«Հայկ Նահապետ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 23.
«Հաբեթի սերունդներու ցանկը սահմանած եւ առաջադրած է Մովսէս Խորենացին, որպէս Հին Կտակարանի ազգաբանութեան ցանկերուն այլընտրանք, որովհետեւ, Պատմահայրը կը բողոքէ. «Ս. գիրքը իւրայինները (հրեաները) զատելով իբրեւ իր սեփական ազգը՝ միւսները լքեց, իբրեւ արհամարհելի եւ իր կողմէ նշանակուելու անարժան…(աւելցնելով) մեր Հաբեթի սերունդները բոլորովին չկան»։ Խորենացի առաջադրած է ՝ Նոյի Հաբեթ որդիին ազգաբանութեան ցանկ մը, աւելցնելով, որ ան աւելի հաւաստի է, քան Ծննդոց բաժինի ցանկերը, քանի որ այնտեղ Հաբեթի սերունդները կը բացակային (Մ. Խորենացի, ՀՊ, էջ՝ 77-78)։ Ի տարբերութիւն իրմէ առաջ եւ ետք պատմութիւններ գրող պատմիչներու, Պատմահայրը կը թուարկէ, թէ Հաբեթի ազգաբանութիւնը ճշդելով, ինք ինչ աղբիւրներէ օգտուած է՝ Աբիւտենոս, Կեփաղիոն, յունարէն գրականութիւն, իսկ Հին Կտակարանի Ծննդոց բաժինի ազգանութեան ցանկերը որեւէ հաւաստի աղբիւրներ չունին։ Խորենացիէն սկսեալ, մեր բոլոր պատմիչները անփոփոխ ձգած են «Հաբեթէն սկսող ազգաբանութեան», այդ թուականին «Առաջին հայկեաններու»՝ Հայկէն մինչեւ Արա Գեղեցիկ» Հայկազունի առաջնորդներու ցանկը։
 
Ըստ Խորենացիի շարք մը հայոց ազնուական տոհմեր իրենց ակունքներուն սկիզբը կը համարեն Հայկ Նահապետը։ Անոնցմէ են [[Բզնունիներ]]ը, [[Խորխոռունի]]ները, [[Մանդակունի]]ները, [[Վահեւունի]]ները, [[Վարաժնունի]]ները, [[Առանշահիկ]]ները եւ այլն։ Ժամանակակից գիտնականներուն մէկ մասը ալ կը հրաժարի Հայկը դիտարկելէ իբրեւ զուտ առասպելական անձ մը եւ հակած է զինք ներկայացնելու իբրեւ հայոց թագաւոր, որ մեծ աւանդ ունեցած է հայկական արժեհամակարգին պահպանման եւ տարածման գործին մէջ<ref>Պ․Մ․Հերունի, ''Հայերը եւ հնագոյն Հայաստանը'', Երեւան 2006 </ref>։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==