«Ասփիրին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Ասփիրինին պատմութիւնը: removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Տող 1.
[[Պատկեր:Regular strength enteric coated aspirin tablets.jpg|200px|մինի|աջից|'''Ասփիրին դեղահատը''']]
'''Ասփիրինը''', դեղերէն ամենաշատ գործածուողն է: Յօդացաւեր, գլխացաւեր կամ բազմաթիւ այլ ցաւեր մեղմացնելու համար տրուած դեղագիրներու պատրաստութեան մէջ՝ դեղագործները ուրիշ ոեւէ դեղէ աւելի կը գործածեն ասփիրինը: Հաշուած են, օրական 42 միլիոն ասփիրինի դեղահատներ կը գործածուին՝ միմիայն [[Ամերիկա]]յի մէջ, այսինքն մօտաւորապէս տարեկան 100 դեղահատ ասփիրին իւրաքանչիւր անհատի համար: [[Անգլիա|Անգլիոյ]] մէջ ալ ասփիրինի գործածութիւնը մեծ համեմատութիւններու կը հասնի:
 
== Ասփիրինին պատմութիւնը ==
[[Պատկեր:Aspirine-1923.jpg|250px|մինի|աջից|'''Ասփիրինի ծանուցումը 1923 թուականին Ֆրանսական Եուզին Տու Րօն ընկերութեան կողմէ''']]
Ասփիրինի բաղադրութիւնը եւ անունը կը պատկանէր Պայէր ընկերութեան: [[1917]]-էն վերջ ամերիկեան դատարանները թոյլ տուին, որ ուրիշ ընկերութիւններ ալ նոյն անունով այդ դեղահատերը պատրաստեն:
 
Տող 15.
 
== Ասփիրինին յատկութիւնները եւ ազդեցութիւնը ==
[[Պատկեր:Synthesis of Aspirin Lab - NCSSM.webm|250px|մինի|աջից|'''Ասփիրինին պատրաստութիւնը- Անգլերէն լեզուով բացատրուած''']]
Ասփիրինը բազմազան յատկութիւններ ունի, որոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը՝ բնականէն բարձր ջերմութիւնները պակսեցնելն է, առանց սակայն մարդկային մարմնի բնական տաքութեան վրայ ազդեցութիւն գործելու: Օրինակ, երբ հիւանդ մը բարձր տաքութիւն ունի 39 աստիճան՝ ասփիրին առնելէ վերջ տաքութիւնը կ'իջնէ 38 աստիճանի: Բայց մէկը որ գլխու ցաւէ կը տառապի առանց տաքութիւն ունենալու, եթէ ասփիրին առնէ՝ գլխու ցաւը կը թեթեւնայ, բայց բնական տաքութիւնը մարմնին, 37 աստիճան, կը մնայ անփոփոխ:
 
Տող 29.
* «Բժիշկ» բժշկական եւ առողջապահական ամսաթերթ, Ա. տարի, [[Պէյրութ]], [[1955]]-[[1956]], էջ 13-14:
 
[[Ստորոգութիւն:Դեղագիտութիւն]]
[[Կատեգորիա:Դեղամիջոցներ այբբենական կարգով]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ասփիրին» էջէն