«Սամուէլ Տօքթօրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 4.
Տօքթօրեան ծնած էր [[Պէյրութ]] 1930-ին ջարդէն ազատած ծնողներու։ Երբ վեց տարեկան էր, ծնողները կը տեղափոխուին [[Երուսաղէմ]], ուր կ՜ապրին մինչեւ 1948 թուական։ Ինը տարեկան հասակին, Տօքթօրեան կը նուիրուի [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] ՝ որ կը կոչուի Գողգոթա՝ Երուսաղէմի մօտ այն վայրին մէջ ուր մահացաւ Յիսուսը։ Գալով աղքատ ընտանիքէ մը, 14 տարեկան հասակին չկարողանալով շարունակել ուսումը, կը սկսի աշխատիլ կօշիկի արտադրութեամբ Հին Երուսաղէմի արհեստանոցի մը մէջ։ Բայց որոշելով իր կեանքը նուիրել քրիստոնէական քարոզչութեան ձգելով աշխատանքը: 1948 թուականի Արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, կը կորսնցնէ ամէն ինչ եւ փախստական կը վերադառնայ [[Լիբանան]]:
 
ԱՆ 16 տարեկան հասակին կը ճամբորդէ Կլասկօ, Սքոթլանտա [[աստուածաբանութիւն]] ուսանելու քաղաքի մերձակայքը գտնուող Հուրլեթ Նազարէն քոլէճի մէջ (Hurlet Nazarene College): ԱստուածաբանութիւնԱստուածաբանութեան ճիւղը աւարտելէ ետք 1951-ին կը ձեռնադրուի պատուելիվերապատուելի: Վերադառնալով Միջին Արեւելք, կը վարէ աւետարանչական ծառայութիւն Երուսաղէմի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուելով [[Յորդանան]]ի Ամման մայրաքաղաքը: Կ՜ամուսնանայ 1952 թուականի Ապրիլին, Նոյեմի Փաշկեանի հետ: Զոյգը կունենան հինգ զաւակներ:
 
1952-ի Հոկտեմբերին Սամուէլ Տօքթօրեան աւետարանչական աշխատանք կը տանի ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ գլխաւորաբար Սուրիա (Հալէպ, Դամասկոս), Լիբանան (Պէյրութ, Պուրճ Համուտ), Կիպրոս, Եգիպտոս առանց պատկանելու ոչ մէկ դաւանանքի, այլ իբրեւ անկախ բողոքական-աւետարանական: Տեսիլքի մը արդիւնքով կը սկսի 1959-ին «Աստուածաշունչի Հող Առաքելութիւնը» (Bible Land Mission):