«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/07-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
wiki
wiki
Տող 1.
* 25 Յուլիս 2020, Հինգշաբթիէն Ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին, ատրպէյճանամէտ եւ թրքամէտ խուլիկաններ յարձակած են [[Սան Ֆրանսիսքօ|Սան Ֆրանսիսքոյի]] Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանին եւ անոր կից գտնուող Հայ կեդրոնին վրայ։
* 24 Յուլիս 2020, Հազարաւոր թուրքեր մասնակցեցած են [[Ս. Սոֆիա տաճար (Կ. Պոլիս)|Այա Սոֆիայի]] մէջ՝ անոր թանգարանէ մզկիթի վերածուելէն ետք կատարուած առաջին նամազին, որուն իր ներկայութիւնը բերած է [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան։
* 23 Յուլիս 2020, «[[Ազդակ (օրաթերթ)|Ազդակ]]»-ի 13-րդ առցանց լսարանին դասախօսն էր փրոֆ. Անահիտ Տօնապետեան, իսկ նիւթն էր՝ «Կենսունակ արեւմտահայերէնի[[արեւմտահայերէն]]ի աշխարհագրութիւնը»։ Դասախօսը հաստատեց, լեզուի կանոնարկումի եւ կենսունականացման երեւոյթներու տարբերութիւնները մատնանշելով, որ կենսունականացման աշխատանքը կրնայ համակերպիլ սփիւռքեան այլազանութեան:
* 22 Յուլիս 2020, [[Հայաստան|Հայաստանի]] Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ 21 Յուլիսի երեկոյեան «Անվախ» դիրքի ուղղութեամբ թշնամիի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումը ձեռնարկած է հերթական յարձակումի: