«Ոդիսական» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 12.
[[Պատկեր:Beginning Odyssey.svg|մինի|301x301փքս]]
Դրովադա քաղաք-պետութեան արքայազն Փարիս, կ՛առեւանգէ յունական Սպարտա պետութեան թագաւոր Մենելաոսի կնոջը՝ Հելլեն (էլենի)։ Հելլենը [[Զեւս]]ի դուստրն էր եւ ունէր առասպելական գեղեցկութիւն։ Անոր առեւանգումը կը դառնայ Դրոյեան պատերազմի պատճառ։ Պատերազմին յունական միացեալ զօրքերու հրամանատարը Աղամեմնոնն էր։ Յոյներու կողմէ պատերազմին կը մասնակցէին Աքիլլես ''Αχιλλέας'', Փաթրոքլոս ''Πάτροκλος'', հնարամիտ Ոդիսեւս ''Οδυσσέα'' եւ ուրիշներ։ Ոդիսեւսը իր հնարամտութեամբ վերջ կը դնէ Դրոյեան պատերազմին։ Անոր խորհուրդով կը պատրաստեն փայտէ մեծ ձի մը, որուն որուն մէջ կը թաքնուին յոյն զինելաներու լուրջ թիւ մը՝ Ոդիսեւսը անոնցմէ։ Ձին կը ձգէ քաղաքի դարպասներուն առաջ, իսկ յունական զօրքը կը թաքնուի հարեւան կղզիներուն մէջ, այդպիսով ձգելով տպաւորութիւն, որ յոյները ընդունած են իրենց պարտութիւնը եւ վերադարձած տուն։ Դրոյացիները փայտէ ձին ներս կը տանին, եւ կը տօնեն իրենց «յաղթանակը»։ Գիշերով, երբ խրախճանքէն հարբած դրոյացիները կը քնանան, յոյն զինիալները ձիէն դուրս կու գան, կը կոտորեն քաղաքի պահակազօրքը եւ կը բանան դարպասները։ Յունական զօրքը կը ներխուժէ Դրովադա, որու բնակչութիւնը կամ սուրի կը քաշուի, կամ կը գերուի։ Հինաւուրց քաղաքը կրակի կը մատնուի եւ կ՛աւերուի։ Հելլեն կը վերադարձուի ամուսնոյն, իսկ յոյները տուն կը մեկնին հսկայական աւարով։
[[Պատկեր:Arnold Böcklin 008.jpg|մինի|281x281փքս|Ոտիսեւս եւ ՔալիփսօՔալիփսօ․ գործ՝Arnold Boecklin (1827-1901)]]
10 տարի Ոդիսեւսը մասնակցած է դրոյեան պատերազմին։ 10 տարի ալ կը տեւէ անոր տուն դարձը,յ հայրենիք՝ Իթաքի կղզի։
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ոդիսական» էջէն