«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Գրական վաստակ: Խմբագրուած են կենսագրութեան մնացեալը եւ երկերու ցանկը։
→‎Կենսագրութիւն: Պոլսոյ «Ազդակ»ը կապ չունի Պէյրութի «Ազդակ»ին հետ։
Տող 11.
1910-ին, [[Փարիզ]]ի մէջ, ամուսնացած է գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամի (Եաննի Ապել) հետ, որուն հետ ծանօթացած է իր ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն Ազնաւուրեանի միջոցով։ Վկայուելէ ետք, 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւն ձեռք բերած է։ 1912-ին, Լոզանի մէջ, ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ, դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։ Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
 
1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծի ստեղծագործական բեղուն տարիները։ Անոր բանաստեղծութիւններն ու այլ գրութիւններլոյս տեսած են Կ. Պոլսոյ «Սուր­հան­դակ», «[[Ազդակ (օրաթերթ, արեւմտահայերէն)|Ազ­դակ]]», «Շանթ», «Հայ գրա­կա­նու­թիւն», «Ազա­տա­մարտ», Վենետիկի Մխիթարեաններու «Գեղունի», «Բազ­մա­վէպ», ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու մէջ։
 
Կրած է Ռուբէն Սեւակ գրական ծածկանունը։