«Գէորգ Յաբէթեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
 
Տող 9.
1912-ին [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլսոյ]] մէջ կը մասնակցի հայկական Բ. ողիմպիականին եւ կը շահի հարիւր մեթր վազքի եւ մէկ քայլ ոստումի առաջնութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ երեք քայլ ոստումի երկրորդութիւնը, 1 սանթիմեթր տարբերութեամբ։
 
1913-ին մէկ եւ երեք քայլ ոստումի մէջ առաջնութիւն կը շահի։շահի, Իսկիսկ 100 մեթրի մէջ՝ երկրորդութիւն։
 
1912-1913 իր խմբապետութեամբ կը կազմուի Իզմիրի հայկական խումբերէ զտուած ֆութպոլի մայր խումբ մը եւ տեղւոյն միջազգային մրցումներուն մասնակցելով կը հանդիսանայ առաջին։
 
1915-ին հայկական խումբը կը լուծուի եւ ան կը մասնակցի «Ալթա» ֆութպոլի խումբին, ուր մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, ստանալով «Verdun» մակդիրը։
 
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանը զինք կը նշանակէ խմբապետ։ Աղէտէն քանի մը օր առաջ կ'ապաստանի Աթէնք։ 1924-ին, երբ Մկրտիչ Մալումեան Աթէնք կու գայ, Յաբէթեանի հետ խորհրդակցելով Յունաստանի մէջ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին վարչութիւնը կը կազմեն եւ ան կը ստանձնէ ֆութպոլի եւ մարմնամարզի բաժիններու պատասխանատուութիւնը։
 
1937-ին կ'ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ. պաշտօն մը, զոր երկար տարիներ կը վարէ ձեռնհասօրէն։
 
1958-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ներկայացուցչական ժողովը զայն կ'ընտրէ շրջանի պատուակալ նախագահ։ 1978-ին ան կ'արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին։
 
1978-ին ան կ'արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին։
 
Կը մահանայ 2 Օգոստոս 1980-ին, Աթէնք։