«Առած եւ Ասացուածք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
(edited with ProveIt)
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 2.
'''Առածներն ու ասացուածքները''' ժողովուրդի բանաւոր ստեղծաքործութեան շատ հին եւ ամենատարածուած տեսակներն են: Իւրաքանչիւր ժողովուրդի խօսակցական լեզուին մէջ դարելու ընթացքին ստեղծուած ու գործուած են տասնեակ հազարաւոր առածներ ու ասացուածքներ, որոնցմէ շատերը մուտք են գործած նաեւ գրաւոր խօսքի՝ գրականութեան մէջ: Անոնց միջոցով թէ՛ բանաւոր եւ թէ՛ գրաւոր խօսքի մէջ մարդիկ իրենց միտքը աւելի արտայայտիչ ու տպաւորիչ կը դարձնեն:
 
Յիշենք քանի մը առածներ ու ասացուծներ: Օրինակ՝ «Մեղքը լալով, պարտքը տալով», «Սեւն օճառն ի՞նչ ընէ, խենթը խրատն ի՞նչ ընէ», «Ջուրն ինկողը անձրեւէն չի վախնար», «Այսօրուան հաւկիթը վաղուան հաւէն լաւ է»:
 
Այս օրինակները ցոյց կու տան որ առածներն ու ասացուածքները որոշակի միտք պարունակող, պատկերաւոր, բայց շատ կարճ եւ իմաստալից արտայայտութիւններ են:
 
Առածի ու ասացուածքի միջեւ կայ ե՛ւ նմանութիւն, ե՛ւ տարբերութիւն: Իրենց բովանդակութեամբ ու կառուցովածքով անոնք նման են, որովհետեւ երկուքնալ մեծ մասամբ պատկերաւոր եւ շատ կարճ ու իմաստալից արտայայտութիւններ կամ դարձուածքներ են . բայց եւ տարբեր են, որովհետեւ առածի արտայայտչական ձեւը այլաբանական է: Առածն այս կամ այն միտքը կ'արտայայտէ անուաղակի կերպով, որեւէ [[Այլաբանութիւն|այլաբանութեան]] միջոցով: Այսպէս օրինակ, երբ կ'ըսենք. «Յօնքը շտկելու տեղ, աչքը կը հանէ», ըսել կ'ուզենք որ ան օգուտ տալու փոխարէն վնաս կու տայ. կամ երբ կ'ըսենք.«Մէկ եզով արոր չ'ըլլար», ըսել կ'ուզենք որ մէկ մարդով գործը առաջ չ'երթար: Կարելի է յիշել նաեւ․
Տող 12.
* Խօսք ըսածդ կլոր է, խորհէ՛, վերջը գլորէ եւ այլն<ref>{{cite web | url=http://www.aztagdaily.com/archives/140425 | title=Հայկական Ժողովրդական Առածներ}}</ref>։
 
Իսկ ասացուածքի արտայայտչական ձեւը այլաբանական չէ, ան որեւէ միտք կ'արտայայտէ ուղղակի ձեւով, առանց այլաբանութեան: Օրինակ, երբ կ'ըսենք «Ամէն բանի սկիզբն է դժուար», կամ՝ «Լաւ սկիզբը յաղթանակի կեսն է», ապա այս արտայայտութիւններով ուղղակիօրէն կը հասկնանք այն, ինչ պարզորոշ կերպով կ'ըսուի:
 
Թէ՛ առածները եւ թէ՛ ասացուածքները մեծ մասամբ խրախտական, [[Դաստիարակութիւն|դաստիարակչական]] իմաստ եւ նշանակութիւն ունին: Այսպէս օրինակ, իր մայրենի լեզուէն զատ ուրիշ լեզուներ սորվելու կարեւորութիւնը բագատրելու համար կ'ըսենք. «Քանի լեզու գիտես, այնքան մարդ ես». կամ անուսում ու տգէտ մնալու վնասակարութիւնը ցոյց տալու համար կ'ըսենք. «Ով ոչինչ գիտէ, ան ամէն սուտ բանի կը հաւատայ»:
Տող 18.
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
 
[[Կատեգորիա:Գրական ձեւեր]]