«Ապուքիրի Ճակատամարտ (1799)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Աբուքիրի ճակատամարտ (1799)}}
{{Տեղեկաքարտ Ճակատամարտ (արեւմտահայերէն)
|Ճակատամարտի անուանում = Ապուքիրի երկրորդ ճակատամարտ
|Հակամարտութիւն = [[Նաբոլէոն Պոնաբարտ#Եգիպտական արշաւանքը|Եգիպտական արշաւանք]]
|Պատկեր = [[Պատկեր:Antoine-Jean Gros - Bataille d'Aboukir, 25 juillet 1799 - Google Art Project.jpg|300 px]]
|Վերնագիր = [[Յոախիմ Մուրատ|ՄուրատՄուրատը]]ը Աբուքիրի ճակատամարտի ընթացքին
|Թուական = [[25 յուլիս]] [[1799]]
|Վայր = Ապուքիրի ծոց, [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]
Տող 25.
 
== Ճակատամարտի ընթացքը ==
Երկու ժամ տեւած պատրաստութենէն ետք կը սկսի երկու բլուրներու վրայ տեղակայուած թրքական եւ Ժան Լաննի մարտկոցներու միջեւ հրետանային մարտը։ Մեծաւոր [[Յոախիմ Մուրատ|ՄուրատՄուրատը]]ը առաջնագիծ կ՛ուղղարկէ երկու հեծելազօրային շարասիւն եւ իւրաքանչիւրին վեց թեթեւ թնդանօթ կը տրամադրէ։ Առաջին շարասիւնը դէպի թրքական զօրքերու գրաւուած բլուրներու միջեւ առկայ խորութիւնը ուղեւորուեցաւ։ Թուրք հրաձիգներու արձակած կրակոցները կը վնասէին ֆրանսական շարասիւնները, սակայն, երբ հեծեալնեուն զուգորդեց թեթեւ հրետանիի համազարկը՝ թիկունքէն թուրքերը կորսնցուցին նահանջելու տարածութիւնը եւ ինքնատիրապետումը։ Իսկ, երբ Ժան Լաննի ֆրանսական ծանր հրետանին կրակ բացաւ բլուրի վրայ տեղակայած թուրքերու վրայ վերջիններս խուճապահար փախուստի նետուեցան, սակայն անոնց ներքեւը երկրորդ շարասիւնը կը սպասէր. նահանջելու տեղ չկար այլեւս, որովհետեւ անոնց կը հետեւէր փոթորկոտ ծովը։ Ֆրանսացիներըկը գնդակահարէին թուրքերուն, իսկ հեծելազօրի գրոհի ժամանակ թուրքերը ծովը նետուեցան, իրենց նաւերուն հասնելու յոյսով, սակայն նաւերուն հասաւ միայն ջուրը նետուածներու 10 տոկոսը։ Թուրքերու կեդրոնը օգնութեան հասաւ, իսկ [[Յոախիմ Մուրատ|Մուրատ]] շրջապատեց անոնց<ref name="ReferenceA">Նապոլեոն. Հիշողություններ և ռազմա-պատմական ստեղծագործություններ. 569—572 էջեր.</ref>։ Լանիւսի հետեւակայինները Մուրատի գրոհի պատճառով առանց հեծելազօրի մնալով, որոշեցին Մուրատին հետեւել։ Թուրքերը այս անգամ եւս փրկութեան ճամբայ փնտռել, սակայն նոնց նոյն ճակատագիրը կը սպասէր։ Ճակատամարտը արդէն սկսած էր, թուրքերը արդէն 8000 զինուոր կորսնցուցած էին՝ 5400 ծովուն մէջ խեղդուած էին, 1400 սպաննուած էին, 1200-ը գերեւարուած էին, ֆրանսացիներու ձեռքը անցան 18 թնդանօթ, 30 արկերով լի սնտուկներ եւ 50 դրօշ։
 
Ֆրանսացիները արդէն կրնային թուրքերու երկրորդ գիծը գրոհել, սակայն թշնամին լաւ դիրք կը գրաւէր։ Աջէն եւ ձախէն անոնք պաշտպանուած էին նաւատորմերով եւ հրետանիով։ Սակայն առաջին հայացքէն այս անառիկ թուացող դիրքը չկրցաւ [[Նաբոլէոն Պոնապարտ|Նաբոլէոնին]] կանգնեցնել, ան հրուանդանի մօտ՝ թշնամիի թիկունքին հրետանային մարտկոցներ տեղակայեց։ Մարտի դաշտին վրայ ֆրանսացիներու փոքրաթիւ ջոկատը թուրքերու գնդակոծութեան ենթարկուեցաւ. 50 վիրաւորէն զատ բոլորը սպաննուեցան։ Թուրքերը իրենց սովորութեան համաձայն, վիրաւոր ֆրանսացիներուն գլխատելու նետուեցան։ Ֆրանսական 69-րդ կիսաբաինը վիրաւորներուն օգնութեան հասաւ, անոնց հեծելազօրը միացաւ։ Մուսթաֆա-փաշան յաթաղանը ձեռքին հաւատարիմ մարտիկներու հետ մինչեւ վերջ մարտնչեց, զրավար Մուրատ ծանր վիրաւորեց զայն, փաշան ատրճանակով կրակեց [[Յոախիմ Մուրատ|ՄուրատՄուրատին]]ին, սակայն փամփուշտը զօրավարի այտը վիրաւորեց եւ ի զարմանս բոլորի ոչ այտոսկրը վնասուեցաւ ոչ ալ ատամնաշարը<ref name="ReferenceB">Դ. Չանդլեռ. Նապոլեոնի ռազմական արշավանքները. Էջ 139.</ref>։ Փաշան հազարաւոր մարտիկներու հետ գերեւարուեցաւ, մնացածը դարձեալ լողալով փորձեցին նաւատորմին հասնիլ։ Թուրքերուն օգնութեան հասած անգլիական նաւատորմի ծովակալ Սիդնեյ Սմիթը հրաշքով փրկուեցաւ գերեւարուելէ։ Թուրքերը 100 ռազմական դրօշ կորսնցուցին, 32 հրանօթ, 120 զինամթերքով լի արկղ, սայլեր, 400 ձի եւ բազմաթիւ վրաններ։
 
== Արդիւնք ==