«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/06-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «* Յունաստանի կառավարութեան որոշումով, Պսակաձեւ ժահրի համավարակի պատճառով աւելի քան երկու ամիսնե...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

06:05, 1 Յունիս 2020-ի տարբերակ

  • Յունաստանի կառավարութեան որոշումով, Պսակաձեւ ժահրի համավարակի պատճառով աւելի քան երկու ամիսներու ստիպողական փակումէն ետք, Երկուշաբթի՝ 1 Յունիսէն սկսեալ, պիտի վերաբացուին Յունաստանի նախակրթարանները եւ մանկապարտէզները։
  • Միացեալ Նահանգներու Մինիսոթա նահանգի Մինիափոլիս քաղաքին մէջ ցուցարարներ հրկիզած են ոստիկանութեան շէնքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ ոստիկանութեան աշխատակիցները ուղղաթիռի միջոցով հեռացուած են շէնքի տանիքէն: Վնասուածներ չկան:
  • Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի վերսկսի յառաջիկայ 20 Յունիսին․ այդ դադրեցաւ նախորդ 13 Մարտին: Իսկ վերսկսելու պարագային, հանդիսատեսներուն մարզադաշտ մուտքը արգիլուած է:
  • Փորթուկալի խորհրդարանը Ապրիլ 26-ին ընդունած է բանաձեւ` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ըստ ընդունուած բանաձեւին՝ 1915-ի Ապրիլ 24-ին երիտթուրքերու կառավարութեան հրամանով բանտարկուած, ապա սպանուած են շուրջ 250 հայ մտաւորականներ եւ հասարակական առաջնորդներ: Կ'արձանագրուի, որ 800 հազարէն մինչեւ 1,5 միլիոն հայեր ցեղասպանութեան զոհ դարձած են: