«Հրանդ Ասատուր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Հրանտ Ասատուր}}
 
'''ՀրանտՀրանդ Ասատուր'''([[1862]]-[[1928]]թթ․), հայ բանասեր։բանասէր։ Տաճկահայ գրակէտգրագէտ-հրապարակախօս։
 
Ծնած է Կ․ [[Պոլսի]] [[1862]]–ի [[Օգոստոս|Օգոստոս]] [[10]]-ին։ Կրթութիւնն ստացած է «Մեզպուրեան Վարժարանի»ն եւ «Ռոպէրթ Գոլէճի»ն մէջ, որ աւարտելով [[1873]]-ին՝ նուիրուած է գրական-բանասիրական աշխատանքին։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսած են [[1879]]-ին «Պատանեկան ներշնչումներ» խորագրով։ Նոյն թուականին առանձին գիրքով լոյս տեսած է անոր «Սահմանադրութիւն Եւ Հայ Ժողովուրդը» գրքոյկը։ [[1881]]-ին մեկնած է [[Փարիզ]], ուրկէ աշխատակցած է «Մասիս» պարբերականին։ Հոն հետեւած է ու ստացած՝ իրաւաբանական ուսումն, ուր [[1884]]-ին ուսման շրջանն աւարտելով վերադարձած է Կ. Պոլիս։ Արաքս ստորագրութեամբ «[[Արևելք (օրաթերթ)|Արեւելք]]» օրաթերթին մէջ հրատարակած է իր փարիզեան տպաւորութիւնները «Կեանքը ի Ֆրանսիա» խորագրով։ [[1892]]-ին [[Գրիգոր Զօհրապ]]ի հետ խմբագրած է «Մասիս» գրական հանդէսը։ [[1898]]-[[1908]]-ին պաշտօնավարած է Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն ներս, որպէս՝ գրականութեան եւ [[Աշխարհաբար|աշխարհաբար]] լեզուի դասատու։ Իր տիկնոջ՝ Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլի) հետ կազմած է լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքեր՝ «Աշխարհաբարի Գործնական Քերականութիւն»ը եւ «Թանգարան» (տարրական, միջին եւ բարձրագոյն դասընթաց), որոնք արժանացած են մի քանի տպագրութեան։
Տող 9.
Մեր բոլորին պատի ու ծոցի օրացոյցներուն հրատարակիչներու գլխաւոր աղբիւրը ան է։ Հրանդ Ասատուր թարգմանած է Վ. Հիւկոյի «Դամրանակները»։
 
[[Կատեգորիա:Հայ բանասէրներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ Հրապարակախօսներ]]
[[Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արեւմտահայերէն յօդուածներ]]