«Ֆելիքս Աբրահամեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ
clean up, replaced: վրայ: → վրայ։ , մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: վրայ: → վրայ։ , մէջ: → մէջ։ (2) using AWB
Տող 8.
Ֆելիքս Աբրահամեան ծնած էր [[Լոնտոն]], ծննդեան անունն էր Աբրահամ Ֆելիքս Պարթեւ Աբրահամեան: Հօր ազգանուն-մականունը Յովհաննէսեան էր, որ հետագային դարձուցած էր Աբրահամեան: Հայրը եղած է գորգի վաճառական, մայրըՙ (Պուրսա ծնած էր, եւ իր հայրը Ամերիկեան Աւետարանչական (բողոքական) եկեղեցւոյ հովիւ էր Կ. Պոլսոյ մէջ, ուր պսակած է դուստրը Աւետիս Աբրահամեանին) տանտիկին, որ խնամեր է երեք զաւակներունՙ Ֆելիքսին, Ֆլորանսին եւ Ֆրէնսիսին: Ֆրենսիս Աբրահամեանը (1917-1991), որ հետագային դարձեր է ֆիզիկոս, բրիտանական Բաց համալսարանի երկարամեայ դասախօս, որու կիսանդրին յետմահու դրուեր է այդ համալսարանի ոստանին մէջ:
 
Ֆելիքս Աբրահամեանը խոստովաներ է, որ երաժշտութեան հանդէպ ունեցած իր կրքի պատճառով ինքը ձախողեր է դպրոցական կրթութիւնը. ան ինքնուս էր երաժշտութեան գրեթէ բոլոր բնագավառներու մէջ, ինչպէս նաեւ գրականութեան եւ միւս արուեստներու մէջ:մէջ։ Սակայն բացառիկ ընդունակութիւններու շնորհիւ արդէն 17 տարեկանին Ֆելիքս Աբրահամեանը դարձեր է Երգեհոնային երաժշտութեան ընկերակցութեան քարտուղարի օգնականՙ տարուէ տարի դառնալով ստեղնաշարային գործիքներու բարձրակարգ կատարող:
 
[[1933 թուական|1933]]-ին ան երկու ընկերներու հետ մեկներ է [[Ֆրանսա]]ՙ այցելելու ծերունազարդ երաժշտահաններ Ֆրետերիք Տիլիուսին - Շառլ-Մարի Վիթորին: Հետագային Աբրահամեանը դարձեր է Տիլիուսի ժառանգութեամբ զբաղուող ընկերութեան խորհրդատուն, ապա նախագահը:
 
[[1935 թուական|1935]]-ին Ֆելիքս Աբրահամեանը դարձեր է Երգեհոնային երաժշտութեան ընկերութեան քարտուղար, իսկ նոյն տարի «Երաժշտութեան ժամանակներ» պարբերականին մէջ լոյս տեսեր է իր առաջին յօդուածներէն մէկը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Աբրահամեանը աշխատեր է որպէս Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախմբի համերգավար:
 
[[1946 թուական|1946]]-ին ան դարձեr է «Միացեալ երաժշտական հրատարակիչներու» խորհրդատու, [[1948 թուական|1948]]-ինՙ «Սանտէյ թայմս» շաբաթաթերթի երաժշտական քննադատըՙ այդ պաշտօնին մէջ մնալով 41 տարի:
Տող 20.
Կեանքի վերջին տարիներուն լսողութիւնը կորցրած Ֆելիքս Աբրահամեանը մահացեր է 90 տարեկանին: Իր վաղեմի ընկեր եւ գործընկեր Ճոն Ամիսը զայն բնութագրեր է որպէս շքեղ, փայլուն եւ ջերմ սիրտ ունեցող անձ մը, Փրուսթի եւ Փելան Կրենուիլ Վուտհաուսի կերպարներու խառնուրդ մը:
 
Իր ժառանգութիւնը այսօր ալ կը հետազօտուի եւ բարձր կը գնահատուի: Երաժշտագէտ Նայճել Սայմոնը գրեր է քանի մը գիրքՙ հիմնուած Աբրահամեանի արխիւներու վրայ:վրայ։ Իսկ 2015 թուականին Լուիս եւ Սիւզան Ֆորմանները հրատարակեր են «Ֆելիքս Աբրահամեան. օրագրեր եւ ընտիր գրութիւններ» փաստագրական պատկերազարդ հատորը...
 
Ֆելիքս Աբրահամեանը ապրեր է չափազանց աշխոյժ կեանքովՙ ամբողջ օրը հանդիպելով երաժիշտներու, գրքավաճառներէն անընդհատ ձեռք բերելով հին ու նոր նոթաներ ու գիրքեր, խորհուրդներով օգնելով երիտասարդ երաժիշտներուն, անոնց համար նուագելով ու մինչեւ անգամՙ անոնց կերակրելով... Համերգներ կազմակերպելով ան երկար տքներ է մինչեւ յետին մանրամասնութիւններու վրայՙ ձգտելով ամէն ինչը մատուցել կարելի եղածին չափ կատարեալ, որմազդները ու նոյնիսկ տոմսերը դարձնելով առաւելագոյնս նրբագեղ...
Տող 28.
 
== Անգլիոյ մէջ «Ֆրանսական երաժշտութեան համերգաշար»ի կազմակերպիչը==
Մէկ այլ ֆրանսացի մեծանուն երաժշտահանիՙ Ֆրանսիս Փուլենսքի հետ Ֆելիքս Աբրահամեանը ծանօթացեր է Երկրորդ աշխարհամարտէն առաջ, առաջին հանդիպումը կայացեր է երաժշտական խանութի մէջ, ուր Ֆելիքսը խնդրեր է Ֆրանսիս Փուլենսքիին ընծայագրէ իր լուսանկարը: Երաժշտագէտը եւ երաժշտահանը դարձեր են մտերիմ ընկերներ, Աբրահամեանը յաճախ այցելեր է Ֆրանսիս Փուլենսքին [[Փարիզ]]ի մէջ:մէջ։ [[1942 թուական|1942]] թուականէն օգներ է Լոնտոնի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մշակութային կցորդ Թոնի Մայերինՙ Լոնտոնի մէջ պարբերաբար կազմակերպելու «Ֆրանսական երաժշտութեան համերգաշարը»: Այսպէսով, հայորդի Աբրահամեանը դարձեր է ֆրանսական դասական եւ ժամանակակից երաժշտութեան ամենէն աշխոյժ տարածողը Մեծ Բրիտանիոյ մէջ...
 
== երաժշտական քննադատ եւ պատուաւոր անդամ ==
Ֆելիքս Աբրահամեանը միակ երաժշտական քննադատն էր, որ դարձեր է Անգլիոյ Թագաւորական ֆիլհարմոնիք ընկերակցութեան պատուաւոր անդամ (1994-ին): Արժանացեր է այլ մեծարանքներու եւ պատուաւոր անդամակցութիւններու եւս: Նա առանցքային տեղ զբաղեցուցած է 20-րդ դարու երգեհոնային երաժշտութեան մեջ, իր շնորհիւ երգեհոններ տեղադրուած են Մեծ Բրիտանիոյ քանի մը համերգասրահներուն մէջ, կազմակերպուեր են երգեհոնային երաժշտութեան համերգներ:
 
1982-ին երգեհոն տեղադրուեր է նոյնիսկ իր տան մէջ, որ իւրօրինակ ներշնչանքի աղբիւր դարձեր է Ֆելիքսի հովանավորեալիՙ կոյր երգեհոնահար եւ երաժշտահան Տեյվիտ Լիտլի համար: Վերջինս իր հովանաւորի եւ ընկերոջ մահէն յետոյ, ի մեծ յարգանս անոր, սկսած են գրել Տեյվիտ Աբրահամեան Լիտլ...