«Հայաստան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 116.
Ն.Ք. 3-րդ դարու ընթացքին Մեծ Հայքէն կ՚անջատուին [[Ծոփք|Ծոփքի]] եւ Կոմմագենէի թագաւորութիւնները, ուր նոյնպէս կ՚իշխէին Երուանդունիները։ Անոնք կը հատեն սեփական դրամները, կը կառուցեն քաղաքներ ու բերդեր։ Հայաստանը կը կորսնցնէ միասնականութիւնը, որ վտանգ կըէ հանդիսանայ իր անկախութեան համար։ Ծայրագաւառներէն շատերը կ՚անցնին հարեւան պետութիւններու ազդեցութեան եւ գերիշխանութեան տակ։
 
Երուանդ Դ. Վերջինը (Ն.Ք. 220-201) [[Ախուրեան (գետ)|Ախուրեանի]] եւ [[Երասխ (գետ)|Երասխի]] գետախառնման մօտ հիմնադրած է [[Երուանդաշատ]] նոր մայրաքաղաքը, որմէ քիչ հիւսիս՝ [[Երուանդակերտ|Երուանդակերտը]] եւ [[Երուանդաւան|Երուանդաւանը]], իսկ Ախուրեանի աջ ափին՝ [[Բագարան]] աւանը։ Ն.Ք. 200-ին սելեւկեան զօրքերու աջակցութեամբ հայ զօրաւար Արտաշէսը տապալած է Երուանդ Դ.-ին եւ կարգուած Մեծ Հայքի կուսակալ։[[Պատկեր:Satellite image of Armenia in May 2003.jpg|մինի|աջից|300px|Արեւելեան Հայաստանի պատկերը՝ նկարահանուած ՆԱՍԱ-յի (ԱՄՆ) արբանեակէն։]]
 
==== Արտաշեսեաններու թագաւորութիւն ====
''Հիմնական յօդուած՝ [[Արտաշէսեաններու Թագաւորութիւն]]''
 
[[Մեծն Աղեքսանտր|Ալեքսանտր Մեծի]] մահէն ետք անոր կայսրութիւնը բաժնուած է քանի մը մասերու եւ անոր զօրաւարներէն մէկը՝ Սելեւկոս Նիկատորը, Ն.Ք. 3-րդ դարուն ստեղծած է պետութիւն մը, որ իրեն ենթարկած է նաեւ [[Մեծ Հայք|Մեծ Հայքը]]։ Ն.Ք. 190-ին սելեւկեան արքայ Անտիոքոս Գ. Մեծի բանակը հռոմէացիներու կողմէ ջախջախուած է [[Մագնեսիայի ճակատամարտ|Մագնեսիայի ճակատամարտին]]։ Առիթէն օգտուելով [[Արտաշէս Ա.|Արտաշէսը]] Մեծ Հայքի մէջ, իսկ Զարեհը [[Ծոփք|Ծոփքի]] մէջ իրենց յայտարարած են անկախ թագաւորներ։
 
Արտաշէս Ա-ն (Ն.Ք. 189-160) իրականացուցած է բազմաթիւ բարեփոխումներ, որոնք նպաստած են պետութեան տնտեսութեան զարգացման։ Ռազմական բարեփոխումներու շնորհիւ ան ընդարձակեց երկրի սահմանները եւ միաւորեց երկրէն անջատած ծայրագաւառները։ [[Արարատեան Դաշտ|Արարատեան դաշտի]] [[Խոր Վիրապ|Խոր վիրապ]] կոչուող վայրին մէջ հիմնուեցաւ [[Արտաշատ]] քաղաքը, որ ժամանակակիցներու կողմէ երբեմն կ՚անուանուէր «Հայկական Կարթագէն», քանի որ քաղաքի կառուցման վայրը ընտրած էր Հանիբալը։
 
Հայաստանը Արտաշէսեաններու օրոք հզօրութեան գագաթնակէտին հասաւ Արտաշէս Ա-ի թոռան՝ [[Մեծն Տիգրան|Տիգրան Մեծի]] օրոք (Ն.Ք. 95-55)։ Ան գրաւեց Ծոփքը, ուր կ՚իշխէր Զարեհի հետնորդ Արտանէսը եւ ազատագրեց պարթեւականներու տիրապետութեան տակ գտնուող հայկական հողերը, իսկ Ն.Ք. 83-ին՝ Սելեւկեաններու պետութիւնը եւ մայրաքաղաք [[Անտիոք|Անտիոքը]], որ ունէր աւելի քան կէս միլիոն բնակչութիւն։ Տիգրան Մեծի տէրութիւնը աւանդաբար ընդունուած է անուանել «Ծովից ծով Հայաստան»: Ի նշան հզօրութեան եւ աշխարհակալ պետութեան՝ Ն.Ք. 80-ին [[Հայկական Տաւրոս|Հայկական Տաւրոսի]] մատոյցներուն մէջ հիմնուեցաւ նոր մայրաքաղաք՝ [[Տիգրանակերտ|Տիգրանակերտը]], որ շրջափակուած էր բարձր բերդապարիսպներով։ Տիգրանակերտն ու Արտաշատը իրարու հետ կապուած էին «Արքունի ճանապարհ»-ով։ Ն.Ք. 69-ին մայրաքաղաքը գրաւեց հռոմէացի Լուկուլլոսի կողմէ՝ հայ-հռոմէական պատերազմի ընթացքին (Ն.Ք. 69-66)։ Ն.Ք. 66-ին Հայաստանը ծանր հաշտութեան պայմանագիր կնքեց, որու արդիւնքով Տիգրան Մեծը հրաժարեցաւ իր նուաճած հողերէն, եւ պարտաւորուեցաւ տարեկան 600 տաղանդ ռազմատուգանք վճարել եւ հարկ եղած պարագային Հռոմէական կայսրութեան օգնել զօրքով։
 
Տիգրան Մեծի որդի՝ [[Արտաւազդ Բ.]]-ի օրոք (Ն.Ք. 55-34) Հայաստանը դարձաւ հռոմէա-պարթեւական պատերազմի թատերաբեմ։ Մարկոս Կրասսօսի եւ Մարկոս Անտոնիոսի արշաւանքներու արդիւնքով Հայաստանը զգալիօրէն կորսնցուց իր ինքնուրոյնութիւնը. հայոց արքան ընտանիքի հետ գերուեցաւ, իսկ անոր յաջորդած քանի մը թագաւորները չկարողացան վերականգնել նախկին հզօրութիւնը։ Ք.Ե. 1-ին Արտաշէսեան հարստութիւնը վերացուեցաւ:[[Պատկեր:Satellite image of Armenia in May 2003.jpg|մինի|աջից|300px|Արեւելեան Հայաստանի պատկերը՝ նկարահանուած ՆԱՍԱ-յի (ԱՄՆ) արբանեակէն։]]
 
== Հայաստանի մեծ քաղաքներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հայաստան» էջէն