Content deleted Content added
Տող 14.
 
<br>
;Վերջին աւելցուցած լուրս՝լուռս՝
* Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մեկնարկեց «Իգործ» բացառիկ ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն հրաւիրելով աշխատելու Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ: Ծրագիրը նպատակ ունի նպաստելու պետութեան կառավարման գործին Սփիւռքի զարգացած ներուժի ներգրաւման եւ մասնագիտական հայրենադարձութեան գործընթացի աշխուժացման: Ծրագրին դիմելու համար անհրաժեշտ է ունենալ մագիստրոսի կամ աւելի բարձր գիտական աստիճան: Մասնակիցներուն պիտի տրամադրուի օդանաւի տոմս եւ 336 հազար դրամ գումար կեցութեան ծախսերը հոգալու համար: Ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ տարի եւ պիտի մեկնարկէ Յուլիս 1-էն։
Տող 22.
* Ֆրանսահայ ականաւոր քաղաքական գործիչ [[Փաթրիք Տէվէճեան]] մահացած է Մարտի 28-ին։ 1944-ին ծնած քաղաքական գործիչը 1983էն 2002 քաղաքապետ էր Փարիզի արուարձան Անթոնիի մէջ, ապա Ֆրանսայի Ազգային ժողովի (Խորհրդարանի) անդամ UMP կուսակցութենէն։ Նշանակուած էր նախարար 2008–էն 2010-ին։ Նա մեծ ներդրում ունեցած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ Դատի պաշտպանութեան գործին մէջ։
 
* [[Արցախի Հանրապետութիւն|Արցախի Հանրապետութեան]] Մարտ 31-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն Արայիկ Յարութիւնեանը ստացած է քուէներու 49,2 տոկոսը, իսկ Մասիս Մայիլեանը 26,4 տոկոսը: ԵրրոչդԵրրորդ տեղ գրաւած է Վիթալի Բալասանեանը։ Պէտք է Արցախի նախագահի ընտրութիւններուն երկրորդ փուլ անցկացուի Յարութիւնեանի եւ Մայիլեանի միջեւ որոշելու երկրի նախագահը: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով խորհրդարանին մէջ տեղ գրաւած են 5 քաղաքական ուժեր, ամէնէն մեծը ըլլալով Յարութիւնեանի «Ազատ Հայրենիք - «Քաղաքացիական Միացեալ Դաշինք- ՔՄԴ» ընտրական դաշինքը, իսկ երկրորդ հանդիսացած է Սամուէլ Բաբայեանի գլխաւորած «Նոր Արցախ» դաշինքը կազմուած «Վաղուայ Արցախ», «Ինքնութիւն եւ Միասնութիւն» եւ «Արցախի Ռամկավար Ազատական» կուսակցութիւններէն: Ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներու 73 առ հարիւր տոկոսը։
 
=Ստեղծած էջեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մէջ=