«Սամուէլ Տօքթօրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 4.
Տօքթօրեան ծնած էր [[Պէյրութ]] 1930-ին ջարդէն ազատած ծնողներու։ Երբ վեց տարեկան էր, ծնողները կը տեղափոխուին [[Երուսաղէմ]], ուր կ՜ապրին մինչեւ 1948 թուական։ Ինը տարեկան հասակին, Տօքթօրեան կը նուիրուի [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] ՝ այն վայրին մէջ ուր մահացաւ Յիսուսը՝ որ կը կոչուի Գողգոթա՝ Երուսաղէմի մօտ։ Գալով աղքատ ընտանիքէ մը, 14 տարեկան հասակին չկարողանալով շարունակել ուսումը, կը սկսի աշխատիլ կօշիկի արտադրութեամբ Հին Երուսաղէմի արհեստանոց մը մէջ։ Բայց որոշելով իր կեանքը նուիրել քրիստոնէական քարոզչութեան ձգելով աշխատանքը: 1948 թուականի Արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, կը կորսնցնէ ամէն ինչ եւ փախստական կը վերադառնայ [[Լիբանան]]:
 
ԱՆ 16 տարեկան հասակին կը ճամբորդէ Կլասկօ, Սքոթլանտա ուսումնասիրելով աստուածաբանութիւն քաղաքի մերձակայքը գտնուող Հուրլեթ Նազարէ քոլէճի մէջ: Աստուածաբանութիւն աւարտելէ ոտքետք 1951-ին կը ձեռնադրուի պատուելի: ՎերադարնալովՎերադառնալով Միջին Արեւելք կը վարէ աւետարանական ծառայութիւնըծառայութիւն Երուսաղէմի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուելով [[Յորդանան]]ի Ամման մայրաքաղաքը: Կ՜ամուսնանայ 1952 թուականի Ապրիլին, ՆոյէմիՆոյեմի Փաշկեանի հետ: Զոյգը կունենան հինգ զաւակներ:
 
1952-ի Հոկտեմբերին Սամուէլ Տօքթօրեան աւետարանչական աշխատանք կը տանի ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ գլխաւորաբար Սուրիա (Հալէպ, Դամասկոս), Լիբանան (Պէյրութ, Պուրճ Համուտ), Կիպրոս, Եգիպտոս առանց պատկանելու ոչ մէկ դաւանանքի, այլ Իբրեւ անկախ բողոքական-աւետարանական: Տեսիլքի մը արդիւնքով կը սկսի 1959-ին «Աստուածաշունչի Հող Առաքելութիւնը» (Bible Land Mission): Նա վերածնունդ կը քարոզէ աշխարհի աւելի քան 125 երկիրներու մէջ՝ վեց մայր ցամաքամասերու մէջ: Բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ հսկայական ծախսերով Աւետարանը կը քարոզէ ամէնամեծ բողոքական դաւանանքի եկեղեցիներու մէջ, ինչպես նաեւ ատենէ ատեն բազմաթիւ կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու մէջ ալ: Իր հաղորդագրութիւնները կը ներկայացնեն իր առաքելութիւնները եւ անձնական փորձառութիւնները պատկերազարդ նմարներով։ Սամուէլ Տօքթօրեան նաեւ կը կատարէ շարք մը բժշկութիւններ: 1960-ական թուականներէն լոյս կ՜ընծայէ Պէյրութի մէջ «Աւետարանիչ» պարբերականին,<ref>[http://digilib.aua.am/book/2026/2481/19638/?section=53&lang=en Digilib.aua.am Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր՝ Չյիշատակուած թերթեր]</ref> ուր իր քարոզներէ զատ նաեւ կ՜արձագանքէ իր միջազգային միսիոնարական գործունէութեան։ 1988-ին հրապարակած "The Angels of the Five Continents" գիրքին մէջ կ՜ընէ շարք մը միջազգային տեսիլքներ իրեն փոխանցուած հինգ հրեշտակներու կողմէ։<ref>[https://trumpetcall.co.za/res/newsletters/trumpetnet/2009-03-03-193-the-angels-of-the-five-continents-samuel-doctorian.pdf Trumpetcall: Prophecy: The Five Angels of the Continents]</ref>