«Ամերիկա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: {{Արևելահայերեն|Ամերիկա}} using AWB
Տող 1.
== '''Ամերիկա =='''
 
=== Հիւսիսային Ամէրիկա ===
Կը տարածուի հիւսիսէն Արջային Ովկիանոսէն մինչեւ Մեքսիքայի հարաւը: Հոն կը գտնուին ձիւնածածկ լեռներ, կիզիչ անապատներ, հսկայ տարածութեամբ դաշտեր, խիտ անտառներ եւ ծովանման ընդարձակ լիճեր: Հիւսիսային Ամերիկա կ'ընդգրկէ Ալասքան, Գանատան, Միացիալ Նահանքները եւ Անթիլիան Կղզիներու խումբը:
Արեւմուտքը Ռոքի լեռնաշղթան կ'երկարի Ալասքայէն մինչեւ Մեքսիքա: Ռոքիէն անդին կը տարածուի մեծ ընդարձակութեամբ դաշտ մը, որ կը հասնի մինչեւ Ափալաշներու Շղթան դէպի արեւէլք, եւ Մեծ Լիճերը դէպի հիւսիս: Ափալաշներուն արեւելքը ծովափնիայ դաշտը կը տարածուի մինչեւ Ատլանտեան Ովկիանոսը:
Գանատայի եւ Միացիալ Նահանքներու միջեւ գտնուող Սիւփիրիոր, Միշիկըն, Հիւրօ, Էրիէ եւ Օնթարիօ լիճերը կը համարուին մոլորակի ամենամեծերը:
 
=== Ժողովուրդը ===
Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին բնակիչները հնդիկներն էին: Անոնք կը պատկանէին տարբեր ցեղախումբերու, որոնք կ'ապրէին որսորդութեամբ, ձկնորսութեամբ եւ երկրագործութեամբ: Շեյէններն ու Սիուները կ'ապրէին կոնաձեւ վրաններու տակ շինուած վայրի եզի մորդէ:
 
=== Ամերիկայի Բնակչութիւնը Այսօր ===
Այսօր, Հիւսիսային Ամերիկայի բնակչութիունը կը բաղկանայ Էսգիմոներէ, զտարիւն ամերիկացի հնդիկներէ, խառնուածներէ, սպիտակամորդերէ եւ սեւամորդներէ:
 
=== Միացիալ Նահանգներ ===
Միացիալ նահանգներ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներէն է: Կը հաշուէ 48 « դրացի» նահանգներ, առաւել երկու հեռաւոր նահանգ Ալասքա, որ կը գտնուի ծայրագոյն հիւսիսը Արջային Շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Հաւայեան կղզեխումբը Խաղաղականին մէջ:Միացիալ Նահանգներու ֆիզիքական տեղագրութիւնը կը նմանի ընդարձակ խեցիի մը, որուն ցցուն եզերքները կը համապատասխանեն լեռնաշղթաներու եւ մէջտեղ ը հսկայ տարածութեամբ դաշտագետինի մը: Արեւմուտքէն Ռոքի լեռները զուգահեռ կ'ընթանան Խաղաղականի ափին, Արեւելքէն Ատլանտեանի երկաճնքին կը տարածուի Ափալաշներուն Շղթան: Այս երկու շղթաներուն միջեւ կը տարածուի հսկայ տարածութեամբ դաշտ մը (կեդրոնական Տափաստան): Այդ կեդրոնական դաշտին մէջէն կը հոսին, հիւսիսէն դէպի հարաւ, Միսուրի եւ Միսիսիփի գետերը: Մանրամասն տեկղեկութիւն; Ֆրանսացիներուն կողմէ Ամերիկացիներուն նուիուած Ազատութեան արձանը (Statue of Liberty) կը գտնուի Նիւ Եորքի նաւահանգիստը: Ռաշմոր լեռան ժայրին վրայ (Հարաւային Տաքոթա) կարելի է տեսնել Ամերիկայի չորս նախագահներուն Քանթակուած կիսանդրիները (Thomas Jafferson, George Washington, Abraham Lincoln, Theodore Roosevelt):
Մանրամասն տեկղեկութիւն; Ֆրանսացիներուն կողմէ Ամերիկացիներուն նուիուած Ազատութեան արձանը (Statue of Liberty) կը գտնուի Նիւ Եորքի նաւահանգիստը: Ռաշմոր լեռան ժայրին վրայ ( Հարաւային Տաքոթա) կարելի է տեսնել Ամերիկայի չորս նախագահներուն Քանթակուած կիսանդրիները (Thomas Jafferson, George Washington, Abraham Lincoln, Theodore Roosevelt):
 
=== Կեդրոնական Ամերիկա ===
Տող 18 ⟶ 21՝
Բնակչութեան մեծ մասը խառնուածններ են հնդիկ, եւրոպացի եւ ափրիկեցի նախնիներէ:
 
=== Հարաւային Ամերիկա ===
Հարաւային Ամերիկա կը բաղկանայ 13 երկիրներէ Պրազիլ որ կը համարուի իբրեւ մեծագոյնը եւ բնակչութեամբ ամենահոծը, Ֆրանսական Կիւյանա, Սիւրինամ, Վենզուէլլա, Չիլի, Փարակուէյ, Ուրուկէյ, Գոլոմպիա, Էգուատոր, Փերու եւ Արժանթին: Հոն կը գտնուին հրաբխային լեռներ եւ արեւադարձային խոնաւ անտառներ: Արեւմտեան ափի երկայնքին կը տարածուի մօտաւորապէս 8000 քմ. երկարութեամբ Անտեան Լեռնաշղթայ: Այս լեռներու ստորոտին դէպի արեւելք կը տարածուին մեծ դաշտեր. Ամազոնեան եւ Փամփայի ամբողջութիւնը խոտաւէտ դաշտագետին մը: Ամազոն աշխարհի ամէնէն երկար երկրորդ գետն է իր 6400 քմ. ով: Կը բխի Անտեաններէն եւ կ'անցնի Ամազոնայի արեւադարձային անտառներուն մէջէն: Թիթիքաքա Լիճը, որ կը գտնուի Փերուի եւ Պոլիվիայի միջեւ, Հարաւային Ամերիկայի ամենամեծ լիճն է:
Հոն կը գտնուին հրաբխային լեռներ եւ արեւադարձային խոնաւ անտառներ: Արեւմտեան ափի երկայնքին կը տարածուի մօտաւորապէս 8000 քմ. երկարութեամբ Անտեան Լեռնաշղթայ: Այս լեռներու ստորոտին դէպի արեւելք կը տարածուին մեծ դաշտեր. Ամազոնեան եւ Փամփայի ամբողջութիւնը խոտաւէտ դաշտագետին մը: Ամազոն աշխարհի ամէնէն երկար երկրորդ գետն է իր 6400 քմ. ով: Կը բխի Անտեաններէն եւ կ'անցնի Ամազոնայի արեւադարձային անտառներուն մէջէն: Թիթիքաքա Լիճը, որ կը գտնուի Փերուի եւ Պոլիվիայի միջեւ, Հարաւային Ամերիկայի ամենամեծ լիճն է:
Հարաւային Ամերիկա կը ներկայացնէ կլիմայի մեծ զանազանութիւններ. Կրնայ հոն շատ տաք ըլլալ կամ շատ պաղ: Հարաւային Ամերիկա կ'արտադրէ յատկապէս թէյ, սուրճ, պանան, բամպակ, շաքար, քաքաօ եւ ձգախէժ:
 
== Աղբիւրներ ==
* Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս Հրատարակութիւն CCM էջ 12 13 14 15 16 17
 
[[Ստորոգութիւն:Աշխարհագրութիւն]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ամերիկա» էջէն