«Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
 
 
'''ՄովսեսՄովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի''' (900, [[Կաղանկատոյք]]), 7-րդ դարու հայ պատմիչ։ Ծնած է Կաղանկատոյք գիւղին մէջ<ref>Յովհաննէս Նալթակեան «Հայոց Ուտիք–Գարդման աշխարհը և Առանշահիկ իշխաններն ու թագաւորները», Երեւան 2013 թ․։</ref>։ Կը համարուի «Աղուանից աշխարհի պատմութիւն» գիրքի շարահարողը, որ կազմուած է տարբեր դարերու գրուած կարճ պատմութիւններէ, նամակներէ, իշխաններու եւ սուրբերու կենսագրութիւններէ<ref>Սվազեան, Հ. ''Մովսէս Կաղանկատվացի''. [[Հայկական սովետական հանրագիտարան]]. vol. viii. Երեւան, Սովետական Հայաստան, 1982, էջ 41-42</ref>։ Մովսէս ԿաղանկատվացիիԿաղանկատուացիի աշխատութեան մէջ հարուստ տեղեկութիւններ կան Հայաստանի, յատկապես «արեւելից կողմանց»՝ Արցախի եւ Ուտիքի վաղ միջնադարեան պատմութեան մասին։ Արժէքաւոր են նաեւ անոր յայտնած տեղեկութիւնները [[Անդրկովկաս|Անդրկովկասի]], [[Բիւզանդական Կայսրութիւն|Բիւզանդիոյ]] եւ Պարսկաստանի մասին։ Գիրքի հետագայ՝ 10-րդ դարու ենթադրեալ շարահարողը Մովսէս Դասխուրանցին է։
 
Մովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի, Հայկական [[Մատենագրութիւն|մատենագրութեան]] մէջ, [[Զէնոբ Գլակ|Զէնոբ Գլակի]] եւ [[Յովհան Մամիկոնեան|Յովհան Մամիկոնեանի]] աշխատութիւնէն («Պատմութիւն Տարօնոյ») յետոյ, երկրորդը՝ «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» գիրքն է, որ կը վերաբերի հայկական մէկ այլ ընդարձակ երկրամասի՝ «Հայոց Արեւելից Կողմանց» պատմութեան։ Ուսումնասիրողները ցոյց կու տան, որ այս աղբիւրը հայ հեղինակներուն թէեւ ծանօթ եղած է (Ը.) դարէն սկսեալ, սակայն առաջինը որ անոր մասին կը յիշատակէ՝ (Ժ.) դարուն Անանիա Ա. Մոկացի Կաթողիկոսն է (946-968թթ.) եւ Ուխտանէսը, առանց աշխատութեան հեղինակին անունը տալու։ Նոյն ձեւով կը վարուի նաեւ (ԺԲ.) դարուն՝ [[Մխիթար Անեցի]], որ իր ժամանակագրութեան մէջ՝ «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» գիրքը կը տեղադրէ [[Սեբէոս|Սեբէոսէն]] յետոյ (Է. դար) եւ [[Ղեւոնդ (պատմիչ)|Ղեւոնդէն]] առաջ (Ը. դար)։
 
Առաջին անձնաւորութիւնը որ կը նշէ յիշեալ Պատմութեան հեղինակին անունը՝ [[Մխիթար Գոշ|Մխիթար Գոշն]] է։ Ան եւ իր աշակերտը Վանական Վարդապետ՝ «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» գիրքի հեղինակ կը համարեն [[Մովսէս Դասխուրանցի]] անունով անձնաւորութիւն մը (Ժ. դար)։ Իսկ նոյն ժամանակներուն՝ [[Կիրակոս Գանձակեցի]] [[Աղուանք|Աղուանքի]] պատմութեան հեղինակին ուղղակի կ՚անուանէ՝ Կաղանկատվացի։Կաղանկատուացի։ Ուսումնասիրողները արդարացիօրէն կը գտնեն, որ հմուտ պատմիչը այդպէս վարուած է նկատի ունենալով Աղուանից Պատմութեան (Բ.) գիրքի՝ (ԺԱ.) գլուխին մէջ, Կաղանկատուք գիւղի վերաբերեալ հեղինակի ըսած խօսքերը՝ «յորմէ եւ ես» ։
 
Այսպիսով (ԺԳ.) դարէն սկսեալ, Մովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի կը ճանչցուի որպէս՝ «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» երկի հեղինակ։
 
== «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութեան եւ հեղինակին մասին բանասիրական տարաձայնութիւններ ==
Տող 13.
Այս աշխատութեան եւ անոր հեղինակին մասին մատենագրութեան մէջ պահպանուած ոչ միանման տեղեկութիւններու հետեւանքով, ուսումնասիրողներու շրջանակին մէջ յառաջացած են բանասիրական կարգի տարաձայնութիւններ, որոնք յատկապէս բորբոքած էին հեղինակին ապրած ժամանակաշրջանի հարցը որոշելու կապակցութեամբ։
 
Այդ պատճառով ոմանք Մովսէս ԿաղանկատվացինԿաղանկատուացին համարած են (Ժ.) դարու, ոմանք ալ (Է.) դարու հեղինակ։ Այժմ բաւական հիմնաւոր կերպով կը գերիշխէ այն կարծիքը, որ հայ պատմիչ Մովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի ապրած ու իր գիրքը գրած է՝ (Է.) դարուն, իսկ (Ժ.) դարուն այն լրացուցած, խմբագրած ու վերջնական ձեւի բերած է [[Մովսէս Դասխուրանցի|Մովսէս Դասխուրանցին]]։ Հարկ է նշել, որ այսպիսի եզրահանգման համար բաւական հաստատուն տուեալներ մենք կը գտնենք նոյնինքն [[Պատմութիւն|Պատմութեան]] մէջ։
 
Այսպէս, գիրքի Երկրորդ Հատորին՝ (‏ԺԴ.) գլուխին մէջ հեղինակը, հանգամանօրէն շարադրելով (628) թուականին Շաթի՝ Աղուանքի մէջ կատարած ասպատակութիւններուն եւ Աղուանից Կաթողիկոս Վիրոյի՝ այդ բռնակալին զօրակայանը երթալու մանրամասնութիւնները, կ՚օգտագործէ՝ «Այն օրերը այսպէս վրայ հասան մեզ», «Մեր երկրի վերաբնակիչներէն», «Այնտեղ տեսանք», «Մեզ կը վերաբերէին ինչպէս սիրելի եղբայրներու», եւ նմանօրինակ արտայայտութիւններ, զորս կրնային ըլլալ միա՛յն եւ միա՛յն ժամանակակիցին եւ Վիրոյի հետ բանակցութիւններուն մասնակցած անձնաւորութեան մը կողմէ։
 
Հեղինակը ժամանակակիցի ու ականատեսի նոյնանման նկարագրութիւններ ունի նաեւ նշուած հատորի՝ (ԺԸ.) գլուխին մէջ։ Այն հանգամանքը, որ Մովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի մօտիկ յարաբերութիւններու մէջ եղած է «Հայոց Արեւելից Կողմանքի» հոգեւոր եւ աշխարհիկ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ (Կաթողիկոս Վիրո, մեծ իշխան Ճիվանշիր), թերեւս հնարաւորութիւն տայ ենթադրելու, որ այդպիսի պատիւի ան կրնար արժանանալ իր գիտելիքներուն, մեծ հեղինակութեան եւ հաւանաբար նաեւ կրօնական բարձր տիտղոս ունենալուն համար։
 
Ահա այն սուղ կենսագրական տուեալները, որոնք յայտնի են Աղուանից Պատմութեան հեղինակին մասին։
Տող 26.
«Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութիւնը բաղկացած է երեք մասերէ, որոնց հեղինակը կ՚անուանէ՝ Առաջին, Երկրորդ եւ Երրորդ Հատորներ։ Համապատասխանաբար այդ հատորները կը բաժնուին՝ (30), (52) եւ (24) գլուխներու, որոնք բոլորն ալ ունին իմաստաւորուած վերնագրեր։
 
Առաջին եւ Երկրորդ Հատորները հիմնականին մէջ կը վերաբերին՝ (Է.) դարու իրադարձութիւններուն, որոնց մէկ մասին Մովսէս ԿաղանկատվացիինԿաղանկատուացիին ականատես ըլլալը՝ զգալիօրէն կը բարձրացնէ գիրքի այդ բաժիններուն արժանահաւատութիւնը, որպէս պատմագրական սկզբնաղբիւր։
 
== Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութեան բովանդակութիւնը որպէս պատմագրական սկզբնաղբիւր ==
Աշխատութեան Առաջին Հատորը կը սկսի Ադամէն մինչեւ Նոյը՝ ծննդաբանական համառօտ ակնարկով եւ յետոյ կ՚անցնի հիմնական նիւթի շարադրանքին՝ (Դ.-Ե.) դարերու կրօնական ու քաղաքական դէպքերուն, զորս տեղի ունեցած էին գլխաւորապէս [[Հայաստան|Հայաստանի]] ու անոր հարեւան եւ նոյնիսկ հեռաւոր երկիրներու մէջ։ Աղուանքի Պատմութեան ուշադիր քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ հեղինակին՝ Մովսէս ԿաղանկատվացիիԿաղանկատուացիի ուսումնասիրած հիմնական աղբիւրները՝ մայրենի [[հայերէն]] լեզուով արդէն գոյութիւն ունեցող բաւական հարուստ պատմագիտական գրականութիւնն է։ Հեղինակը իր գիրքին համար յատկապէս մեծ չափով օգտագործած է [[Փաւստոս Բիւզանդ|Փաւստոս Բուզանդի]], [[Ագաթանգեղոս|Ագաթանգեղոսի]], [[Եղիշէ|Եղիշէի]], [[Մովսէս Խորենացի|Մովսէս Խորենացիի]] երկերը, «Գիրք Թղթոց» Ժողովածուն, Յայսմաւուրքը եւ հայկական այլ աղբիւրներ։
 
Մովսէս ԿաղանկատվացիիԿաղանկատուացիի գիրքին մէջ շատ մեծ տեղ յատկացուած է նաեւ կրօնական [[Առասպել|առասպելներուն]], հրաշապատումներուն, նահատակութիւններուն ու տեսիլքներուն, որոնց միջոցաւ հեղինակը կ՚աշխատի բարձրացնել «Արեւելից Կողմանքի» եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը եւ ցոյց կու տայ որ անիկա կը կազմէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ ամբողջական եւ անբաժանելի մասը։
 
Պահպանելով իր նախորդներուն եւ ընդհանրապէս հայկական մատենագրութեան աւանդական սկզբունքը, Մովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի գիրքին ամբողջ շարադրանքին մէջ՝ իր այս կամ այն միտքը կը հաստատէ [[Աստուածաշունչ|Աստուածաշունչէն]] կամ եկեղեցական հեղինակներու գործերէն առատօրէն կատարուած մէջբերումներով։ Այս հանգամանքը կրնայ անգամ մը եւս ենթադրել տալ թէ՝ Մովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի ստացած էր իր ժամանակի անհրաժեշտ կրթութիւնը եւ ունեցած էր կրօնական աստիճան։
 
== «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութեան վրայ նախորդ հեղինակներու ազդեցութիւնը ==
Մովսէս ԿաղանկատվացիիԿաղանկատուացիի Պատմութեան յատկապէս սկիզբի մասերուն մէջ՝ այնքան ուժեղ է նախորդ հեղինակներու ազդեցութիւնը, որ որոշ ուսումնասիրողներ Առաջին եւ Երկրորդ Հատորները կը համարեն այլեւայլ նիւթերու հաւաքածոյ մը, զոր հազուագիւտ է այսպիսի հետեւողական շարադրանքով՝ ամբողջական պատմագիտական աշխատութեան մը պարագային։ Առանձին նախարարութիւններու կամ աւատատիրական ինքնամփոփ երկրամասերու պատմութիւնը գրող հայ միւս հեղինակներուն նման, Մովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի նոյնպէս իր [[Հայրենիք|հայրենիքին]]՝ «Հայոց Արեւելից Կողմանց»ի ու անոր ակնառու գործիչներուն գովերգողն է։
 
Եւ այդ զգացողութեան բուռն ազդեցութեան տակ, պատմիչը երբեմն մեղանչելով ճշմարտութեան եւ առարկայականութեան դէմ՝ առանձին անհատներ կը ներկայացնէ օրինակելի գոյներով, անոնց մօտ չնկատելով բացասական ոչ մէկ գիծ։ Օրինակ՝ Ճիվանշիրը քաջ ու խիզախ էր, անոր առաջ գլուխ կը խոնարհէին նոյնիսկ թագաւորները, որոնք յարգանք ու պատիւ կը մատուցէին անոր։
 
Այս թերութիւններով հանդերձ, Աղուանքի Պատմութիւնը ունի այն առաւելութիւնը, որ այստեղ Հայաստանի [[հիւսիս]]-[[Արեւելք|արեւելեան]] ընդարձակ երկրամասի մը պատմութիւնը, ոչ թէ կը ներկայացուի առանձին ու շրջապատէն կտրուած վիճակով, այլ ընդհակառակը, Մովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի Ուտիքի, Արցախի եւ ընդհանրապէս «Հայոց Արեւելից Կողմանց» պատմութիւնը կը շարադրէ բուն Հայաստանի պատմութեան հետ շաղկապուած ու միահիւսուած ձեւով, հանգամանք մը, զոր հեղինակին եւ անոր գիրքին արժանիքը պէտք է նկատել։ Կարելի է աւելին ըսել, Մովսէս ԿաղանկատվացիԿաղանկատուացի Հայաստանի ընդհանուր պատմութիւնը նոյնպէս կը կապէ շրջակայ երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմութեան հետ։
 
Անշուշտ, հարուստ գիտելիքներու եւ օտար երկիրներու պատմութեանց տեղեակ ըլլալուն շնորհիւ է որ, ան կրնայ իր հայրենիքի պատմութեան առանձին դրուագներն ու դէպքերը կապել [[Հռոմ|Հռոմի]], [[Բիւզանդիա|Բիւզանդիայի]], [[Պարսկաստան|Պարսկաստանի]], [[Արաբական Խալիֆայութիւն|Արաբական ԽալիՖայութեան]] եւ միւս երկիրներու պատմութեանց համանման իրադրութիւններուն հետ, երբեմն ալ կատարել ճիշդ ու համոզիչ եզրակացութիւններ։
 
== Մովսէս Կաղանկատուացիի «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» աշխատութեան գեղարուեստական արժէքը որպէս պատմագրական սկզբնաղբիւր եւ հրատարակութիւնները ==
Մովսէս Խորենացին, Եղիշէն եւ միւսները շատ կարեւոր դեր խաղցած են Մովսէս ԿաղանկատվացիիԿաղանկատուացիի նման՝ գեղարուեստական խօսքի եւ ճաշակի ձեւաւորման գործին մէջ. այս առումով, այնքան պարզ, բնական ու գունագեղ է, օրինակ՝ Ճիվանշիրի մօտ հեղինակին տեսած փիղի ու թութակի նկարագրութիւնները։
 
Աղուանից Պատմութեան մէջ առանձնապէս արժեքաւոր են ա՛յն հատուածները, որոնք կը վերաբերին [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] տարածման պատմութեան, [[Մեսրոպ Մաշտոց|Մեսրոպ Մաշտոցի]] ունեցած կարեւոր դերին՝ բուն աղուանական գիրերու ստեղծման պարագային, եւայլն։ Արդարեւ մանրամասնութեամբ նկարագրուած են նաեւ՝ (Է.) դարու սկիզբները տեղի ունեցած պարսկա-բիւզանդական կռիւները։