«Ֆրանսական Կիանա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: դրոշ → դրօշ (2) using AWB
Չ clean up, replaced: վրայ: → վրայ։ , մէջ: → մէջ։ using AWB
Տող 31.
'''Ֆրանսական Կուիանան''' ([[ֆրանսերէն|ֆր]].՝ Guyane Française), [[Ֆրանսա]]յի ամենամեծ անդրծովեան երկրամասն է, որ կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի հիւսիս-արեւելքը։ Վարչական կեդրոնը Քայեննա քաղաքն է։ Կը սահմանակցի արեւմուտքէն` Սուրինամի, հարաւ եւ արեւելքէն` [[Պրազիլ]]ի հետ, իսկ հիւսիս եւ հիւսիս-արեւելքի ափերը կ՛ողողեն Ատլանտեան ովկիանոսի ջուրերը։
 
Տարածքի ընդարձակութեամբ (83.846 քառակուսի քիլոմեթր,<ref>Source IGN 2009.</ref> որուն 98 տոկոսը պատուած է արեւադարձային լաւ պահպանուած, հարուստ անտառներով<ref>http://www.fao.org/docrep/013/i1757e/i1757e.pdf|url = http://www.fao.org/docrep/013/i1757e/i1757e.pdf|site = www.fao.org|consulté le = 2015-05-19}}</ref>) երկրորդն է Ֆրանսայի տարածաշրջաններուն մէջ:մէջ։ Երկրորդն է նաեւ սակաւ բնակեցուած ըլլալու տեսակէտէն (բնակչութեան թիւը՝ աւելի քան 280 հազար մարդ, որուն մօրաւորապէս կէսը կ՛ապրի մայրաքաղաք Քայեննայի մէջ): Հարաւային Ամերիկայի մէջ ներկայիս միակ մայրցամաքային տարածքն է, որ տակաւին կը պատկանի եւրոպական երկրի մը եւ կը մտնէ [[Եւրոպական Միութիւն|Եւրոպական Միութեան]] կազմին մէջ՝ հանդիսանալով վերջինիս ամենաընդարձակ երկրամասը [[Եւրոպա]]յի սահմաններէն դուրս: Գործածութեան մէջ գտնուող արժոյթը եւրօն է, պետական լեզուն՝ [[ֆրանսերէն]]ը, սակայն էթնիկ ամէն մէկ խումբ ու համայնք կը գործածէ իր լեզուն (տեղաբնիկներու լեզուներէն ամենաշատ տարածուածը կուիանական կրեոլերէնն է):
 
Բնակչութեան թիւով աշխարհի մէջ կը գրաւէ 186-րդ տեղը<ref name="WorldBymap">http://world.bymap.org/Population.html |título=Population |fechaacceso=10 de agosto de 2014 |editorial=world.bymap.org |idioma=inglés}}</ref>:
Տող 43.
Հիւանդութիւններէն փրկուածները փախուստ տուած են ծովի ափէն երեւացող երեք փոքր կղզիները, որոնց անոնք տուած են Փրկութեան կղզիներ անուանումը: Վերադառնալով հայրենի Ֆրանսա՝ անոնք պատմած են ահաւոր պատմութիւններ, որոնց թողած մռայլ տպաւորութիւնը պահպանուած է երկար տարիներ:
 
1794-ին՝ Ռոպեսփիերի մահէն ետք, անոր հետեւորդներէն 193-ին իբրեւ պատիժ ուղարկած են Կայանա։ 1797-ին այդ նոր գաղութը ուղարկուած են հանրապետական ժեներալ Պեշիգրիւն եւ խումբ մը լրագրողներ: Յետագային, ափրիկեցի սեւամորթ ստրուկներ բերուած են այստեղ, որոնց տքնաջան աշխատանքով ցանուած են ընդարձակ ցանքատարածութիւններ՝ համաճարակներէն համեմատաբար ապահով գետափերու վրայ:վրայ։ 1848-ին, երբ [[Ֆրանսա]] վերացուցած է ստրկութիւնը, սեւամորթները լքած են ցանքատարածութիւններն ու փախած վայրի անտառներ, ուր հիմնած են հայրենի [[Ափրիկէ]]ին նման համայնքներ:
 
1852-ին Ֆրանսայէն գաղութ բերուած են շղթայուած դատապարտեալներու խումբեր: 1885-ին ֆրանսական խորհրդարանը ընդունած է յատուկ օրէնք, որուն համաձայն՝ գողութեան համար երեք եւ աւելի անգամ եւ երեք ամիսէն աւելի ժամկէտներով դատապարտուած կին կամ տղամարդ որպէս պատիժ ուղարկուած է Ֆրանսական Կուիանա, ուր վեց ամիս պահուած է բանտի մէջ, այնուհետեւ ազատ արձակուած՝ գաղութին մէջ բնակութիւն հաստատելու պայմանով: Սակայն այս փորձը ձախողած է, քանի որ ազատածները ունակ չեն եղած հողագործութեամբ իրենց ապրուստը հոգալու եւ կրկին դիմած են գողութեան եւ կարճ ժամանակ ետք մահացած են կամ բանտին մէջ, կամ ալ զոհ դարձած են համաճարակներու ու սովի: