«Պէպօ Սիմոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 4.
 
== Կենսագրութիւն ==
[[Պէպօ Սիմոնեան]] ծնած է Ալէքսանտրէթ, [[Կիլիկիա]] (այժմ՝ [[Թուրքիա]])): Երկու տարի ետք ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է [[Նշան Փալանճեան Ճեմարան|Նշան Փալանճեան ճեմարանին]] եւ [[Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանք|Անթիլիասի դպրեվանքին]] մէջ: Այնուհետեւ աւարտած է ֆրանսական «Սեն Ժոզէֆ» համալսարանի արեւելեան դպրութեան կաճառի հայագիտական ճիւղը<ref name=":0" />:
 
Ասպարէզով մանկավարժ, վարած է՝ [[Պէյրութ]]ի [[Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Քոլէճ]]ի տնօրէնութիւնը, եղած է «[[Արարատ օրաթերթ|Արարատ]]» օրաթերթի մշակութային էջի խմբագիր եւ Սփիւռքահայ գրականութեան դասախօս՝ [[Հիւսիսեան Հայագիտական ամպիոն]]ին:
Տող 11.
 
1980-ական թուականներուն Լիբանանի ժողովուրդը կ՛ապրէր քաղաքացիական պատերազմի դժոխային մթնոլորտին մէջ։ Այս իրողութեամբ, հակառակ մայրաքաղաքը երկփեղկող վտանգաւոր սահմանագիծերու եւ անցարգելներու գոյութեան, Պէպօ Սիմոնեան կը յանդգնէր անցնիլ քաղաքին մէկ շրջանէն միւս շրջանը` գրական եւ մշակութային հանդիսութիւններու ներկայ ըլլալու կամ հրապարակային դասախօսութիւններ տալու առաքելութեամբ, արհամարհելով ամէնուրեք տիրապետող մահուան սարսափն ու անդոհանքը:
 
{{քաղուածք|Պատահական չէր, որ ազգային վտանգները հեռացնելու կամ թօթափելու հեւքին մէջ, միջ-կուսակցական ժողովներուն առիթով, մասնակից կողմերը յաճախ կը բաժնէին Պեպոյին խոհեմ եւ լրջախոհ մտածումները, առաջարկները, որովհետեւ՝ ամէն ոք կը գիտակցէր եւ կ'ընդունէր, որ ան անխտրական եւ անանջատողական մղումներէ մեկնելով կ’արտայայտէր իր միտքերը։
 
Պէպօն ամբողջական մտաւորական էր, նաեւ գաղափարական աննկուն դէմք, որ միշտ ալ մնաց այդ պայծառ հորիզոնականներուն վրայ, ինքզինք միշտ հետեւորդ եւ արդիւնաբերող նկատելով այդ բեմերէն հանդէս գալու, գործելու եւ արժեւորելու այն ինչ որ ազգային, գաղափարական, հայրենական թէ համայնքային են։
 
Եւ հպարտալի իրողութիւն է, որ ան միշտ յաջողեցաւ եւ գտաւ իր իսկական սլացքն ու դիմագիծը, որոնք կը վերաբերէին հայ ժողովուրդին բազմապահանջ շահերուն եւ իրագործումներուն։ |Պարոյր Յ. Աղպաշեան}}<ref>[http://hayemnews.com/%d5%ba%d5%a7%d5%ba%d6%85-%d5%bd%d5%ab%d5%b4%d5%b8%d5%b6%d5%a5%d5%a1%d5%b6%d5%ab-%d5%a1%d5%a6%d5%a3%d5%a1%d5%b5%d5%ab%d5%b6-%d5%a3%d5%a1%d5%b2%d5%a1%d6%83%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d5%b4/?fbclid=IwAR0g4mE4_6gCcFnBb0YQUUykjgszI4_psPZKH1NynSeDQOo0rXPCfHJC-jc ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ-ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ Պարոյր Յ. Աղպաշեան]</ref>
 
== Գրականագիտութեան բնոյթով ==