«Ապուքիրի Ճակատամարտ (1799)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 23.
== Նախապատմութիւն ==
[[1798]]-ի աշնան Եգիպտոսը գրաւելէ ետք Նաբոլէոն, կ՛որոշէ արշաւանքը շարունակել եւ [[Սուրիա]]ն գրաւել, իսկ թուրքերը օգտուելով ֆրանսական բանակի մեծ մասի եւ Նաբոլէոնի բացակայութենէն, որոշեցին [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոսը]] վերադարձնել, անգլիական նաւատորմի օգնութեամբ Մուսթաֆա-փաշան տասնութ հազարանոց բանակով [[14 յուլիս]]-ին կ՛ափանէ Աբուքիր բերդի մօտ, իսկ երկու օր ետք բերդը կը գրաւեն։ Սակայն թուրքերը կ՛որոշեն չզարգացնել առաջխաղացումը եւ պաշտպանութեան կը պատրաստուին։ Նաբոլէոն տեղեկանալով Եգիպտոսի մէջ ծաւալուող իրադարձութիւններու մասին կը դադրեցնեն [[Աքքա (արեւմտահայերէն)|Աքքայի]] պաշարումը եւ անհապաղ Եգիպտոս կը վերադառնան։ [[25 յուլիս]]-ին ան Աբուքիրի մօտ 7700 զինուոր կը հաւաքէ եւ կ՛որոշէ Ապուքիրի ճակատամարտը սկսիլ , որպէսզի «մաքրէ» ֆրանսացի նաւաստիներու մէկ տարուայ վաղեմութեան ամոթալի հետքերը։
 
== Ճակատամարտի ընթացքը ==
Երկու ժամ տեւած պատրաստութենէն ետք կը սկսի երկու բլուրներու վրայ տեղակայուած թրքական եւ Ժան Լաննի մարտկոցներու միջեւ հրետանային մարտը։ Մեծաւոր [[Յոախիմ Մուրատ|Մուրատ]]ը առաջնագիծ կ՛ուղղարկէ երկու հեծելազօրային շարասիւն եւ իւրաքանչիւրին վեց թեթեւ թնդանօթ կը տրամադրէ։ Առաջին շարասիւնը դէպի թրքական զօրքերու գրաւուած բլուրներու միջեւ առկայ խորութիւնը ուղեւորուեցաւ։ Թուրք հրաձիգներու արձակած կրակոցները կը վնասէին ֆրանսական շարասիւնները, սակայն, երբ հեծեալնեուն զուգորդեց թեթեւ հրետանիի համազարկը՝ թիկունքէն թուրքերը կորսնցուցին նահանջելու տարածութիւնը եւ ինքնատիրապետումը։ Իսկ, երբ Ժան Լաննի ֆրանսական ծանր հրետանին կրակ բացաւ բլուրի վրայ տեղակայած թուրքերու վրայ վերջիններս խուճապահար փախուստի նետուեցան, սակայն անոնց ներքեւը երկրորդ շարասիւնը կը սպասէր. նահանջելու տեղ չկար այլեւս, որովհետեւ անոնց կը հետեւէր փոթորկոտ ծովը։ Ֆրանսացիներըկը գնդակահարէին թուրքերուն, իսկ հեծելազօրի գրոհի ժամանակ թուրքերը ծովը նետուեցան, իրենց նաւերուն հասնելու յոյսով, սակայն նաւերուն հասաւ միայն ջուրը նետուածներու 10 տոկոսը։ Թուրքերու կեդրոնը օգնութեան հասաւ, իսկ [[Յոախիմ Մուրատ|Մուրատ]] շրջապատեց անոնց<ref name="ReferenceA">Նապոլեոն. Հիշողություններ և ռազմա-պատմական ստեղծագործություններ. 569—572 էջեր.</ref>։ Լանիւսի հետեւակայինները Մուրատի գրոհի պատճառով առանց հեծելազօրի մնալով, որոշեցին Մուրատին հետեւել։ Թուրքերը այս անգամ եւս փրկութեան ճամբայ փնտռել, սակայն նոնց նոյն ճակատագիրը կը սպասէր։ Ճակատամարտը արդէն սկսած էր, թուրքերը արդէն 8000 զինուոր կորսնցուցած էին՝ 5400 ծովուն մէջ խեղդուած էին, 1400 սպաննուած էին, 1200-ը գերեւարուած էին, ֆրանսացիներու ձեռքը անցան 18 թնդանօթ, 30 արկերով լի սնտուկներ եւ 50 դրօշ։
 
Ֆրանսացիները արդէն կրնային թուրքերու երկրորդ գիծը գրոհել, սակայն թշնամին լաւ դիրք կը գրաւէր։ Աջէն եւ ձախէն անոնք պաշտպանուած էին նաւատորմերով եւ հրետանիով։ Սակայն առաջին հայացքէն այս անառիկ թուացող դիրքը չկրցաւ [[Նաբոլէոն Պոնապարտ|Նաբոլէոնին]] կանգնեցնել, ան հրուանդանի մօտ՝ թշնամիի թիկունքին հրետանային մարտկոցներ տեղակայեց։ Մարտի դաշտին վրայ ֆրանսացիներու փոքրաթիւ ջոկատը թուրքերու գնդակոծութեան ենթարկուեցաւ. 50 վիրաւորէն զատ բոլորը սպաննուեցան։ Թուրքերը իրենց սովորութեան համաձայն, վիրաւոր ֆրանսացիներուն գլխատելու նետուեցան։ Ֆրանսական 69-րդ կիսաբաինը վիրաւորներուն օգնութեան հասաւ, անոնց հեծելազօրը միացաւ։ Մուսթաֆա-փաշան յաթաղանը ձեռքին հաւատարիմ մարտիկներու հետ մինչեւ վերջ մարտնչեց, զրավար Մուրատ ծանր վիրաւորեց զայն, փաշան ատրճանակով կրակեց [[Յոախիմ Մուրատ|Մուրատ]]ին, սակայն փամփուշտը զօրավարի այտը վիրաւորեց եւ ի զարմանս բոլորի ոչ այտոսկրը վնասուեցաւ ոչ ալ ատամնաշարը<ref name="ReferenceB">Դ. Չանդլեռ. Նապոլեոնի ռազմական արշավանքները. Էջ 139.</ref>։ Փաշան հազարաւոր մարտիկներու հետ գերեւարուեցաւ, մնացածը դարձեալ լողալով փորձեցին նաւատորմին հասնիլ։ Թուրքերուն օգնութեան հասած անգլիական նաւատորմի ծովակալ Սիդնեյ Սմիթը հրաշքով փրկուեցաւ գերեւարուելէ։ Թուրքերը 100 ռազմական դրօշ կորսնցուցին, 32 հրանօթ, 120 զինամթերքով լի արկղ, սայլեր, 400 ձի եւ բազմաթիւ վրաններ։
 
== Արդիւնք ==