«Եպիսկոպոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Արտաքին յղումներ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (3) using AWB
No edit summary
Տող 1.
'''Եպիսկոպոս''', եկեղեցուեկեղեցւոյ Նուիրապետութեան բարձրագոյն աստիճանն է, վկայակոչուած [[Սուրբ Գիրք]]ով։ Առաքելական ժամանակներուն եպիսկոպոսները կը նշանակուէին եւ կը ձեռնադրուէին անմիջապէս Քրիստոսի առաքեալներէն՝ որպէս իրենց իրարայաջորդներ։ յունարէնէնՅունարէնէն թարգմանաբար եպիսկոպոս կը նշանակէ հսկիչ՝ վերէն նայող։
 
Եպիսկոպոսի իրաւունքները եկեղեցւոյ մէջ գրեթէ անսահմանափակ են (կը սահմանափակուին միայն եկեղեցական ժողովներով կամ կաթողիկոսի կողմէն)։ Անոնց վերապահուած է վարել կարեւորագոյն պաշտօնները եկեղեցական համակարգին մէջ, առաջնորդել հոգեւոր թեմերը, եկեղեցիներ օծել եւ ձեռնադրել ու օծել հոգեւորականներ։ Եպիսկոպոսի օծութիւնը անպայման տեղի կ՛ունենայ Ամենայն Հայոց [[Կաթողիկոս]]ի կողմէն։կողմէ։ Ի դէպ Կաթողիկոսի օծումն ալ իր հերթին տեղի կ՛ունենայ առնուազն 12 եպիսկոպոսի կողմէն։կողմէ։ Եպիսկոպոսը եկեղեցւոյ ճշգրիտ վարդապետութեան հետեւողն ու հաստատողն է։ Եպիսկոպոսութիւնը կը տրուի միայն կուսակրօն հոգեւորականներուն, ուստի իր առօրեայ հանդերձներով եպիսկոպոսը գրեթէ չի տարբերիր [[վարդապետ]]էն. տարբերութիւնը միայն [[սքեմ]]ի ներսի մանշակագոյն երիզներն են եւ պանակեն՝պանակէն՝ աստուածածնայ պատկերով հաւկթաձեւ զարդը կուրծքին։ Եպիսկոպոսի առօրեայ զգեստը յաճախ կ՛ըլլայ բաց գոյնի՝ սպիտակ, մոխրագոյն, մարմնագոյն, կապոյտ։ Ծիսական հանդերձներով, սակայն եպիսկոպոսը էականօրէն կը տարբերի [[քահանայ]]էն. նախ որ ուրարի փոխարէն կը կիրարկուի եմիփորոն՝ երկար ու լայն ուրար, զոր կը փաթաթենփաթթեն ուսերուն, պարանոցին եւ կը ծածկեն ամբողջ կուրծքը (ցոյց կու տայ, որ եպիսկոպոսն ամբողջովին յանձնառու է [[Քրիստոս]]ի լոյսին), թագի փոխարէն [[խույր|խոյր]]` բարձր սրածայր գլխանոց եւ եպիսկոպոսական գաւազան։
 
Վեհափառ Հայրապետին կողմէնկողմէ մեծ նպաստ ունեցած եպիսկոպոսներուն յատուկ կոնդակով, որպէս՝ պատուոյ նշան կը շնորհուի '''արքեպիսկոպոսի''' կոչում («արք» նախածանցը կը նշանակէ որպէս մեծ)։ Գործնականում ան ոչինչով կը տարբերի եպիսկոպոսէն։
 
Եպիսկոպոսին կ՛անուանեն՝ Սրբազան Հայր, իսկ գրաւոր կը դիմեն՝ ԳերշնորհԳերաշնորհ Սրբազան Հայր կամ օր. Գերաշնորհ ՏերՏէր ԱՆՈՒՆ եպիսկոպոս (կամ արքեպիսկոպոս) ԱԶԳԱՆՈՒն։ԱԶԳԱՆՈՒՆ։ Առօրեայ կեանքին մէջ կը դիմեն որպէս կուսակրօնի (Աստուծոյ օգնութիւնը մաղթելու սկզբունքով)` «Աստուած օգնական, Սրբազա՛ն Հայր»։
 
== Արտաքին յղումներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Եպիսկոպոս» էջէն