«Շնչառութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 125.
 
== Ներշնչուող ու արտաշնչուող օդի բաղադրութիւնը ==
Ներշնչման ու արտաշնչման ճշգրիտ, ու չափաւոր հերթափոխման շնորհիւ թոքերուն եւ թոքաբշտերուն մէջ կը պահուի կայուն կազային բաղադրութիւն։
 
Ներշնչուող օդը կը պարունակէ մօտաւորապէս 79 % ազոտ, 21 % թթուածին եւ 0,03 % ածխաթթու կազ (ածխածինի երկթթուակ, բորոկածին)։ Անոր մէջ կան նաեւ քիչ քանակութեամբ շոգի, անշարժ կազեր (inert gases)։ Արտաշնչուող օդին մէջ թթուածինը կը կազմէ 16 %, ածխածինի երկթթուակի խտութիւնը կը հասնի մինչեւ 4 %, որ մօտաւորապէս 100 անգամ կը գերազանցէ ներշնչուող օդի իր պարունակութենէն, կ'աւելնայ նաեւ ջուրի շոգիի քանակը։ Ազոտի եւ մնացած բոլոր կազերուն պարունակութիւնը չի փոխուիր<ref name=":0">{{Cite book|title=A Textbook of Biology|author1=P.S.Dhami|author2=G.Chopra|author3=H.N. Shrivastava|publisher=Pradeep Publications|year=2015|isbn=|location=Jalandhar, Punjab|pages=V/101}}</ref>։
 
Ստորջրեայ սուզորդները թեքնիքական փորձարկման ժամանակ կրնան շնչել թթուածինով ու հելիումով հարուստ շնչառական կազային խառնուրդով։ Երբեմն բժշկական օգնութեան տակ գտնուող հիւանդներուն կը տրուի թթուածինային եւ ցաւազրկիչ կազեր։ Տիեզերական հագուստներուն մէջ անիկա մաքուր թթուածինն է <ref>{{Cite book|title=Biology|publisher=NCERT|year=2015|isbn=81-7450-496-6|location=|pages=}}</ref>։ Այնուամենայնիւ, ատիկա կը պահպանուի երկրի մթնոլորտային ճնշման մօտաւորապէս 20%-ի պայմաններուն մէջ, որպէսզի կարգաւորուի ներշնչման արագութիւնը։
 
== Միջավայրի վնասակար կազերու ազդեցութիւնը ==
Միջավայրի վնասակար [[կազ]]երը, [[թոք]]երուն հասնելով, յաճախ կ'առաջացնեն կայուն միացութիւններ եւ կը պահուին [[հիւսուածք]]ներուն մէջ։ Այդպիսի պարագաներու թունաւորման վտանգը կախեալ է ոչ միայն վնասական նիւթերու քանակէն, այլ նաեւ այդ միջավայրին մէջ մարդու մնալուն տեւողութենէն։ Մթնոլորտի [[օդ]]ի վնասակար նիւթեր կրնան ըլլալ արդիւնաբերական կազային թափօնները, ինքնաշարժներու արտանետումները, օգտագործուող շպարներե, ներկերը եւ այլ տեսակի ցնդող կազերը։ Վնասակար կազերէն է ածխածնի միաթթուակը՝ CO-ն, որ հեմոկլոպինի հետ կ'առաջացնէ կայուն միացութիւն եւ մարմնին մէջ կը զարգացնէ թթուածինի քաղց։ Երկարատեւ թթուածինի քաղցը կրնայ [[մահ]]ուան պատճառ դառնալ։
 
== Արտաքին միջավայրի ազդեցութիւնը շնչառութեան վրայ ==
Մարդու եւ [[կենդանիներ]]ու կենսագործունէութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունի մթնոլորտային [[օդ]]ի բաղադրութունը, որ կրնայ փոխուիլ արտաքին միջավայրի տարբեր պայմաններուն մէջ։ Մթնոլորտային օդի թթուածինի քանակը կը վերականգնուի [[բոյսեր]]ու շնորհիւ։ Սակայն վատ օդափոխուող տեղերու, ներքնատներուն մէջ, ինչպէս նաեւ լեռներու վրայ կը նկատուի թթուածինի անբաւարարութիւն։
 
=== Շնչառութիւնը բարձրութեան վրայ ===
Ծովու մակարդակէն բարձրանալու ժամանակ [[Մթնոլորտային ճնշում|մթնոլորտային ճնշումը]] կը նուազի եւ քանի որ խոռոջները օդատար ուղիներուն շնորհիւ բաց են արտաքին օդին համար, թոքերուն մէջ ճնշումը նոյնպէս կը նուազի նոյն արագութեամբ. կախում ունի բարձրութենէն։ Բարձրութեան վրա այնպէս, ինչպէս ծովու մակարդակին, կրկին անհրաժեշտ է ճնշման փոփոխութիւն՝ օդը թոքերուն անցնելու համար։ Բարձրութեան վրայ շնչառութեան մեքանիզմը կը նմանի ծովու մակարդակի շնչառութեան, սակայն առկայ են հետեւեալ տարբերութիւնները․
 
Մթնոլորտային ճնշումը բացառաբար կը նուազի բարձրութեան վրայ՝ մօտաւորապէս կրկնակի անգամ նուազելով 5000 մ (18000 ոտք) բարձրութեան վրայ<ref name="altitude">{{cite web|url=http://www.altitude.org/calculators/air_pressure.php|title=Online high altitude oxygen calculator|publisher=altitude.org|archiveurl=https://archive.is/20120729214053/http://www.altitude.org/calculators/air_pressure.php|archivedate=29 July 2012|accessdate=15 August 2007|deadurl=yes|df=}}</ref>։ Սակայն մթնոլորտային օդին կազմը գրեթէ չի փոխուիր 80քմ-էն ցած բարձրութիւններու վրայ՝ անընդհատ եղանակային փոփոխութիւններու շնորհիւ<ref name="tyson" />։ Այդպիսով, թթուածինի խտացումը օդին մէջ (1 մմոլ թթուածին իւրաքանչիւր 1լ օդին մէջ) կը նուազի նոյն մթնոլորտային ճնշման արագութեամբ<ref name="tyson">{{cite book|title=The weather and climate of Southern Africa.|last1=Tyson|first1=P.D.|last2=Preston-White|first2=R.A.|publisher=Oxford University Press|isbn=9780195718065|location=Cape Town|publication-date=2013|pages=3–10, 14–16, 360}}</ref>։ Ծովու մակարդակին, ուր [[Շրջակայ միջավայրի ճնշում|շրջակայ միջավայրի ճնշումը]] մօտաւորապէս 100 քՊա է, թթուածինը կը կազմէ մթնոլորտային օդին 21%-ը, իսկ անոր մասնակի ճնշումը 21 քՊա է (այսինքն 100քՊա-ի 21%-ը)։ [[Էւերեսթ]]ի գագաթին (8848մ կամ 29029 ոտք), ուր ընդհանուր մթնոլորտային ճնշումը 33.7 քՊա է, թթուածինը կրկին կը կազմէ մթնոլորտին 21%-ը , իսկ անոր մասնակի ճնշումը կը կազմէ ընդամէնը 7.1 քՊա (քանի որ 33.7 քՊա-ի 21%-ը հաւասար է 7.1 քՊա-ի)<ref name="tyson" />։ Այդ պատճառով ալ աւելի մեծ ծաւալով օդ անհրաժեշտ է ներշնչել, քան ծովու մակարդակին, որպէսզի նոյն ժամանակահատուածին միեւնոյն քանակութեամբ թթուածին շնչենք։
 
Ներշնչելու ժամանակ օդը կը տաքնայ եւ կը հագենայ [[Ջրային շոգի|ջրային շոգիներով]] քիթի խոռոչով եւ ըմպանով անցնելով միչեւ խոռոջներ հասնիլը։ Ջուրին հագեցած շոգիի ճնշումը կախեալ է միայն ջերմաստիճանէն․ 37°C-ին անիկա կը կազմէ 6.3 քՊա (47.0 մմ ս․ս․) անկախ այլ կամայական ազդեցութիւններէ՝ ներառեալ բարձրութիւնը<ref>{{cite book|title=Scientific Tables|last1=Diem|first1=K.|last2=Lenter|first2=C.|publisher=Ciba-Geigy|edition=Seventh|location=Basle, Switzerland|publication-date=1970|pages=257–258}}</ref>։ Հետեւաբար ծովու մակարդակին շնչափողի օդը (ներշնչումէն ետք մինչեւ խոռոջներ թափանցելը) կազմուած է ջրային շոգիէ (մասնակի ճնշումը = 6.3 քՊա), ազօտէ (մասնակի ճնշումը = 74.0 կՊա), թթուածինէ (մասնակի ճնշումը = 19.7 քՊա) եւ ածխածինի երկթթուակի ու այլ կազերու փոքր քանակութիւններէ՝ ընդհանուր 100 քՊա գումարային ճնշումով։ Չոր օդին թթվածնի մասնակի ճնշումը ծովու մակարդակին կը կազմէ 21 քՊա ի տարբերութիւն շնչափողին մէջ գտնուող օդին մէջ անոր մասնակի ճնշման՝ 19.7 քՊա (21%x [100-6.3] = 19.7 քՊա)։ Էւերեսթի գագաթին շնչափողի օդը ունի 33.7 քՊա ընդհանուր ճնշում, որմէ 6.3 քՊա-ը բաժին կ'իյնայ ջրային շոգիին՝ նուազեցնելով թթուածինի մասնակի ճնշումը մինչեւ 5.8 քՊա (21% x [33,7-6,3] = 5,8 քՊա), որով կը հաշուարկուի մթնոլորտային ճնշման նուազեցումը (7,1 քՊա):
 
Ներշնչման ժամանակ օդը թոքեր մղող [[Ճնշման համեմատութիւն]]ը նոյնպէս կը նուազի բարձրութենէն կախեալ։ Թոքերուն ծաւալը կը կրկնապատկէ թուլցած ճնշումը որեւէ բարձրութեան վրայ։ Ծովու մակարդակի օդային ճնշման (100 քՊա) նուազիլը կը հանգեցնէ 50 քՊա ճնշման համեմատութեան, բայց նոյնը կը կատարուի նաև 5500մ բարձրութեան վրայ, ուր մթնոլորտային ճնշումը 50 քՊա է եւ թոքերու ծաւալը կը կրկնապատկէ թուլցած ճնշումը մինչեւ 25 քՊա ճնշման համեմատութիւն։ Գործնականին մէջ, քանի որ մենք կը շնչենք նուրբ եւ յաճախակի ձեւով, որ կ'առաջացնէ միայն 2-3 քՊա ճնշման համեմատութիւններ, ուստի ատիկա քիչ ազդեցութիւն կ'ունենայ թոքերու ներթափանցման իրական յաճախութեան վրայ ու դիւրութեամբ կը փոխհատուցուի աւելի խոր շնչառութեամբ<ref>{{cite book|title=Respiratory physiology: the essentials.|last1=West|first1=J.B.|publisher=Williams & Wilkins|location=Baltimore|publication-date=1985|pages=21–30, 84–84, 98–101}}</ref><ref>{{cite journal|last1=Koen|first1=Chrisvan L.|last2=Koeslag|first2=Johan H.|title=On the stability of subatmospheric intrapleural and intracranial pressures|journal=News in Physiological Sciences|publication-date=1995|volume=10|pages=176–178}}</ref>։ Օդի ցած [[Մածուցիկութիւն|մածուցիկութիւնը]] բարձրութեան վրայ թոյլ կու տայ օդը աւելի հեշտութեամբ հոսելու, ինչպէս նաեւ կ'օգնէ փոխհատուցելու ճնշման համեմատութեան կամայական կորուստը։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==