«Սամուէլ Տօքթօրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 8.
1952-ի Հոկտեմբերին Սամուէլ Տօքթօրեան աւետարանչական աշխատանք կը տանի ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ գլխաւորաբար Սուրիա (Հալէպ, Դամասկոս), Լիբանան (Պէյրութ, Պուրճ Համուտ), Կիպրոս, Եգիպտոս առանց պատկանելու ոչ մէկ դաւանանքի, այլ իբրեւ անկախ բողոքական-աւետարանական: Տեսիլքի մը արդիւնքով կը սկսի 1959-ին «Աստուածաշունչի Հող Առաքելութիւնը» (Bible Land Mission):
 
Կունենայ հսկայական աշխատանք միջազգային գետնի վրայ։ Ան քրիստոնէական վերածնունդ կը քարոզէ աշխարհի աւելի քան 125 երկիրներու մէջ՝ վեց մայր ցամաքամասերու վրայ (Ասիա, Ափրիկէ, Եւրոպա, Աւստրալիա, Հիւսիսային Ամերիկա, Հարաւային Ամերիկա): Բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ հսկայական ծախսերով Աւետարանը կը քարոզէ ամէնամեծ բողոքական դաւանանքի եկեղեցիներու մէջ, ինչպես նաեւ ատենէ ատեն կարգ մը կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու մէջ ալ: Իր հաղորդագրութիւնները կը ներկայացնեն իր առաքելութիւնները եւ անձնական փորձառութիւնները մանրամասն տեղեկագրերով եւ պատկերազարդ նկարներով։ Սամուէլ Տօքթօրեան նաեւ կը կատարէ շարք մը բժշկութիւններ: 1960-ական թուականներէն լոյս կ՜ընծայէ Պէյրութի մէջ «Աւետարանիչ» պարբերականին,<ref>[http://digilib.aua.am/book/2026/2481/19638/?section=53&lang=en Digilib.aua.am Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր՝ Չյիշատակուած թերթեր]</ref> ուր իր քարոզներէ զատ նաեւ կ՜արձագանքէ իր միջազգային միսիոնարական գործունէութեան։ 1988-ին հրապարակած "The Angels of the Five Continents" գիրքին մէջ կ՜ընէ շարք մը միջազգային տեսիլքներ իրեն փոխանցուած հինգ հրեշտակներու կողմէ։<ref>[https://trumpetcall.co.za/res/newsletters/trumpetnet/2009-03-03-193-the-angels-of-the-five-continents-samuel-doctorian.pdf Trumpetcall: Prophecy: The Five Angels of the Continents]</ref> Կունենայ ձայնասփիւռի քրիստոնէական յաղորդումներ, քրիստոնէական գիրքեր ու գրքոյքներ, երիզներ եւ վիտէօ-երիզներ, The Evangelist պաբերաթերթը տարբեր լեզուներով։ Կը ձեռնարկէ լայնածաւալ բարեսիրական աշխատանքներու աղքատ խաւերու, տարբեր երկիրներու մէջ։
 
Կը փոխադրուի Քալիֆորնիա։ 1988-ին հրապարակած "The Angels of the Five Continents" գիրքին մէջ կ՜ընէ շարք մը միջազգային տեսիլքներ իրեն փոխանցուած հինգ հրեշտակներու կողմէ։<ref>[https://trumpetcall.co.za/res/newsletters/trumpetnet/2009-03-03-193-the-angels-of-the-five-continents-samuel-doctorian.pdf Trumpetcall: Prophecy: The Five Angels of the Continents]</ref> Կը մահանայ 19 Դեկտեմբերի 2016-ին, 86 տարեկան հասակին: