«Սամուէլ Տօքթօրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 8.
1952-ի Հոկտեմբերին Սամուէլ Տօքթօրեան աւետարանչական աշխատանք կը տանի ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ գլխաւորաբար Սուրիա (Հալէպ, Դամասկոս), Լիբանան (Պէյրութ, Պուրճ Համուտ), Կիպրոս, Եգիպտոս առանց պատկանելու ոչ մէկ դաւանանքի, այլ իբրեւ անկախ բողոքական-աւետարանական: Կը հիմնէ Կենաց վարժարանը, որբանոց ու Բեթել կեդրոնը Լիբանանի մէջ։ 1960-ական թուականներէն լոյս կ՜ընծայէ Պէյրութի մէջ «Աւետարանիչ» պարբերականը։<ref>[http://digilib.aua.am/book/2026/2481/19638/?section=53&lang=en Digilib.aua.am Հայ մամուլի մատենագիտական գործեր՝ Չյիշատակուած թերթեր]</ref>
 
Տեսիլքի մը արդիւնքով կը հիմնէ 1959-ին «Աստուածաշունչի Հող Առաքելութիւնը» (Bible Land Mission): Կեդրոնը կը գտնուի Գեթսեմանի Պարտէզի մօտ։ ԵրկառատեւԵրկարատեւ տարիներ, Վերապատուելի Տօքթօրեանը կունենայ հսկայական աւետարանչական աշխատանք միջազգային գետնի վրայ։ Ան քրիստոնէական վերածնունդ կը քարոզէ աշխարհի աւելի քան 125 երկիրներու մէջ՝ վեց մայր ցամաքամասերու վրայ (Ասիա, Ափրիկէ, Եւրոպա, Աւստրալիա, Հիւսիսային Ամերիկա, Հարաւային Ամերիկա): Բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ հսկայական ծախսերով Աւետարանը կը քարոզէ ամէնամեծ բողոքական դաւանանքի եկեղեցիներու մէջ, ինչպես նաեւ ատենէ ատեն կարգ մը կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու մէջ ալ: Իր հաղորդագրութիւնները կը ներկայացնեն իր առաքելութիւնները եւ անձնական փորձառութիւնները մանրամասն տեղեկագրերով եւ պատկերազարդ նկարներով։ Սամուէլ Տօքթօրեան նաեւ կը կատարէ շարք մը բժշկութիւններ: Պէյրութի մէջ հրատարակած «Աւետարանիչ» պարբերականին մեջ իր քարոզներէ եւ եկեղեցական լուրերէ ու ծանուցումներէ զատ նաեւ կ՜արձագանքէ իր միջազգային միսիոնարական գործունէութեան տարբեր երկիրներու մէջ։
 
1988-ին հրապարակած «The Angels of the Five Continents» գիրքին մէջ կ՜ընէ շարք մը միջազգային տեսիլքներ իրեն փոխանցուած հինգ հրեշտակներու կողմէ։<ref>[https://trumpetcall.co.za/res/newsletters/trumpetnet/2009-03-03-193-the-angels-of-the-five-continents-samuel-doctorian.pdf Trumpetcall: Prophecy: The Five Angels of the Continents]</ref> Իր կենսագրական գիրքը՝ «The Life Story of Samuel Doctorian Begins at Calvary» կարժանանայ բազմաթիւ վերահրատարակումներու աւելի քան 10 լեզուներով։<ref>[http://www.biblelandmission.org/resources/program.pdf Bible Land Mission: Giving Glory to God - the Life of Samuel Doctorian]</ref> Կունենայ ձայնասփիւռի քրիստոնէական յաղորդումներ, կը հրատարակէ քրիստոնէական գիրքեր ու գրքոյկներ, քասէթ-երիզներ եւ վիտէօ-երիզներ, «The Evangelist» պաբերաթերթը տարբեր լեզուներով։ Կը ձեռնարկէ լայնածաւալ բարեսիրական աշխատանքներու աղքատ խաւերու օգնելով, տարբեր երկիրներու մէջ։