«Արեգակնային Դրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 10.
== Արեւ ==
[[Պատկեր:Planets and sun size comparison.jpg|մինի|ձախից|Արեւուն չափը միւս մոլորակներուն հետ բաղդատած]]
Արեգակնային դրութեան կեդրոնական մարմինը Արեւն է: Անիկա Արեգակնային դրութեան շուրջ 99.86% կը պարփակէ: [[Արեւ]]ը երկնային լուսաւոր մարմին մըն է, ուրեմն արեւն ալ աստղ մըն է, որ միւս աստղերուն ամէնէն փոքրիկը եւ երկրին ամէնէն մօտն է։ Այս պատճառով է, որ աւելի մեծ ու լուսաւոր կ'երեւի։ Մինչդեռ աստղեր ալ կան, որոնք արեւէն միլիոնաւոր անգամ մեծ ըլլալով հանդերձ, հազիւ կէտի մը չափ կ'երեւին, որովհետեւ մեզմէ անհունապէս հեռու են։ Աստղերուն հեռաւորութեան մասին գաղափար կազմելու համար պէտք է ըսել, թէ 10 հազար տարի առաջ մարող ծիր-կաթինի աստղերէն մին մարելէն ետք անգամ, 10 հազար տարի շարունակ իր լոյսը սփռած է Երկիր մոլորակին վրայ: Այլ խօսքով, աստղը թէեւ մարած է, բայց իր լոյսը 10 հազար տարի ճամբայ կտրած է:
Լոյսը մէկ երկվայրկեանուան ընթացքին 300.000 քիլոմեթր ճամբայ կը կտրէ. եթէ 10 հազար տարին երկվայրկեանի վերածենք, ապա 300.000-ով բազմպատկենք, կը ստանանք յիշեալ մարող աստղին եւ երկրինԵրկիր մոլորակին միջեւ եղած հսկայական միջոցը. իսկ միգամածներու աստղերուն լոյսը քանի մը տասնեակ հազար տարիէն մեզի հասնելով, անոնց եւ մեր միջեւ եղած միջոցը անհաւատալի կը թուի։
 
Արեւը երկիրէն 151.54 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
Տող 21.
Արեւուն մէջ մետաղներ ալ տեսնուած են. [[Գերմանիա|գերմանացի]] երկու գիտնականներ, Պունսէն եւ Քիիրխօֆ Արեւուն բաղադրութեան մէջ գտած են՝ [[Երկաթ Եւ Պողպատ|երկաթ]], քրոմ, նիքել, սոտիում, փոթասիում, մակնեզիում. բայց ո՛չ [[ոսկի]], ո՛չ [[արծաթ]], ո՛չ [[կապար]] եւ ոչ ալ [[պղինձ]] նշմարուած են անոր մէջ։
 
Արեւուն կողմերը [[ծով]]<nowiki/>ու ալիքներուն նման ալիքներ կը ձեւանան, իրարու կը բախին եւ կը փշռուին. իր բիծերուն՝ Երկրին երեւելէն ու կրկին կորսուելէն հետեւցուցած են իր առանցքին վրայ 25 ու կէս օրուան ընթացքին կատարած թաւալումը։ Ասկէ բացի, Արեւը թեթեւապէս զգալի հոլովական շարժում մըն ալ կը կատարէ Հերակլէս համաստեղութենէն երկինքէն դէպի որոշ մէկ կէտը. որմով անիկա երկու իրական շարժումներ կը կատարէ։
== Երկրային խումբի մոլորակներ ==
[[Պատկեր:Terrestrial planet size comparisons.jpg|մինի|ձախից|Երկրային խումբի մոլորակներ՝ Ձախէն աջ՝ Փայլածուն, Արուսեակը, Երկիրը եւ Հրատը:]]
Արեւուն մօտիկ չորս հսկայ մոլորակները, որոնք երկրային խումբի մոլորակներ կը կոչուին, գլխաւորաբար բաղկացած են ծանր տարրերէ, ունին փոքր քանակութեամբ արբանեակներ (0-2), եւ անոնք իրենց շուրջ օղակներ չունին:Անոնք կազմուած են այնպիսի դժուարահալ մետաղներէ, որոնք կը ձեւաւորեն Երկրին Վերին ծածկոյթը եւ Երկրակեղեւը, ինչպէս նաեւ՝ երկաթէ եւ նիքէլէ, որոնցմէ կազմուած է մոլորակներուն միջուկը:
 
Տող 36.
[[Պատկեր:Venus-real color.jpg|մինի|աջից|Արուսեակ մոլորակին իսկական գոյնը: Մոլորակը նկարահանուած է 1974-ին, Մարինըր 10 (Mariner 10) մարդամեքենային միջոցով:]]
Արուսեակը (''Venus'') ամենաշողշողուն եւ փառաւոր լոյս ցոլացնող մոլորակն է, որ կը կոչուի նաեւ ''Գիշերավար'' (''Vesper'')։ Արեւը մար մտնելէն ետք երեք չորս ժամ արեւմտեան հորիզոնին վրայ երեւելուն համար, իսկ ''Լուսաբեր'' (''Lucifer'') կամ ''Առաւօտեան աստղ''՝ արշալոյսէն երեք չորս ժամ առաջ [[արեւելք]]ի կողմը երեւելուն համար։ Երկրին մէջ եղած ատեն իր ցոլացուցած լոյսը այնքան զօրաւոր է, որ առաջին կարգի քսան աստղերու լոյսին կը հաւասարի եւ կրնայ կանոնաւոր շուք յառաջացնել։
[[Պատկեր:Venus structure.jpg|մինի|ձախից|Արուսեակին ներքին կառուցուածքը:]]
Երկրի մեծութիւնն ու ձգողութիւնը ունի։ Երկրին նման բեւեռները ցուրտ, իսկ հասարակածը տաք է.: Արեւը երկու անգամ աւելի կիզիչ է հոն. բարեբախտաբար ջուրի շոգիացումը աւելի արագ ըլլալով՝ գոյացող ամպերը կը մեղմացնեն ջերմութիւնը, որ միջին հաշուով 80 աստիճանի կը հասնի։ Հասարակածային մարզերը հաւանօրէն անբնակելի են, մինչ բեւեռները հակառակը, կը կարծուի թէ բնակչութիւն ունի եւ թերեւս անոնք աւելի երջանիկ են քան երկրացիք։ Այնտեղի բնակիչները խիստ յաճախ զրկուած են երկնքի գեղեցկութենէն՝ իրենց մոլորակին միշտ ամպոտ ըլլալուն համար իրենցպատճառով մոլորակը։։
 
== Երկիր ==
[[Պատկեր:The Earth seen from Apollo 17.jpg|մինի|աջից|Երկրագունդը՝ Apollo 17-էն նկարուած, 1972-ին: ]]
ԱրեւինԱրեւուն շուրջը դարձող երրորդ մոլորակն է Երկիրը, որ Արեւէն 14.790.000 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Հետեւաբար Արեւուն լոյսը [[երկիր]] հասնելու համար պէտք ունի 14.790.000/300.000=493 երկվայրկեանի կամ 8 վայրկեան եւ 13 երկվայրկեանի, քանի որ լոյսը մէկ երկվայրկեանի մէջ 300.000 քիլոմեթր ճամբայ կը կտրէ։ Երկրին շրջապատը 40.000.000 մեթր է, իսկ տարածութիւնը՝ 510 միլիոն քառակուսի քիլոմեթր է։ Արեւէն 1.300.000 անգամ փոքր է։ Երկու տեսակ շարժում ունի. իր առանցքին վրայ 24 ժամուան ընթացքին, Արեւուն բոլորտիքը 365 օրուան, 5 ժամուան, 48 վայրկեանի եւ 45 9/10 երկվայրկեանի ընթացքին։ Չորս եղանակ ունի. գարուն, ամառ, աշուն եւ ձմեռ՝ իւրանքանչիւրը երեք ամիս տեւողութեամբ։ Ունի մէկ արբանեակ՝ լուսինը, որ 50 անգամ փոքր է իրմէ։
 
== Հրատ ==
[[Պատկեր:OSIRIS Mars true color.jpg|մինի|աջից|Հրատը իր իսկական գոյնով, 2007-ին նկարահանուած:]]
Հրատը (''Mars)'' Արեգակնային դրութեան չորրորդ մոլորակն է: Անիկա Փայլածուէն ետք երկրորդ փոքր մոլորակը կը համարուի:
Հրատը ուսումնասիրուած է անօդաչու տիեզերանաւերով: Mariner 4-ը, որը ՆԱՍԱ-ի կողմէ գործարկուած է 28 Նոյեմբեր 1964-ին, առաջին տիեզերանաւն էր, որ այցելած է Հրատը ՝ մոլորակին իր ամենամօտ մերձեցումը կատարելով 15 Յուլիս 1965-ին:<ref>[https://solarsystem.nasa.gov/missions/mariner-04/in-depth/ Mariner 4 տիեզերանաւը]</ref>
Տող 54.
Ձմեռը ջերմաստիճանը զէրոյէն վար 120 աստիճանի (սանթիկրատ) կ'իջնէ բեւեռներուն վրայ, իսկ ամառը՝ բարեխառնութիւնը եթէ բարձրանայ՝ ձիւնի տկար մթերքը կամ եղեամը հալեցնելու չափ, ջերմութիւնը 15-20 աստիճանը չ'անցնիր։
 
ԳիտնականներԱստղագէտներ կը մտածեն անթել հեռագիրով կամ ելեկտրական զօրաւոր լոյսով մը նշան տալ հրատցիներուն։ ԳիտնականԱստղագէտ մը Հրատէն շողացող ուժեղ լոյսէ մը կ'եզրակացնէ, թէ հրատցիք նշան կ'ընեն երկրացիներուն, իսկ զարմանալին այն է, որ երկրագունդի վրայ եղող անթել հեռագիրի կազմածներուն վրայ շարունակ S նշանը տրուած է 1920-ին՝ մինչեւ հիմա անծանօթ մնացած տեղէ մը.ըստ գիտնականներունԱստղագէտներուն, այդ նշանը հրատցիներ են, զորս կու տան, իսկ ոմանք ալ կը կարծեն, թէ Արեւուն բիծերէն կը յառաջանայ։ Ունի երկու արբանեակ։
Հրատը պարզ աչքով տեսանելի մոլորակ մըն է:
Այսօրուան դրութեամբ (Երկիր մոլորակէն ետք), Հրատը Արեգակնային դրութեան ամենամանրակրկիտ ուսումնասիրուած մոլորակը կը համարուի:
Տող 60.
 
== Լուսնթագ ==
[[Պատկեր:Jupiter and its shrunken Great Red Spot.jpg|մինի|ձախից|Լուսնթագը նկարուած ՆԱՍԱ-ի կողմէ, 21 Ապրիլ, 2014-ին: ]]
ԼուսնթագuԼուսնթագը (''Jupiter'') արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ եւ ամէնէն ծանր մոլորակն է: Անոր մօտ երկրագունդը մրջիւնի մը նման փոքրիկ կ'երեւի:Անիկա շատ լուսաւոր է եւ կարելի է զայն դիւրութեամբ հեռադիտակով մը տեսնել:<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/295790 Լուսնթագը]</ref>
Երկրէն 1300 անգամ մեծ մոլորակ մըն է., բայց անկէ 26 անգամ աւելի արագ կը դառնայ. այդ պատճառով 10 ժամուան ընթացքին կը կատարէ իր թաւալումը, որու իբրեւ հետեւանք՝ գիշերն ու ցերեկը հինգական ժամ կը տեւեն հոն։ Թէեւ մշտնջենական գարուն կը տիրէ հոն, սակայն երկրագունդի ձմեռէն աւելի ցուրտ է։ Ունի կազային վիճակ եւ չորս արբանեակ։
Լուսնթագը օժտուած է 63 լուսիններով:
Լուսնթագին շուրջը դարձող երիզները ամպերէ կազմուած են:
Տող 70.
 
== Երեւակ ==
[[Պատկեր:Cassini Saturn Orbit Insertion.jpg|մինի|աջից|Cassini–Huygens աստղանաւուն մուտքը՝ Երեւակ:]]
Երեւակը (''Saturn'') Տժգոյնտժգոյն կապտագոյն փայլքով մոլորակ մըն է, որ Արեւուն շուրջը կը դառնայ 3 տարուան ընթացքին, հետեւաբար իր եղանակները 7 ու կէսական տարի կը տեւեն։ Իր հասարակածին շուրջ՝ առանց անոր դպչելու, 200 քիլոմեթրէն աւելի հաստութեամբ մանեակ մը կայ, որ մոլորակին հետ միասին նոյն ուղղութեամբ եւ միեւնոյն արագութեամբ կը դառնայ։ Մոլորակին եւ մանեակին միջոցը այնքան մեծ է, որ մէջէն աստղեր կ'երեւին։ Ունի հեղուկ վիճակ եւ ութ արբանեակ։
 
Լուսնթագն ու Երեւակը արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ մոլորակներն են: Ըստ երկրագունդի տրամաչափին, Լուսնթագը երկրագունդէն 11 անգամ աւելի մեծ է, իսկ Երեւակը` մօտաւորապէս 9 անգամ:
Տող 80.
 
== Ուրան ==
[[Պատկեր:Uranus2.jpg|մինի|աջից|Ուրանը նկարահանուած Voyager 2-էն՝ 1986-ին:]]
Ուրանը (Uranus) Արեւէն հեռու եօթներորդ մոլորակն է: Արեգակնային դրութեան չորրորդ մեծ մոլորակն է:
Արեւուն շուրջը կը դառնայ 84 տարուան ընթացքին, եւ այդ պատճառով իր եղանակները 21-ական տարի կը տեւեն։ Լոյսն ու ջերմութիւնը 360 անգամ նուազ են երկրի լոյսէն ու ջերմութենէն, հետեւաբար, իր վրայ տիրող ամառը երկրի բեւեռներուն վրայ տիրող ցուրտէն շատ աւելի ցուրտ պէտք է ըլլայ։ Արեւը իր վրայէն պարզ աստղի մը պէս կ'երեւի։
Տող 99.
Այս շարժումներու միջոցին իր լոյսը կ'առնէ Արեւէն, ու մեզի կը ներկայացնէ զանազան լուսներեւոյթներ, որոնք դիմայեղում (Phase) կ'ըսուին։ Երկրին եւ Արեւուն հանդէպ առած դիրքին համեմատ կը ստանայ յաջորդաբար մահիկի մը, կիսաշրջանակի մը եւ շրջանակի մը ձեւը։ Լուսինին գլխաւոր դիմայեղումները չորս են՝ ''Նոր լուսին, առաջին քառորդ, լիալուսին եւ վերջին քառորդ։''
 
Լուսինը Երկիր մոլորակին նման պաղած եւ հաստատունի վերածուած գունդ մըն է: Անիկա զուրկ է մթնոլորտէ, ջուրէ եւ ամպէ: Ծածկուած է բարձր լեռներով եւ հրաբխային ընդարձակ խառնարաններով. իր վրայ եղող լեռներէն Լայպնիձի լեռը, որ երկրի վրայ եղող [[Էվերէսթ|Էվերեսթ]]ին (8840 մեթր) կը հաւասարի, ունի 8000 մեթր բարձրութիւն. Տէօրֆէլի լեռը՝ 7603 եւ Նեւտոնի լեռը՝ 7264 մեթր։ Այս լեռները կրային նիւթերէ կազմուածի պէս կ'երեւին։
 
ԳիտնականներԱստղագէտներ պատրաստած են լուսինին աշխարհացոյցը եւ անոր վրայ նշանակած են [[Միջերկրական Ծով|Միջերկրական ծով]], Հումպոլտի ծով, Երազներու լիճ, Մրրիկներու Ովկիանոս եւ այլն, թէեւ անոր վրայ իսկական ծովեր չկան։ Գլավիուսի կրկէսը մօտաւորապէս 220 քիլոմեթր լայնք ունի. մարդ մը հազիւ 15 օրէն կրնայ անոր բոլորտիքը դառնալ։ Իր վրայ եղած ձգողութիւնը երկիրինէն շատ նուազ ըլլալուն պատճառով երկրին վրայ 100 քիլօկրամ կշռող մարմին մը հոն 15 քիլօկրամ կը կշռէ։ Իր վրայ 60 ժամ անդադար քալելով պիտի յոգնէինք այնքան, որքան պիտի յոգնէինք երկրի վրայ 8-9 ժամ քալելով, որովհետեւ երկրի ձգողութիւնը մեզի եւ մեր բոլոր անդամներուն ծանրութիւն տուած ըլլալով, քալելու ատեն կը յոգնինք։
 
Երկիրը լուսինին վրայէն դիտուելով՝ 14 անգամ աւելի լուսաւոր կ'երեւի քան լուսինը երկրին վրայէն, որովհետեւ երկրին ծաւալը լուսինին ծաւալէն շատ աւելի ըլլալով, բնականաբար աւելի լոյս կ'ընդունի եւ կը ցոլացնէ։