«Շնչառութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 145.
 
Ներշնչման ժամանակ օդը թոքեր մղող [[Ճնշման համեմատութիւն]]ը նոյնպէս կը նուազի բարձրութենէն կախեալ։ Թոքերուն ծաւալը կը կրկնապատկէ թուլցած ճնշումը որեւէ բարձրութեան վրայ։ Ծովու մակարդակի օդային ճնշման (100 քՊա) նուազիլը կը հանգեցնէ 50 քՊա ճնշման համեմատութեան, բայց նոյնը կը կատարուի նաև 5500մ բարձրութեան վրայ, ուր մթնոլորտային ճնշումը 50 քՊա է եւ թոքերու ծաւալը կը կրկնապատկէ թուլցած ճնշումը մինչեւ 25 քՊա ճնշման համեմատութիւն։ Գործնականին մէջ, քանի որ մենք կը շնչենք նուրբ եւ յաճախակի ձեւով, որ կ'առաջացնէ միայն 2-3 քՊա ճնշման համեմատութիւններ, ուստի ատիկա քիչ ազդեցութիւն կ'ունենայ թոքերու ներթափանցման իրական յաճախութեան վրայ ու դիւրութեամբ կը փոխհատուցուի աւելի խոր շնչառութեամբ<ref>{{cite book|title=Respiratory physiology: the essentials.|last1=West|first1=J.B.|publisher=Williams & Wilkins|location=Baltimore|publication-date=1985|pages=21–30, 84–84, 98–101}}</ref><ref>{{cite journal|last1=Koen|first1=Chrisvan L.|last2=Koeslag|first2=Johan H.|title=On the stability of subatmospheric intrapleural and intracranial pressures|journal=News in Physiological Sciences|publication-date=1995|volume=10|pages=176–178}}</ref>։ Օդի ցած [[Մածուցիկութիւն|մածուցիկութիւնը]] բարձրութեան վրայ թոյլ կու տայ օդը աւելի հեշտութեամբ հոսելու, ինչպէս նաեւ կ'օգնէ փոխհատուցելու ճնշման համեմատութեան կամայական կորուստը։
 
Շնչառութեան վրայ ցած մթնոլորտային ճնշման վերը նշուած բոլոր հետեւանքները սովորաբար կը կարգաւորուին շնչառութեան վայրկեանական ծաւալը մեծցնելով (իւրաքանչիւր վայրկեանի ներշնչուած կամ արտաշնչուած օդին ծավալը), որուն կատարման մեքանիզմը ինքնաբերաբար է։ Պահանջուած յստակ աճը կ'որոշուի [[Շնչառական կազերու հաւասարակշռուած մեքանիզմ|շնչառական կազերու հաւասարակշռուած մեքանիզմով,]] որ կը կարգաւորէ զարկերակային արեան մէջ թթուածինի եւ ածխածինի երկթթուակի մասնակի ճնշումը։ Այս [[Հաւասարակշռուած մեքանիզմ|հաւասարակշռուած մեքանիզմը]] կը գերադասէ զարկերակային արեան մէջ ածխաթթու կազի մասնակի ճնշման կարգաւորումը թթուածինի նկատմամբ ծովու մակարդակին։ Այսինքն, ծովուն մակարդակին վրայ զարկերակային արեան մէջ ածխածինի երկթթուակի մասնակի ճնշումը կը պահպանուի գրեթէ 5.3 քՊա (կամ 40 մմ ս․ ս․) հանգամանքներու լայն շրջանակի պայմաններուն մէջ զարկերակային արեան մէջ թթուածինի մասնակի ճնշման հաշիւին, որ կրնայ տատանուիլ մեծ տիրոյթներու մէջ՝ նախքան շտկող օդափոխիչ արձագանքի յայտնուիլը։ Այնուամենայնիւ, երբ մթնոլորտային ճնշումը (հետեւաբար, նաեւ մթնոլորտային թթուածինի մասնակի ճնշումը) կ'իյնայ 75% -էն ցած ծովի մակարդակին նոյն ցուցանիշէն, թթուածինի հաւասարակշռութիւնը կը կարեւորուի ածխածինի երկթթուակի հաւասարակշռութեան նկատմամբ։ Ասիկա տեղի կ'ունենայ մօտաւորապէս 2500 մեթր բարձրութեան վրայ (8,200 ոտք)։ Եթր այս ընդհատումը համեմատաբար կտրուկ կ'ընթանայ, ապա շատ բարձրության վրայ քիչ օդափոխութիւնը կրնայ հանգեցնել զարկերակային արեան մէջ ածխածինի երկթթուակի մասնակի ճնշման կտրուկ անկման, որուն պատճառով կ'առաջանայ [[Արեան փլազմայի pH|արեան պլազմայի pH-ի]] (արեան փլազմայի թթուութեան) բարձրացում՝ հանգեցնելով շունչի պակասութեան։ Ասիկա [[Բարձունքային հիւանդութիւն|բարձունքային հիւանդութեան]] պատճառներէն մէկն է։ Միւս կողմէ, եթէ թթուածինի հաւասարակշռման անցումը թերի է, ապա թթուածինի պակասութիւնը կրնայ բարդացնել ախտանշանները` մղելով մինչեւ մահացու պայմաններ։
 
Բարձրունքային հիւանդութենէն խուսափելու համար կ'առաջարկուի բարձրութիւնները նուաճել աստիճանաբար՝ ճամբան անցնիլ ընդհատումներով։
 
Աւելի շատ բարձրութիւններու վրայ կը խախտուի մարդուն հոգեկան վիճակը. կ'առաջանայ ինքնահսկման եւ գիտակցութեան կորուստ։ Առանց թթուածինի սարքի այս պայմաններու մէջ գտնուիլն ու աշխատիլը անկարելի է։
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==