«Հոգեգալուստ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Ingeborg Psalter 02f 1200.jpg|մինի|աջից|Հոգեգալուստ]]
'''Հոգեգալուստ''', [[քրիստոնէութեան]] գլխաւոր տօներէն՝ նուիրուած առաքեալներուն վրայ [[Ս. Հոգի]]ին «իջնելուն» կրօնական աւանդութեան։ Կը տօնուի [[Ս. Զատիկ]]էն 50 օր ետք (վերջինիս շարժականութեան համապատասխան՝ կը տատանի 10 [[Մայիս]]<nowiki/>էն 13 [[Յունիս]]<nowiki/>ի միջեւ)։ Հոգեգալուստը [[Մովսէս մարգարէ]]<nowiki/>ին Աստուծոյ [[տասը պատուիրաններ]]ու շնորհման յուդայական տօնին քրիստոնէական վերափոխումն է։ Պահպանելով հին տօնը՝ եկեղեցին անոր տուած է այլ մեկնաբանում մը, այդ օրը առաքեալները իբր թէ Ս. Հոգիէն ստացած են քրիստոնէութիւնը քարոզելու «մարգարէական շնորհ»ը եւ «մովսէսական օրէնքը» փոխարինուած է «աւետարանական օրէնքով»։ Հոգեգալուստը նուիրուած է նաեւ Ս. երրորդութեան (Հայր, Որդի եւ Ս. Հոգիի պաշտամունքին)։ [[Ս. Ներսէս Շնորհալի|Ներսէս Դ. Կլայեցի (Շնորհալի) կաթողիկոսի]] ([[1166]] -1973) սահմանած կարգին համաձայն՝ Հայոց եկեղեցին Հոգեգալուստը կը տօնէ մէկ շաբաթ շարունակ։
Հոգեգալուստը կը կոչուի նաեւ՝ Պենտեկոստէի օր.այդ օրը երբ Ս. Հոգին առաքեալներուն վրայ իջաւ, անոնք սկսան տարբեր լեզուներով խօսիլ:
Հոգեգալուստը տէրունական տօներուն լրումն է եւ ամբողջութիւնը: Հոգեգալուստը եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնն է, ճիշդ է, որ տաղաւար տօն մը չէ, բայց տաղաւար տօներէն նուազ կարեւոր չէ<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/440459 Տօնին խորհուրդը]</ref>:
== Ս. Հոգիին էջքը՝ առաքեալներուն վրայ ==
Նոր Կտակարանի Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ գրուած է.
{{քաղուածք|Հոգեգալստեան օրը առաքեալները Վերնատունը համախմբուած էին, ինչպէս որ Յիսուս պատուիրած էր իրենց, երբ յանկարծ երկինքէն ձայն մը կը հնչէ, սաստիկ հովէն եկած ձայնի մը նման եւ կը լեցնէ ամբողջ տունը: Անիկա Ս. Հոգիի ներկայութեան եւ զօրութեան ձայնն էր Վերնատան մէջ։ |}}Գործք 2:2
== Հոգեգալստեան պահեցողութիւն ==
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սահմանած՝ տարուա չորս եղանակներու պահքերէն ասիկա ամառնամուտի շաբաթապահքն է: Ինչպէս միւս եղանակներու պահքերը, եղիական պահքը եւս եկեղեցական որեւէ տօնի պատրաստութիւն մը չէ: Ըստ աւանդութեան` եղիական կը կոչուի միայն այն պատճառով, որ կը նախորդէ շաբաթապահքի յաջորդ կիրակիին` Ս. Եղիա մարգարէին յիշատակութեան տօնին: Ամառնային այս պահքը կը սկսի Հոգեգալստեան Կիրակիին յաջորդ օրը (պահքի բարեկենդանը Հոգեգալստեան Կիրակին է):Միւս պահքերուն նման, այս պահքը եւս կը տեւէ 5 օր` Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ<ref>[https://www.qahana.am/am/holidays/2015-05-24/1 Հոգեգալստեան տօն]</ref>:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}