«Հրաչ Տասնապետեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed Category:Անձինք using HotCat
→‎Հայագիտական աշխատանքները: Կատարուած է լեզուական խմբագրում։ Հանուած են ոչ-հանրագիտարանային բնոյթ ունեցող պարբերութիւնները։
Տող 31.
 
== Կրթութիւնը ==
Տասնապետեան յա­ճա­խած է ծննդավայր [[Հալէպ|Հա­լէ­պ]]ի Ազգային Հայ­կազ­եան ման­կա­պար­տէզը, ապա նա­խակր­թա­րա­նը։ Տա­րի մը Մխի­թար­եան վար­ժա­րան յա­ճա­խե­լէ ետք, ան­ցած է Հա­լէ­պի Ֆրան­սա­կան Լի­սեն, որու փա­կու­մէն ետք՝ երկ­րոր­դա­կան ուս­ման վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րը՝ 1945 էն սկսեալ, ամ­բող­ջա­ցու­ցած է Պէյ­րու­թի Ֆրան­սա­կան Լի­սէ­ին մէջ։ Տա­րի մը հե­տևած է Պէյ­րու­թի Ու­սո­ղու­թեան և Բնա­գի­տու­թեան Ուսմանց ու Հետազօտութիւններու Կեդ­րո­նի դա­սըն­թացք­նե­րուն, ապա 1947-ին մեկ­նած է [[Լի­ոն]] ([[Ֆրանսա]])։ Ստա­նա­լէ ետք բնա­գի­տու­թեան տիտ­ղո­սը, եր­կու տա­րի աշա­կեր­տած է Ճար­տա­րար­ուես­տա­կան Քիմ­ի­ա­գի­տու­թեան Բարձ­րա­գոյն դպրո­ցին, ուր­կէ վկայ­ուած է իբ­րև քիմ­ի­ա­գետգէտ-ճար­տա­րա­գետ։​գէտ։​ Թեկ­նա­ծու դառ­նա­լով տոք­թո­րա­կան աւար­տա­ճա­ռի, տա­րի մը փոր­ձա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի ըն­դուն­ուած է Փե­շի­նէ ըն­կե­րու­թեան մէջ<ref>[http://www.arfd.info/hy/?p=553 ԴԷՄՔԵՐ ԵՒ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ]</ref>։
 
== Մանկավարժական գործունէութիւնը ==
Տող 38.
1968-ի ամա­ռը, Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան կը նշա­նակ­ուի Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն։ Գի­տու­թեան բազ­մա­տա­ղանդ ու­սու­ցի­չը, 32 տա­րի Հա­մազ­գա­յի­նի ի սպաս կը դնէ իր մտա­ւո­րա­կան ու վար­չա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Դպրո­ցի ու­սում­նա­կան վե­րել­քին, տնտե­սա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ապա­հով­ման, աշա­կեր­տու­թեան թուա­կան աճին ու ճե­մա­րա­նի ճա­ռա­գայ­թու­մին ի նպաստ ճի­գե­րը կ'ար­դիւ­նա­ւոր­ուին ըստ ամե­նայ­նի։ Ճե­մա­րա­նը ան­խա­փան կը շա­րու­նա­կէ իր առա­քե­լու­թիւնը, լի­բա­նան­եան քա­ղա­քաց­ի­ա­կան եր­կա­րա­տեւ պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հին մէջ, կայ­քէ կայք տե­ղա­փոխ­ուե­լով եր­բեմն, վե­րի­վայ­րում­նե­րով ու բազ­մա­պի­սի դժուա­րու­թիւն­նե­րով, բայց միշտ անե­րեր։ Այդ նոյն շրջա­նին կը կա­ռուց­ուին [[Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան|Մ. եւ Հ. Արս­լան­եան ճե­մա­րա­ն]]ի եւ Նոր­սիկ­եան ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քե­րը։
 
Այդ ընթացքին, Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան կը հրատարակէ նաեւ հայերէնով գիտութեան դպրոցական դասագիրքերու շարք մը, որ եր­կար տա­րի­ներ կը գոր­ծած­ուի թէ՛ Ճե­մա­րա­նի եւ թէ՛ լիբանանահայ այլ վար­ժա­րան­նե­րու մէջ։ Որոշ ժամանակ եղած է նաեւ Լիբանանահայոց թեմի Ուսումնական Խորհուրդի անդամ։
 
Տասնապետեան 1974-ին կարճ շրջան մը եղած է նորաբաց Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի առաջին տնօրէնը, հետագային՝իսկ հետագային երկար տարիներ դասախօսած է նոյն հաստատութեան մէջ։
 
== Կուսակցական գործունէութիւնը ==
Տող 50.
 
{{քաղվածք|Դաշ­նակ­ցա­կա­նու­թիւնը,​ իր զա­նա­զան առա­քի­նու­թիւն­նե­րով, հա­ւա­քա­կան աւանդն է բո­լո­րին, հա­մա­պար­փակ գու­մա­րը բո­լո­րի՛ նկա­րագ­րա­յին շեշտ­ուած գի­ծե­րուն։ Մթնո­լորտ է ան, որ պի­տի աշ­խա­տինք վառ պա­հել` իբ­րեւ ներշն­չա­րան։ Բա­րո­յա­կան իւ­րա­յա­տուկ դի­մագ­ծու­թիւն է ան, որուն աս­տի­ճա­նա­կան իւ­րաց­ման պի­տի ձգտինք` հա­ղոր­դու­թեան եւ ան­խար­դախ կի­րար­կու­մի ճամ­բով։ Եւ ար­ժա­նի ըլ­լա­լու հա­մար լրիւ ու իրա՛ւ դաշ­նակ­ցա­կան մար­դու դժուար կո­չու­մին, Դաշ­նակ­ցու­թեա՛ն հա­մար, անոր հե­տապն­դած նպա­տակ­նե­րուն հա­մար` որոնց հա­ւա՛տ­քը ու­նինք, ամէն օր քիչ մը աւե­լի պի­տի դաշ­նակ­ցա­կա­նա­նա՛նք:|Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­ն}}
 
Արցախեան պահանջատիրական պոռթկումին ու ազատագրական պայքարին հետ Հրաչ Տասնապետեանի հոգին կը ցնծար, որովհետեւ իր եւ իր սերնդակիցներու ցանած սերմերը հայրենիքի մէջ սկսած էին ծլարձակուիլ, եւ ան յուզումնախառն մեծ զգացումներով կը բարձրաձայնէր` «համազգային եւ ազնիւ պարտականութիւն է բոլորիս համար մեր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել դիւցազնական Արցախին` ի խնդիր անոր բնական եւ օրինաւոր տրամադրութիւններու իրականացման, ի խնդիր, միաժամանակ, Միացեալ Հայաստանի առաջին հանգրուանի նուաճման»:
 
Կուսակցական թէ հասարակական իր կեանքին մէջ Հրաչ Տասնապետեան աչքի կը զարնէր իր անաչառութեամբ` անխտիր բոլոր ընկերներու նկատմամբ, եւ այդ պատճառով ալ յարգելի անձնաւորութիւն էր բոլորին համար: Անաչառ այս վերաբերումը կը բխէր իր բարի նկարագրէն եւ այն գուրգուրանքէն, զոր ան ունէր բոլոր մարդոց նկատմամբ, իր աշակերտներէն սկսեալ մինչեւ պաշտօնակիցները, գաղափարակից ընկերները եւ գաղափարական տարբեր հոսանքներու պատկանող անհատները: Ահա թէ ինչու ան հաւասար գնահատանքի ու փոխադարձ յարգանքի կ՛արժանանար բոլոր շրջանակներէն ներս:
 
== Հայագիտական աշխատանքները ==
Տող 63 ⟶ 59՝
1970-ական թուա­կան­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի որո­շու­մով, 4 կամ 5 ամառ­ներ կը զբա­ղի [[Պոս­թը­ն]]ի Հ.Յ.Դ. ար­խիւ­նե­րու դա­սա­ւոր­ման, ցու­ցա­կագր­ման ու պատ­ճէ­նա­հան­ման գոր­ծով, այ­նու­հե­տեւ միշտ մնա­լով այդ ար­խիւ­նե­րու բծախն­դիր ու­սում­նա­սի­րող մը։ Իր խմբագ­րու­մով կամ իր գրչի ար­գա­սի­քով հա­տո­րով կը հրա­տա­րակ­ուին շուրջ քսան աշ­խա­տու­թիւն­ներ, առանց հաշ­ուե­լու մա­մու­լի մէջ տպուած առա­ւել կամ նուազ ըն­դար­ձակ յօդ­ուած­ներն ու յօդ­ուա­ծա­շար­քե­րը։
 
ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբի արեւմտահայ ազգային- ազատագրական շարժման, ի մասնաւորի՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան այլազան խնդիրներուն նուիրուած են Տասնապետեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կազմակերպականկազմակերպական Կառոյցիկառոյցի Հոլովոյթըհոլովոյթը» (1974), «Ո՞վ է Դաշնակցականըդաշնակցականը» (1975), «Հայկական Հարցը» (1977), «Յեղափոխութիւն» (1978), «Իննսունամեայ Հաշուեկշիռհաշուեկշիռ» (1985), «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Իրիր Կազմութենէնկազմութենէն Մինչեւմինչեւ Ժ. Ընդհ. Ժողովը (‎1890-1924)» (‎1988), «Հայ յեղափոխական շարժումը մինչեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմութիւնը» (1990) եւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան յեղափոխական-մարտական գործունէութիւնը» (1994) ուսումնասիրութիւններն ու հանրամատչելի երկերը։ Անոնցմէ միմէկ քանին թարգմանուած են նաեւ արաբերէնի, անգլերէնի ու ֆրանսերէնի։
 
Տասնապետեանի հայագիտական թողօնին մաս կը կազմեն նաեւ «Հ.Յ.Դ. Արխիւ» խորագիրը կրող իր խմբագրած երկու ցուցակ-հատորները (1980-81), որոնք կը վերաբերին կուսակցութեան պատմութեան առաջին տասնամեակին՝ մինչեւ 1901, «Նիւթեր Հ.Յ.Դ. Պատմութեան Համար» շարքի առաջին չորս հատորները (1972-82), ուր ներկայացուած են մինչեւ 1907 երկարող բազմաթիւ կուսակցական փաստաթուղթեր, [[Արամ Մանուկեան]]ին, [[Քրիստափոր Միքայէլեան]]ին առնչուող, ինչպէս նաեւ «[[Ռոստոմ]]» (1979) «Ռոստոմ. Նամականի» (1999) եւ «Սիմոն Զաւարեան» (հ. 1-3, 1983-97) սկզբնաղբիւրներու ժողովածուները։
 
Տասնապետեանի հայագիտական թողօնին մաս կը կազմեն նաեւ «Հ.Յ.Դ. Արխիւ» խորագիրը կրող իր խմբագրած երկու ցուցակ-հատորները (1980-81), որոնք կը վերաբերին կուսակցութեան պատմութեան առաջին տասնամեակին՝ մինչեւ 1901, «Նիւթեր Հ.Յ.Դ. Պատմութեանպատմութեան Համարհամար» շարքի առաջին չորս հատորները (1972-82), ուր ներկայացուած են մինչեւ 1907 երկարողհասնող բազմաթիւ կուսակցական փաստաթուղթեր, [[Արամ Մանուկեան]]ին, [[Քրիստափոր Միքայէլեան]]ին առնչուող, ինչպէս նաեւ «[[Ռոստոմ]]» (1979), «Ռոստոմ. Նամականի» (1999) եւ «Սիմոն Զաւարեան» (հ. 1-3, 1983-97) սկզբնաղբիւրներու ժողովածուները։
Յետմահու լոյս տեսան «Պատմութիւն Հայ Յեղափոխական Շարժման Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» եւ «Յօդուածներու ժողովածու» (2007) հատորները։
 
Յետմահու լոյս տեսանտեսած են «Պատմութիւն Հայհայ Յեղափոխականյեղափոխական Շարժմանմարժման Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» եւ «Յօդուածներու ժողովածու» (2007) հատորները։
[[16 Մարտ|Մարտ 16]], 2001-ին Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի մա­հով Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը, Հա­մազ­գա­յի­նի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միու­թիւնը, ընդ­հան­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը կը կորսն­ցնէ բազ­մա­տա­ղանդ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը, որ ամ­բողջ յիս­նամ­եակ մը, իբ­րեւ ու­սու­ցիչ, տնօ­րէն, մտա­ւո­րա­կան, հրա­պա­րա­կա­գիր, հայ ար­ուես­տի ու ազա­տագ­րա­կան շարժ­ման պատ­մու­թեան հե­տա­զօ­տող, ազ­գա­յին­­-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ իր բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ի սպաս դրաւ հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նին, իր անու­նը մի­աց­նե­լով դաշ­նակ­ցա­կան երախ­տա­ւոր­նե­րու փա­ղան­գին։
 
== Երկեր ==
* Տասնապետեան, Հրաչ, «Հ. Յ. Դաշնակցութեան յեղափոխական-մարտական գործունէութիւնը», «Դրօշակ», [[Աթէնք]], 1994, թիւ 21, էջ 18-29, թիւ 22, էջ 28-38:
* Տասնապետեան, Հրաչ, «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)», Աթէնք, 1988, 259 էջ:
* Տասնապետեան, Հրաչ, «Պատմութիւն հայ յեղափոխական շարժման եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան», Պէյրութ, 2009, 504 էջ:
* Տասնապետեան, Հրաչ, «ՈվՈ՞վ է Դաշնակցականըդաշնակցականը», Պէյրութ, 1975, 58 էջ:
* Տասնապետեան, Հրաչ, «ՅոդուածներուՅօդուածներու ժողովածու», Պէյրութ, 2007, 639 էջ:
* Տասնապետեան, Հրաչ, «Յեղափոխութիւն», Պէյրութ, 1978, 159 էջ:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==