«Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 10.
[[1915]] թ. Հայոց Եղեռնի ժամանակ կը կորսնցնէ իր ծնողները։ Յոյն բարեկամ բժիշկ մը կը պատսպարէ չորս որբերը։ [[1916]]-ին տասնմէկամեայ Զաւէնը ռուսական նաւով կը մեկնի [[Պաթում]], ապա՝ [[Կրասնոտար]]։ Զինադադարէն ետք՝ [[1918]]-ին, Զաւէնը իր որբ ընկերներուն հետ կը հասնի Պոլիս, ապա՝ Արմաշի երկրագործական վարժարան։ Մէկ տարի ետք ընկերներուն հետ կ'որոշէ [[Հայաստան]] երթալ, բայց հազիւ տեղ հասեր էին, երբ թուրքերը կը գրաւեն [[Կարս]]ը։ Զաւէնն ու իր որբ ընկերները թափառական, անպատսպառ ու ցրտահար օրեր կ'անցընեն։ Ի վերջոյ՝ [[1920]]-ին կրկին կը վերադառնան Պոլիս, ուր Զաւէնը կը յաճախէ [[Կեդրոնական վարժարան]]։ Պոլսոյ որբանոցին մէջ Կենդրոնական վարժարան ուսանելու ժամանակ անոր առաջին ոտանաւորները կ'արժանանան [[Յակոբ Օշական]]ի եւ [[Վահան Թէքէեան]]ի ուշադրութեան։
 
[[1922]]-ին, Հայ գիւղատնտեսութեան միութեան աջակցութեամբ կ'անցնի ԱՄՆ, Քենզըս նահանգի երկրագործական գոլէճին մէջ ուսանելու։ Ուսաներ է նաեւ Նեպրասքայի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն մէջ։ Ստեղծագործեր է 15 տարեկանէն։ [[1924]]-ին Վահան Թէքէեանը կը խմբագրէ առանձին նամակներով ուղարկած Սիւրմէլեանի բանաստեղծութիւնները եւ [[Փարիզ]]ի մէջ իր միջոցներով կը հրատարակէ անոր հայերէն միակ բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Լոյս Զուարթ»-ը, որ այդ շրջանի հայկական բանաստեղծութեան լաւագոյն նմուշներէննմոյշներէն է։ ՅետագայինՀետագային գրեր է միայն անգլերէն։
 
[[1931]]-ին Սիւրմէլեանը Լոս Անճելըսի մէջ կը խմբագրէ «[[Armenian Messenger]]» շաբաթաթերթը։
Տող 16.
Սիւրմէլեանը ճանաչում ձեռք կը բերէ իր առաջին անգլերէնով գրուած վէպով՝ «Ձեզ կը դիմեմ, Տիկնայք եւ Պարոնայք Ձեզ կը դիմեմ, Տիկնայք եւ Պարոնայք», որ ինքնակենսագրական բնոյթ կը կրէ եւ կը պատմէ Եղեռնի մասին տասնամեայ Զաւէնին աչքերով։ Վէպը հրատարակուեր է [[1945]]-ին։
 
Սիւրմէլեանը հեղինակ է նաեւ «98.6°» վէպին ([[1950]])։ Այս վէպը կ'առանձնանայ հերոսներու ներաշխարհի նուրբ վերլուծութեան վարպետութեամբ։ [[1964]]-ին [[Անգլիա|Անգլիոյ]] մէջ կը տպագրուի Սիւրմէլեանի «[[Սասնայ Ծռեր]]» ստեղծագործութիւնը, իսկ [[1968]]-ին «Անմահութեան խնձորները», որը հայ ժողովրդական աւանդավէպերու հաւաքածու է։ Այս երկու ստեղծագործութիւնները հովանաւորած է ԵՈՒՆԻՍԿՕ-ն՝ որպէս հայ ժողովուրդի ստեղծագործութեան կարեւոր նմուշներ։նմոյշներ։ 1968-ին կը հրատարակուի նաեւ Սիւրմէլեանի գրականագիտական «Techniques of Fiction Writing» աշխատութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը գործածուի համալսարաներուն մէջ, որպէս դասագիրք վիպագրական արուեստի։
 
[[1958]] - [[1969]]-ին անգլերէն գրականութիւն դասախօսեր է Քալիֆորնիոյ համալսարանի եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ։