«Ասփիրին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: է: → է։, ): → )։ using AWB
 
Տող 1.
[[Պատկեր:Regular strength enteric coated aspirin tablets.jpg|200px|մինի|Ասփիրին դեղահատը]]
'''Ասփիրինը''', դեղերէն ամենաշատ գործածուողն է:է։ Յօդացաւեր, գլխացաւեր կամ բազմաթիւ այլ ցաւեր մեղմացնելու համար տրուած դեղագիրներու պատրաստութեան մէջ՝ դեղագործները ուրիշ ոեւէ դեղէ աւելի կը գործածեն ասփիրինը: Հաշուած են, օրական 42 միլիոն ասփիրինի դեղահատներ կը գործածուին՝ միմիայն [[Ամերիկա]]յի մէջ, այսինքն մօտաւորապէս տարեկան 100 դեղահատ ասփիրին իւրաքանչիւր անհատի համար: [[Անգլիա|Անգլիոյ]] մէջ ալ ասփիրինի գործածութիւնը մեծ համեմատութիւններու կը հասնի:
 
== Ասփիրինին պատմութիւնը ==
Տող 18.
Ասփիրինը բազմազան յատկութիւններ ունի, որոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը՝ բնականէն բարձր ջերմութիւնները պակսեցնելն է, առանց սակայն մարդկային մարմնի բնական տաքութեան վրայ ազդեցութիւն գործելու: Օրինակ, երբ հիւանդ մը բարձր տաքութիւն ունի 39 աստիճան՝ ասփիրին առնելէ վերջ տաքութիւնը կ'իջնէ 38 աստիճանի: Բայց մէկը որ գլխու ցաւէ կը տառապի առանց տաքութիւն ունենալու, եթէ ասփիրին առնէ՝ գլխու ցաւը կը թեթեւնայ, բայց բնական տաքութիւնը մարմնին, 37 աստիճան, կը մնայ անփոփոխ:
 
Բժիշկները նկատած են որ առնուելէն 10 վայրկեան վերջ՝ ասփիրինը կ'անցնի արեան մէջ: Ան աւելի շուտ կ'ազդէ երբ հիւանդը միաժամանակ կը գործածէ քիչ քանակութեամբ (bicarbonate):։ Այս վերջինը կը մեղմացնէ նաեւ ստամոքսի գրգռութիւնները, որոնք յաճախ առաջ կու գան ասփիրինի մեծաքանակ գործածութենէն:
 
4000 հիւանդներու վրայ փորձուած եւ հաստատուած է որ մարմինը երբեք չի վարժուիր ասփիրինին, եւ անոնք որ յաճախ կը գործածեն զայն, ոեւէ ատեն կրնան դադրեցնել անոր գործածութիւնը՝ առանց այլեւս պահանջք զգալու:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ասփիրին» էջէն