«Զապէլ Ասատուր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 41.
«[[Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան]]» հիմնադիրներէն էր։ Այս ընկերութիւնը գործած է մօտ 22 տարի, նպատակ ունենալով Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ աղջիկներու համար։
 
'''Սիպիլ''' [[1881]]-ին կամուսնանայ փաստաբան [[Կարապետ Տոնելեան]]ին հետ եւ միասին կը մեկնին գաւառները։ Իր առաջին ամուսինին մահէն ետք ([[1900]]), եկրորդերկրորդ ամուսնութեամբ մը ան իր կեանքը կը կապէ գրագէտ [[Հրանդ Ասատուր]]ի հետ։ Այնուհետետւ ամուսինին աշխատակցութեամբ կը հրատարակէ հայերէն քերականութեան եւ ընթերցանութեան դասագրքերու շարք մը՝ «Թանղարան» անունով։ Այս գիրքերը մեր վարռարաններուն մէջ գործածուած են մօտ քառորդ դար։
 
Սիպիլ եղած է հայերէն լեզուի արժէքաւոր ուսուցչուհի Պոլսոյ հայ դպրոցներուն մէջ, մասնաւորաբար Եսայեան վարժարան, որ աշխատած է 18 տարի շարունակ։
Տող 49.
Կը մեռնի [[1934]]-ին եւ կը թաղուի Պոլսոյ [[Շիշլի]]ի գերեզմանատունը։
 
Զապէլ Ասատուր գրել սկսած է շատ կանուխ, Սկիւտարի ճեմարանը աշակերտած տարիներուն։ Առաջին անգամ Սիպիլ ծածկանունը գործածած է [[1890]]-ին, «[[Մասիս]]» շաբաթաթերթի մէկ թիւին մէջ հրատարակած բանաստեղծութեան տակ։ Սիպիլ կը նշանակէ հեթանոսական դարերու աստուածուհի։
 
== Գործերը ==
* «[[Ցոլքեր]]»