«Հորմուզի Նեղուց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 21.
== Անուանում ==
Քրիստոսէ առաջ 10-էն 17 դարերուն, աշխարհագրական այս շրջանին մէջ կը գտնուէր [[Օրմուսի թագաւորութիւն|Օրմուսի թագաւորութիւնը]], եւ շատ հաւանաբար այդ իսկ պատճառով նեղուցը կոչուած է այդ թագաւորութեան անունով: Ըստ լեզուաբաններու, գիտնականներու եւ պատմականններու՝ հորմուզ բառը ծնած է պարսկերէն «هورمغ» հորմուղ բառէն, ինչ որ կը նշանակէ արմաւենի:<ref>[http://minabcity.ir/HomePage.aspx?TabID=4620&Site=DouranPortal&Lang=fa-IR Municipality of Minab], (in Persian). Retrieved 30 December 2011.</ref> Հուրմուզի տեղական բարբառով ալ նեղուցը կը կոչուի Հուրմուղ, որ ունի նոյն նշանակութիւնը՝ վերոյիշեալ բառերուն: Նեղուցի անունը նաեւ նմանութիւն ունի [[զրադաշտականութիւն|զրադաշտականութեան]] աստուած՝ Հորմոզի անուան հետ, որուն պատճառով ժամանակի ընթացքին ժողովրդական համոզում մը մէջտեղ եկած է թէ նեղուցի անունը որոշ կապ մը ունի զրադաշտականութեան Հորմոզ Աստուծոյ հետ:
 
== Նաւարկութիւն ==
Այս նեղուցէն անցնող նաւերու բախումը նուազեցնելու համար, բոլոր այն նաւերը որոնք կ՛անցնին նեղուցէն՝ կը հետեւին Երթեւեկութեան բաժանումի ծրագիրի մը ([[Traffic Separation Scheme (TSS)]]):
 
== Ծանօթագրութիւններ ==