«Հրանդ Ասատուր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Առանց խմբագրման ամփոփման
No edit summary
No edit summary
{{Արևելահայերեն|Հրանտ Ասատուր}}
 
'''Հրանդ Ասատուր''' ([[1862]]-[[1928]]թթ․), հայ բանասէր։ Տաճկահայ գրագէտ-հրապարակախօս։
 
Ծնած է Կ․ [[Պոլսի]] [[1862]]–ի [[Օգոստոս|Օգոստոս]] [[10]]-ին։ Կրթութիւնն ստացած է «Մեզպուրեան Վարժարանի»ն եւ «Ռոպէրթ Գոլէճի»ն մէջ, որ աւարտելով [[1873]]-ին՝ նուիրուած է գրական-բանասիրական աշխատանքին։ Գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսած են [[1879]]-ին «Պատանեկան ներշնչումներ» խորագրով։ Նոյն թուականին առանձին գիրքով լոյս տեսած է անոր «Սահմանադրութիւն Եւ Հայ Ժողովուրդը» գրքոյկը։ [[1881]]-ին մեկնած է [[Փարիզ]], ուրկէ աշխատակցած է «Մասիս» պարբերականին։ Հոն հետեւած է ու ստացած՝ իրաւաբանական ուսումն, ուր [[1884]]-ին ուսման շրջանն աւարտելով վերադարձած է Կ. Պոլիս։ Արաքս ստորագրութեամբ «[[Արևելք (օրաթերթ)|Արեւելք]]» օրաթերթին մէջ հրատարակած է իր փարիզեան տպաւորութիւնները «Կեանքը ի Ֆրանսիա» խորագրով։ [[1892]]-ին [[Գրիգոր Զօհրապ]]ի հետ խմբագրած է «Մասիս» գրական հանդէսը։ [[1898]]-[[1908]]-ին պաշտօնավարած է Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանէն ներս, որպէս՝ գրականութեան եւ [[Աշխարհաբար|աշխարհաբար]] լեզուի դասատու։ Իր տիկնոջ՝ Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլի) հետ կազմած է լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքեր՝ «Աշխարհաբարի Գործնական Քերականութիւն»ը եւ «Թանգարան» (տարրական, միջին եւ բարձրագոյն դասընթաց), որոնք արժանացած են մի քանի տպագրութեան։