«Գրիգոր Նարեկացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 43.
Աղօթագիրքը գրաբարէն աշխարհաբարի վերածած է [[Մկրտիչ Խերանեան]]։ Հայ գրականութեան մէջ բազմաթիւ են աշխարհաբար թարգմանութիւնները։ [[Վազգէն Գէորգեան]] թարգմանած է աղօթագիրքին ծաղկաքաղը։
Գրականութեան պատմութեան մէջ Նարեկացին թերեւս առաջինն է, որ լայնօրէն օգտագործած է բաղաձայնութիւնը, ոտանաւորին երաժշտութեան համար։
Աղօթագիրքը յայտնի է «Նարեկ» անունով։ Զանազանուելով քնարական բանաստեղծութիւններու միւս հեղինակներէն՝ Նարեկացի պատմողական բնոյթի տարրեր բնաւ չէ օգտագործած։ Բայց բանաստեղծութիւնը էապես ունի իր սկիզբն ու վերջը, ներքին գարգացման կուռ միասնութիւնն ու ամբողջականութիւնը։ Բանաստեղծութեան մէջ խտացած են բանաստեղծին ողբերգական ապրումները, տարակոյսները, թեթէ ինք կրնա՞յ միանալ Աստուծոյ։ Ան կը տարակուսի,թե՝թէ՝ կրնա՞յ հասնիլ իր իտէալին՝ Աստուծոյ, որովհետեւ հետզհետէ կ'աճին իր մեղքերը։ Մինչդեռ Աստուծոյ հասնելու համար պէտք է մարդու գործերն ու վարմունքները, յոյզերն ու զգացումները մաքուր ըլլան ամէն տեսակի թերութիւններէ, ամէն տեսակի բացասական գիծերէ։ Կատարեալ մաքրութեան հասնելու համար, մարդ պէտք է ամէն ձեւով խոստովանի ու դատապարտէ իր վատ արարքները, մեղքերը։ Բանաստեղծը ինքզինքին մեղքեր ու յանցանքներ կը վերագրէ , կը դատապարտէ այն բոլոր բացասականը, զոր նկատած է մարդկային կեանքին ու իրականութեան մէջ։
Ան կը նկատէ, որ մարդկային ծնունդներէն ոչ մէկը իրեն չափ մեղաւոր չէ եղած, որովհետեւ չէ կրցած միտքի երիվարը բանականութեան սանձով կանգնեցնել եւ, «... մութ խորհուրդներու մէջէն սլանալով», մարդոց գործած բոլոր հին չարիքներուն նորերը։ Նոյնիսկ արարիչին դէմ նենգամիտ գտնուած է, ըմբոստացած, աստուածամարտ մտածումներ ունեցած է ու չէ վախցած անոր սպառնալիքներէն։ «Մատեան ողբերգութեան» մէջ ան կ'ըսէ.
- Սպառնացար, եւ ոչ զարհուրեցայ,