«Հրաչեայ Աճառեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 14.
 
Իր կեանքի վերջին տարիներուն Աճառեան կը նուիրուի «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի» մեծածաւալ աշխատութեան՝ կազմուած 12 հատորներէ, ուր կը քննարկուի հայոց լեզուի քերականութիւնը եւ պատմական զարգացումը 562 լեզուներու համեմատութեամբ։ Բացի նշուած աշխատութիւններէն, Աճառեան շուրջ քառասուն տարի կ'աշխատակցի հայ բազմաթիւ պարբերականներու, տասնեակ մը յօդուածներ կը գրէ թէ՛ հասարակական հարցերու, եւ թէ՛ գիտական-լեզուաբանական ուղղութեամբ։ 1935 թուականին անոր կը շնորհեն Գիտական վաստակաւոր գործիչի կոչում, իսկ 1943 թուականին ան կ'ընտրուի Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի անդամ։
 
{{քաղվածք|Զարմանալի աշխատասիրութեամբ ու աշխատունակութեամբ օժտուած մեծանուն գիտնականը ստեղծեց բազմաթիւ մեծարժէք գիտական աշխատութիւններ` հաւատարիմ մնալով հաւաքած նիւթի փաստական տուեալներու խորահմուտ վերլուծութեան եւ հիմնաւոր փաստարկումներուն, որով անոր իւրաքանչիւր աշխատութիւն, բացի գիտական հետազօտութիւն լինելուց, նաեւ իւրայատուկ տեղեկութիւն է՝ տուեալ առարկային վերաբերող բոլոր հարցերու պարզաբանումներու ամբողջութեամբ։|Էդուարդ Բագրատի Աղայեան, ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս}}
 
<br />
== Աղբիւրներ ==