Content deleted Content added
Տող 21.
 
* Ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ [[Փաթրիք Տէվէճեան]] մահացած է Մարտի 28-ին։ 1944-ին ծնած քաղաքական գործիչը 1983էն 2002 քաղաքապետ էր Փարիզի արուարձան Անթոնիի մէջ, ապա Ֆրանսայի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) անդամ UMP կուսակցութենէն։ Նշանակուած էր նախարար 2008–էն 2010-ին։ Նա մեծ ներդրում ունեցած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ Դատի պաշտպանութեան գործին մէջ։
 
* [[Արցախի Հանրապետութիւն|Արցախի Հանրապետութեան]] Մարտ 31-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն Արայիկ Յարութիւնեանը ստացած է քուէներու 49,2 տոկոսը, իսկ Մասիս Մայիլեանը 26,4 տոկոսը: Երրոչդ տեղ գրաւած է Վիթալի Բալասանեանը։ Պէտք է Արցախի նախագահի ընտրութիւններուն երկրորդ փուլ անցկացուի Յարութիւնեանի եւ Մայիլեանի միջեւ որոշելու երկրի նախագահը: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով խորհրդարանին մէջ տեղ գրաւած են 5 քաղաքական ուժեր, ամէնէն մեծը ըլլալով Յարութիւնեանի «Ազատ Հայրենիք - «Քաղաքացիական Միացեալ Դաշինք- ՔՄԴ» ընտրական դաշինքը, իսկ երկրորդ հանդիսացած է Սամուէլ Բաբայեանի գլխաւորած «Նոր Արցախ» դաշինքը կազմուած «Վաղուայ Արցախ», «Ինքնութիւն եւ Միասնութիւն» եւ «Արցախի Ռամկավար Ազատական» կուսակցութիւններէն:
 
=Ստեղծած էջեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մէջ=