«Պերլինի Վեհաժողով» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 7.
 
== Պերլինի դաշնադրութիւնը եւ հայերը ==
Պերլինի դաշնադրութեան մէջ Սան-Ստեֆանոյի պայմանագրի 16-րդ յօդուածի փոխարէն մտցուած է նոր յօդուած՝ 61-րդը, ուր ըսուած էր հետեւեալը. «<nowiki/>[[Բարձր Դուռ|Բարձր Դուռը]] յանձն կ՚առնէ հայաբնակ վայրերուն մէջ անյապաղ իրագործել տեղական պահանջներէն բխող բարեփոխումներ եւ ապահովել հայերու անվտանգութիւնը քուրտերէն ու չերքեզներէն։ Այդ նպատակով ձեռնարկուած միջոցառումներու մասին ան պարտաւոր է պարբերաբար հաղորդել պետութիւններուն, որոնք պէտք է հսկեն անոնց գործադրութիւնը»։ Սակայն այդ յօդուածի իրագործման հսկողութիւնը դրուած էր վեհաժողովի մասնակից բոլոր պետութիւններու վրայ, որ վերջիններուս հնարաւորութիւն կու տար միջամտելու [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] ներքին գործերուն։ Վեհաժողովը կը պարտաւորեցնէր Ռուսաստանին իր զօրքերը անյապաղ դուրս բերել գրաւուած տարածքներէն եւ ոչ մէկ երաշխիք կու տար 61-րդ յօդուածի կենսագործման համար։ Բացի այդ, «Հայաստան» բառը կը փոխարինուէր «Հայկական մարզեր» եւ «Հայաբնակ վայրեր» բառակապակցութիւններով։ Այսինքն՝ օսմանեան կողմը կ՚ազատէր այդ երկրամասը հայերու հայրենիք ընդունելու Սան-Ստեֆանոյի պայմանագրի ձեւակերպումէն։ձեւակերպումէն<ref>[http://www.noravank.am/upload/pdf/33_ru.pdf Կիրակոսfան Ա.Ջ. Հայկական հարցը եu հայերի ցեղասպանութjւնը (պատմաիրաuական եռալեզու տեղեկանք). - Եր.։ «Նորավանք» ԳԿՀ, 2006. - 103 էջ:]</ref>։
 
Ռուսաստանին կ՚անցնէր [[Կարս|Կարսի]] մարզը, իսկ [[Ալաշկերտ|Ալաշկերտն]] ու Բայազետը կը յանձնէին Թուրքիոյ։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
[[Ստորոգութիւն:Հայկական հարց]]
[[Ստորոգութիւն:1878 ժողովներ]]
[[Ստորոգութիւն:Թուրքիոյ պատմութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւն]]
[[Ստորոգութիւն:Պերլին]]
[[Ստորոգութիւն:Ժողովներ]]