Content deleted Content added
Տող 17.
* Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մեկնարկեց «Իգործ» բացառիկ ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն հրաւիրելով աշխատելու Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ: Ծրագիրը նպատակ ունի նպաստելու պետութեան կառավարման գործին Սփիւռքի զարգացած ներուժի ներգրաւման եւ մասնագիտական հայրենադարձութեան գործընթացի աշխուժացման: Ծրագրին դիմելու համար անհրաժեշտ է ունենալ մագիստրոսի կամ աւելի բարձր գիտական աստիճան: Մասնակիցներուն պիտի տրամադրուի օդանաւի տոմս եւ 336 հազար դրամ գումար կեցութեան ծախսերը հոգալու համար: Ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ տարի եւ պիտի մեկնարկէ Յուլիս 1-էն։
 
* Արցախի Հանրապետութեան Մարտ 31-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն կը մասնակցին 14 թեկնածուներ՝ Վիթալի Բալասանեան («Արդարութիւն» կուսակցութիւն), Ռուսլան Իսրայէլեան («Անկախութեան Սերունդ» կուսակցութիւն), Դաւիթ Պապայեան (Արցախի Պահպանողական Կուսակցութիւն), Դաւիթ Իշխանեան (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն), Աշոտ Ղուլեան (Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն), Հայկ Խանումեան («Ազգային Վերածնունդ» կուսակցութիւն), Արայիկ Յարութիւնեան («Ազատ Հայրենիք - «Քաղաքացիական Միացեալ Դաշինք- ՔՄԴ» ընտրական դաշինք), Վահան Պատասեան («Միացեալ Հայաստան» կուսակցութիւն), ինչպէս նաեւ անկախ առաջադրուած թեկնածուներ՝ Մասիս Մայիլեան, Սերկէյ Ամիրեան, Քրիսթին Պալայեան, Պելա Լալայեան, Մելսիկ Պօղոսեան եւ Աշոտ Տատայեան։
 
=Ստեղծած էջեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մէջ=