«Նունէ Սարգսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Նունէ Սարգսեան''' (26 Մարտ 1954-ին, Երեւան, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ), Հայաստանի նախագահ Ար...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

11:48, 31 Յուլիս 2020-ի տարբերակ

Նունէ Սարգսեան (26 Մարտ 1954-ին, Երեւան, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ), Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կինը։ Արուեստաբան, գրող[1]:

Կենսագրութիւն

Նունէ Սարգսեանը ծնած է 26 Մարտ 1954-ին, Երեւան։ Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի ռոմանա-գերմանական լեզուներու բաժինը։ Աշխատած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու գիտահետազօտական հիմնարկին՝ Մատենադարանին մէջ։ Աւարտած է Լոնտոնի համալսարանի Գոլդսմիթս քոլեջը եւ ստացած արուեստի մագիստրոսի կոչում: Արուեստաբանութիւն ուսանած է նաեւ Լոնտոնի Սոթբիզ ինստիտուտին մէջ: Այնուհետեւ սորված է Ուեսթմինսթեր քոլեջի նկարչական բաժնին մէջ:

Հեղինակ է ժամանակակից արուեստի, մշակոյթի եւ երաժշտութեան գործիչներու մասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ ակնարկներու, որոնք տպագրուած են Հայաստանի, ԱՄՆ-ի, եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ: Կազմակերպած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ դասական երաժշտութեան համերգներ տարբեր համերգասրահներու մէջ:

Հեղինակ է երկու տասնեակից աւելի մանկական գիրքերու՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Անոր հեքիաթները լոյս տեսած են ոչ միայն արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով, այլ նաեւ՝ Արցախի, Գաւառի, Գիւմրիի բարբառներով:

Նունէ Սարգսեանը ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի կողմէ նշանակուած է երեխաներու իրաւունքներու արտակարգ պաշտպան:

Ստեղծագործութիւններ

Դեռեւս համալսարանական տարիներէն յօդուածներ կը գրէ արուեստի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի մասին, ինչպէս նաեւ հեքիաթներ ու պատմութիւններ երեխաներու համար: Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Նունէ Սարգսեանը կ՚արտայայտէ իր անսահման սէրը մանուկներուն հանդէպ: Անոր պատմութիւնները կը «քարոզեն» արդարութիւն, ազնուութիւն եւ բարութիւն, կը գրուին արեւելահայերէնով ու արեւմտահայերէնով, անգլերէնով ու ռուսերէնով, նաեւ՝ բարբառներով եւ որպէս նուէրներ՝ կը բաժանուին երեխաներուն[1]:

  • Թզուկ-մզուկ
  • Սադափ
  • Հերոսներ
  • Երեք վիշապներ
  • Վիշապ Նեսին
  • Նռան հատիկներ
  • Թագաւորն ու վիշապը
  • Քաչալ ոզնին
  • Թէ ինչպէս փղիկը ճիշտ շնչել սովորեց
  • Կափիղկա
  • Դաւիթ, Հայկ եւ Բազիլիսկուս
  • The Magic Buttons, ISBN 9780704373839

Ընտանիք

1978 -ին ամուսնացած է Արմէն Սարգսեանի հետ: Ունի երկու որդի՝ Վարդան եւ Հայկ Սարգսեանները, երեք թոռնիկ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

  1. 1,0 1,1 Մանկագիր Նունէ Սարգսեան. անգլերէնէն մինչեւ Ղարաբաղի բարբառ
  2. Writer and ambassador’s wife Nouneh Sarkissian on her journey from Soviet Armenia to London

Արտաքին յղումներ