«Շնչառութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 151.
 
Աւելի շատ բարձրութիւններու վրայ կը խախտուի մարդուն հոգեկան վիճակը. կ'առաջանայ ինքնահսկման եւ գիտակցութեան կորուստ։ Առանց թթուածինի սարքի այս պայմաններու մէջ գտնուիլն ու աշխատիլը անկարելի է։
 
=== Շնչառութիւնը խորքին մէջ ===
[[Պատկեր:Breathing_Resistance.svg|մինի|300x300փքս|Typical breathing effort when breathing through a diving regulator]]
Ջուրի խորութեան զուգընթաց ճնշումը կը բարձրանայ շուրջ 1 [[մթնոլորտ]] արագութեամբ՝ իւրաքանչիւր 10 մեթրի մէջ 100 քՊա-էն քիչ մը աւելի կամ 1 [[պար (միաւոր)]]։ Սուզորդներուն ջուրին տակ շնչած օդը կը գտնուի շրջապատի մթնոլորտային ճնշման տակ, հետեւաբար ունի բնախօսական եւ կենսաքիմիական հետեւանքներու բարդ շարք։
 
Ծովերու, ովկիանոսներու, լիճերու խորերը եւ հանքահորերու արեան եւ այլ հեղուկներու մէջ կը բարձրանայ թթուածինի եւ [[ազոտ]]ի լուծելիութիւնը։ Ազոտը արեան մէջ կը գտնուի լուծուած վիճակի մէջ։ Ի տարբերութիւն թթուածինի եւ [[ածխաթթու կազ]]ին, անիկա չի մասնակցիր նիւթափոխանակութեան գործընթացին։ Անոր դերը թթուածինը նոսրացնելն է, այլապէս գերթթուածնութեան պատճառով մարմնին մէջ կ'առաջանայ թթուածինային թունաւորում եւ շնչառութիւնը կը դժուարանայ։
 
Ջուրին խորերէն արագօրէն մակերես բարձրանալու ժամանակ արեան մէջ գերլուծուած կ'արտազատուի պղպջակներու ձեւով, կը խցանէ արյան անօթները եւ վտանգ կը հանդիսանայ մարդու կեանքին։ Այս վիճակը յայտնի է '''կեսոնային հիւանդութիւն''' (decompression sickness) անունով, որմէ խուսափելու համար 60-85 մ եւ աւելի խորութիւններու մէջ աշխատելու ժամանակ կ'օգտագործեն յատուկ սարք մը, որուն մէջ կազին կը խառնեն ազոտին մէկ մասը կամ ամբողջը կը փոխարինուի [[հելիում]] կազով։
 
Եթէ ճիշդ կերպով չկառավարուի, ապա ջուրին տակ սեղմուած կազեր շնչելը կը պատճառէ [[Սուզուելու խանգարումներ]], ինչպէս [[Թոքսային բարոխանգարում|թոքսային բարոխանգարումը]], [[Չփոխհատուցող հիւանդութիւն|չփոխհատուցող հիւանդութիւնը]], [[Ազոտային նարկոզ|ազոտային նարկոզը]] եւ [[Թթուածինային թունաւորում|թթուածինային թունաւորումը]]։ Ճնշման տակ գտնուող կազերու ազդեցութիւնը աւելի կը բարդանայ 1 կամ քանի մը այլ [[յատուկ կազային խառնուրդներ|յատուկ կազային խառնուրդներու]] օգտագործման պարագային։
 
Օդը կ'ապահովուի [[Սուզման կարգաւորիչ|սուզման կարգաւորիչով]], որ [[Սուզման մխոց|սուզման մխոց]]ին մէջ կը նուազեցնէ բարձր ճնշումը մինչեւ շրջապատող միջավայրի ճնշման մակարդակ։ [[Շնչառական կարգաւորիչներու ազդեցութիւն]]ը կարեւոր գործօն մըն է [[Սուզուելու տեսակ|սուզուելու տեսակին]] համապատասխան կարգաւորիչի ընտրութեան ժամանակ։
 
== Շնչառական անդամներու հիւանդութիւններ եւ անոնց կանխարգիլման ձեւերը ==
Շնչառութեան հիւանդութիւններ են [[Կուսմալուի շնչառութիւն]]ը, [[Պիոյի շնչառութիւն]]ը եւ [[Չէին-Ստոկսի շնչառութիւն]]ը։
 
Այլ շնչառական խանգարումներ են [[Կարճ շնչառութիւն]]ը, [[Աղմկոտ շնչառութիւն]]ը, [[Շնչականգ|շնչականգը]], [[Քնային շնչականգ|քնային շնչականգը]] (աւելի յաճախ՝ [[Քնային խափանիչ շնչականգ|քնային խափանիչ շնչականգը]]), [[Բերանային շնչառութիւն]]ը եւ [[Խռմփոց|խռմփոցը]]։ Շատերուն պատճառը շնչառական ուղիներու անանցանելիութիւնն է։ [[Հիպոպնէա|Հիպոպնէայի]] ժամանակ շնչառութիւնը բաւականին դանդաղ կ'ընթանայ, [[Հիպերպնէա|հիպերպնէայի]] ժամանակ՝ շատ արագ եւ խորունկ, որ կը հրահրուի աւելի մեծ քանակութեամբ թթուածինի պահանջքով, օրինակ՝ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան պարագային։ [[Գերօդափոխութիւն]] եւ [[թերօդափոխոխութիւն]] եզրերը նոյնպէս կը պատկանին համապատասխանաբար հիպո- եւ հիպերպնեային, սակայն անյարմար իրավիճակներու մէջ կամ ալ հիվանդութիւններու պարագային։Սակայն այս տարբերութիւնը միշտ չի պահպանուիր, ուստի այս եզրերը հաճախ փոխանակաբար կ'օգտագործուին<ref name="Dorlands">{{Citation|last1=Andreoli|first1=Thomas E.|last2=et. al.|publisher=Saunders|title=Dorland's Illustrated Medical Dictionary|edition=30th|pages=887, 891, 897, 900|location=Philadelphia, PA|url=http://dorlands.com/}}</ref>։
 
Շարք մը [[շնչառական քննութիւններ]] կրնան օգտագործուիլ հիւանդութիւններու ախտորոշման համար, ինչպէս՝ սննդական անհանդուրժողականութիւնը։ Աքուստիկ արհեստագիտական գործիքներ կ'օգտագործուին քիթին միջոցով օդի հոսքը ուսումնասիրելու համար<ref>{{citation|page=101|title=Functional Reconstructive Nasal Surgery|author1=E. H. Huizing|author2=J. A. M. de Groot|year=2003|isbn=978-1-58890-081-4}}</ref>։
 
Հիւանդ մարդուն քիթի եւ բերանի խոռոչէն հազալու, փռնկտալու, խօսելու եւ նոյնիսկ արտաշնչման ժամանակ դուրս կը թափին բազմաթիւ ջրային կաթիլներ, որոնք կը պարունակեն հիւանդաբեր [[մանրէ]]ներ։ Այդ մանրէները կրնան թափանցել առողջ մարդու մարմին օդակաթիլային ճանապարհով եւ առաջացնել շնչառական անդամներու բազմաթիւ հիւանդութիւններ, ինչպէս հարբուխը, թոքախտը, փողացաւը, տիֆթերիան եւ այլն։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==