«Սահարա Անապատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 8.
 
Սահարայի մակերեսին 25 տոկոսէն աւելին պատուած է աւազէ սաւաններով ու աւազաբլուրներով։ Լայնատարած են լեռնային աւազաթումբերը, որոնք կրնան հասնիլ մինչեւ 333 Մ. բարձրութեան։ Հակառակ ընդունուած պատկերացումներուն՝ աւազաբլուրները կը կազմեն անապատին շուրջ քառորդ մասը միայն։ Անիկա մեծ մասամբ կազմուած է քարքարոտ բարձրաւանդակներէ, չոր դաշտավայրերէ եւ Աղահանք պարունակող հարթ տարածութիւններէ։ Առաջին նայուածքով կը թուի, թէ մեծ թիւով մարդոց կամ անասուններու ապրելու համար պայմանները բաւարար չեն՝ յատկապէս ջերմաստիճանի տատանումները հաշուի առնելու պարագային (գիշերային ջերմաստիճանը ըստ Ֆերընհայթի՝ 21°(-6 °C), ցերեկները որոշ տեղեր կը հասնի ըստ Ֆերընհայթի՝ 136°(58 °C)։ Այնուամենայնիւ, մօտաւորապէս երկուքուկէս միլիոն հոգի (ինչպէս նաեւ մեծ թիւով շնագայլեր, ճագարամուկեր, եղջիւրաւոր իժեր եւ այծքաղներ) այս անապատը հաճոյքով կը համարեն իրենց տունը։
Սահարային տարածքը օրէ օր կ'ընդարձակի: Վերջին հարիւրամեակին ընթացքին անոր չափերը աւելացած են 10 տոկոսով:Անապատին ընդարձակումը հետազօտած են արբանեակային տուեալներու օգնութեամբ, որոնք հաւաքագրուած են ամբողջ Ափրիկէէն, 1920-2013 թուականներուն ընթացքին:Գիտական խումբը կը նշէ, թէ եթէ կլիմայի փոփոխութիւնները շարունակուին, ապա Սահարայի դանդաղ ընդարձակումը կը շարունակուի:<ref>[https://www.panorama.am/am/news/2018/03/31/%D5%8D%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D6%80%D5%A1-%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D5%BF/1927159 Տարածքին ընդարձակումը]</ref>
 
== Սահարայի կլիմայական պայմաններ ==
Սահարան աչքի կը զարնէ արեւադարձային օդի ծայրահեղ չորութեամբ։ Սահարան աշխարհի ամենատաք վայրերէն մէկն է։ Յուլիսին հոս տիրապետող կը դառնայ +30° իզոթերմը։ Այդ նոյն ժամանակաշրջանին արեւմուտքի անապատի զգալի մասը կը գտնուի 35° իզորթերմի տակ։ Սահարան կ'առանձնանայ նաեւ անձրեւազուրկ եղանակով։ Տեղումները բացառիկ քիչ են, կեդրոնական մասին մէջ՝ շուրջ 3 միլիոն Քմ. տարածութեան վրայ տարեկան կը թափին 25 մ.մ. ոչ աւելի անձրեւներ։