«Արեգակնային Դրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
'''Արեգակնային դրութիւն''', բաղկացած է արեւէն եւ անոր շուրջը դարձող երկնային մարմիններէն, ներառեալ Երկիրն ու այլ մոլորակները: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ նաեւ այլ փոքր մարմիններ ՝ գաճաճ մոլորակներ, երկնաքարակերպեր, եւ գիսաստղեր, ինչպէս նաեւ՝ կազի եւ փոշիի բարակ ամպ, որ ծանօթ է միջմոլորակային միջավայր անունով: Կան նաեւ մոլորակներուն արբանեակները, որոնց թիւը կը հասնի 150-ի եւ ծանօթ են լուսնակներ անունով:Սակայն արեգակնային դրութեան ամենամեծ մարմինն ու կեդրոնը կը համարուի Արեւը, որու ճառագայթները լոյս եւ ջերմութիւն կը սփռեն եւ կեանքը կարելի կը դարձնեն Երկրի վրայ: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ ութ մոլորակներ, [[Արեւ]]էն իրենց հեռաւորութեան հետեւեալ դասակարգումով՝ [[Փայլածու]], [[Արուսեակ]], [[Երկիր]], [[Հրատ]], [[Լուսնթագ]], Երեւակ, [[Ուրան]] եւ [[Նեպտիւն]] (Պոսիդոն):
 
[[Պատկեր:Solar sys8.jpg|մինի|ձախից|Արեգակնային դրութիւն]]
Տող 87.
Կարելի է զայն տեսնել Երկրագունդէն:
 
== Նեպտիւն (Պոսիդոն) ==
[[Պատկեր:Neptune - Voyager 2 (29347980845) flatten crop.jpg|մինի|աջից|Նեպտիւնը՝Նեպտիւնը (Պոսիդոնը)՝ նկարահանուած Voyager 2-էն, 1989-ին:|alt=]]
Նեպտիւնը (''Neptune'') Արեգակնային դրութեան ութներորդ մոլորակն է: Արեւէն 1110 միլիոն փարսախ կամ 4440 միլիոն քիլոմեթր հեռու ըլլալուն հետեւանքով, երկրի վրայ եղած ջերմութենէն 900 անգամ նուազ է իր ջերմութիւնը, եւ այդ պատճառով ահաւոր ցուրտ կը տիրէ հոն։ Գիշեր ցերեկ խաւար է հոն եւ եթէ Արեւը իր վրայէն դիտուի փոքր աստղի մը չափ կ'երեւի։ Մէկ արբանեակ ունի եւ 165 տարուան ընթացքին կը դառնայ Արեւուն շուրջ. հետեւաբար, իւրաքանչիւր եղանակ 4 տարի կը տեւէ, Ունի 41 տարի տեւող ամառ մը, որ սակայն մեր ձմեռէն աներեւակայելիօրէն ցուրտ է։
Նեպտիւնը (''Neptune'') Արեգակնային դրութեան ութներորդ մոլորակն է:
Արեւէն 1110 միլիոն փարսախ կամ 4440 միլիոն քիլոմեթր հեռու ըլլալուն հետեւանքով, երկրի վրայ եղած ջերմութենէն 900 անգամ նուազ է իր ջերմութիւնը, եւ այդ պատճառով ահաւոր ցուրտ կը տիրէ հոն։ Գիշեր ցերեկ խաւար է հոն եւ եթէ Արեւը իր վրայէն դիտուի փոքր աստղի մը չափ կ'երեւի։ Մէկ արբանեակ ունի եւ 165 տարուան ընթացքին կը դառնայ Արեւուն շուրջ. հետեւաբար, իւրաքանչիւր եղանակ 4 տարի կը տեւէ, Ունի 41 տարի տեւող ամառ մը, որ սակայն մեր ձմեռէն աներեւակայելիօրէն ցուրտ է։
Անիկա յայտնաբերուած է 1846-ին: