«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/05-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
* [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութեան]] յիշատակութեան օրը՝ Ապրիլ 24-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ բոլոր [[Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի|Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի]]ներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու բարեխօսական կարգը: Արարողութիւնները եղան դռնփակ COVID-19 «Պսակաձեւ ժահր»ի արտակարգ դրութեան ներքոյ։ Նոյն օրը, ժամը 12-ին, հնչեցին բոլոր հայ եկեղեցիներուն զանգերը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
* Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը սկսած է «Ցաւի Գոյնը» խորագիրը կրող առցանց նախագիծ, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոյին պատկանող հայ նկարիչներու շարք մը աշխատանքներ ներկայացնելով` նուիրուած Ցեղասպանութեան:
* [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու]] նախագահ [[Տանըլտ Թրամփ]] 24 Ապրիլ 2020ին հրապարակեց [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութեան]] վերաբերեալ իր ժխտողական ուղերձներէն մէկը եւս՝ զայն անուանելով «Հայոց Յիշատակի Օր»:
* Երկրորդ անգամ ըլլալով, [[Լիպիա|Լիպիոյ]] Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը գլխաւորութեամբ ըմբոստ հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարի ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2020 թուականի Ապրիլի 24-ին: 2019-ի ապրիլի 19-ին, Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը հանդէս եկած էր նմանօրինակ ճանաչումով: