, Համֆրի Պոկարթի եւ [[Գերի Քուպէր]]ի հետ «Սէրը կէսօրէն յետոյ» շարժանկարին մէջ, [[Ճորճ Փեփըրտ]]ի հետ «[[Նախաճաշ Թիֆընիի մօտ (տեսաժապաւէն)|նախաճաշը Թիֆընիի մօտ]]», [[Քերի Կրանտ]]ի հետ, [[Ռեքս Հարիսըն]]ի հետ «[[Իմ չքնաղ լէյտի]]» շարժանկարին մէջ, [[Փիթըր Օ'թուլ]]ի հետ «Ինչպէս գողնալ միլիոն» տեսաերիզին մէջ եւ [[Շոն Քոնների]]ի հետ «Ռոպին եւ Մարիան» շարժանկարին մէջ:
 
Այս դերասաններէն շատերու հետ ան մտերմացաւ: Ռեքս Հարիսըն անոր անուանեց իր ամենասիրելի կին գործընկերը, Քերի Կրանթը կը սիրէր կատակել անոր հետ կապուած, եւ մէկ անգամ ըսաւ․ «Նոր տարուայ համար իմ միակ ցանկութիւնս Օտրի Հեփպըրնի հետ եւս մէկ շարժանկարի մէջ նկարահանուիլն է», իսկ Կրեկորի Փէքի հետ ընկերութիւնը շարունակուեցաւ Օտրիի ողջ կեանքի ընթացքին մէջ:մէջ։ Օտրիի մահէն յետոյ Փէքը հարցազրոյցի ժամանակ ասմունքեց Օտրիի սիրած բանաստեղծութիւնը` «Չվերջացող սերը»:
[[Պատկեր:Audrey Hepburn Tiffany's.jpg|250px|մինի|աջից|Օտրի Հեփպըրն " Նախաճաշ Թիֆընիի մօտ" տեսաերիզին մէջ]]
«[[Նախաճաշ Թիֆընիի մօտ (տեսաժապաւէն)|նախաճաշ Թիֆընիի մօտ]]» շարժանկարին մէջ «Հոլի Կոլայթլի» դերակատարման արդիւնքով ստեղծուեցաւ 20րդ դարու ԱՄՆ շարժանկարի ամենապաշտելի կերպարներէն մէկը: «Էլիզա Տուլիթըլ»ի դերին համար «Իմ չքնաղ լէյտին» շարժանկարին մէջ անոր մրցակիցն էր Ճուլի Էնտրուզը, որ այդ դերը կը կատարէր Պրոտուէյի մէջ, բայց այդ դերին մէջ Ճուլիի թեկնածութիւնը հանուած էր մինչ Օտրիի փորձելը: Օտրին սկիզբէն հրաժարուած էր այդ դերէն, եւ խնդրած Ճէք Վերնըրէն այդ դերը տալ Ճուլի Էնտրուզին, բայց երբ անոր ըսած են, որ Ճուլին այլեւս չի դիտարկուիր այդ դերին համար, եւ իր հրաժարուելու դէպքին այն կ'առաջարկուի [[Էլիզապէթ Թէյլըր]]ին, ան որոշեց մասնակցիլ: Նոյն թուականին Ճուլի Էնտրուզը նկարահանուեցաւ հանրայայտ «Մերի Փոփինս» շարժանկարին մէջ, որուն համար շահեցաւ այդ տարուան Օսքարը, իսկ Օտրիի դերը «Իմ չքնաղ լէյտի»ին մէջ նոյնիսկ թեկնածուներու ցանկին տեղ չգտաւ, զորս մեծ աղմուկ յառաջացուց մամուլին մէջ:մէջ։ Սակայն երկու դերասանուհիներն ալ կը պնդէին, որ այս դէպքերը ոչ մէկ կերպ չանդրադարձան իրենց լաւ յարաբերութիւններուն վրայ:
 
«Իմ չքնաղ լէյտի» շարժանկարին մէջ երգերը սկիզբէն ձայնագրուեցան Օտրիի կատարմամբ, սակայն յետագային որոշուեցաւ անոր ձայնը փոխարինել արուեստագէտ երգչուհի Մարնի Նիքսընի կատարումով: Ան սկիզբը զայրացուց Օտրիին, բայց յաջորդ օրը ան համաձայնեցաւ շարունակել նկարահանումները: Օտրիի կատարմամբ մի քանի երգերու ձայնագրութիւնները պահպանուած եւ ներառուած են շարժանկարի DVD հրատարակման մէջ:
Տող 74.
== Աշխատանքը Իւնիսեֆի մէջ ==
[[Պատկեր:Audrey Hepburn and Ronald Reagan.jpg|250px|մինի|աջից|Օտրի Հեփպըրն եւ Ռոնալտ Ռեյկըն]]
Օտրիի վերջին դերէն ժամանակ մը ետք ան նշանակուեցաւ ՄԱԿ–ի Մանկական Հիմնադրամի ([[ԻՒՆԻՍԵՖ]]) յատուկ դեսպան: Պատերազմի դաժան տարիներէն շնորհակալութեան զգացում տածելով այս կազմակերպութեան նկատմամբ, ան կ'աշխատէր այս հիմնադրամի հետ դեռ 50-ականներէն, բայց 80-ականներու վերջաւորութեան ան իր ողջ ժամանակը նուիրեց այս աշխատանքին, մինչեւ իր կեանքի վերջը: Այդ տարիներուն հիմնադրամի ծրագիրներու շրջանակին մէջ ան այցելեց տարբեր երկիրներ՝ Ափրիկէի եւ հարաւային Ասիոյ մէջ:մէջ։ Ան աշխատեցաւ այս երկրներուն մէջ մինչեւ իր կեանքի վերջին ամիսները: 1992 թուականին [[ԱՄՆ]] նախագահը անոր շնորհեց ԱՄՆ-ի Նախագահական Ազատութեան շքանշանի, եւ, յետմահու` ԱՄՆ տեսաերիզ-ադեմիայի Եան Հերշոլթի անուան մարդասիրական մրցանակի:
 
== Կեանքի աւարտը ==
[[Պատկեր:Audrey Hepburn Hollywood Star.jpg|250px|մինի|աջից|Օտրի Հեփպըրնի Հոլիուուտեան աստղը]]
[[1992 թուական]]ի վերջաւորութեան ստամոքսի ցաւերու հետ կապուած հետազօտութիւններու արդիւնքով յայտնաբերուեցաւ հազուադէպ տեսակի քաղցկեղ, որ սկսած էր կոյրաղիքէն: Օտրիին վիրահատեցին Լոս Անճելըսի հիւանդանոցին մէջ, բայց քաղցկեղը շարունակեց տարածուիլ: Հուպըրթ Ճիվենշիի օգնութեամբ անոր տեղափոխեցին Զուիցերիա, ուր ան մահացաւ [[20 Յունուար]] [[1993 թուական|1993-ին]]` 63 տարեկան հասակին, շրջապատուած ընտանիքի անդամներով: Անոր շիրիմը կը գտնուի է Թօլօջենազի գերազմանատան մէջ:մէջ։ Իր աւագ որդին` Շոնը, իր յուշերուն մէջ կը մէջբերէ մահէն առաջ Օտրիի վերջին խօսքերը` «Ոչ, բայց ես չեմ կրնար հասկնալ․․․ ինչու է այսքան չարչարանք․․․ երեխաներուն․․․»:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==