«Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/06-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «250px|մինի|աջից|Արեգակնային դրութիւն '''Արեգակնային Դրութիւն|Արեգակնային դրութիւ...»:
 
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Solar sys8.jpg|250px|մինի|աջից|Արեգակնային դրութիւն]]
'''[[Արեգակնային Դրութիւն|Արեգակնային դրութիւն]]''', բաղկացած է արեւէն եւ անոր շուրջը դարձող երկնային մարմիններէն, ներառեալ Երկիրն ու այլ մոլորակները: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ նաեւ այլ փոքր մարմիններ ՝ գաճաճ մոլորակներ, երկնաքարակերպեր, եւ գիսաստղեր, ինչպէս նաեւ՝ կազի եւ փոշիի բարակ ամպ, որ ծանօթ է միջմոլորակային միջավայր անունով: Կան նաեւ մոլորակներուն արբանեակները, որոնց թիւը կը հասնի 150-ի եւ ծանօթ են լուսնակներ անունով:Սակայն արեգակնային դրութեան ամենամեծ մարմինն ու կեդրոնը կը համարուի Արեւը, որու ճառագայթները լոյս եւ ջերմութիւն կը սփռեն եւ կեանքը կարելի կը դարձնեն Երկրի վրայ: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ ութ մոլորակներ, [[Արեւ]]էն իրենց հեռաւորութեան հետեւեալ դասակարգումով՝ [[Փայլածու]], [[Արուսեակ]], [[Երկիր]], [[Հրատ]], [[Լուսնթագ]], Երեւակ, [[Ուրան]] (Ուրանոս) եւ [[Նեպտիւն]] (Պոսիդոն):
 
Բացի Արեւէն եւ Լուսինէն, կարգ մը մոլորակներ կարելի է տեսնել առանց աստղադիտակի: